14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
«Նորտիք Մոնիթըր» կայքը հրապարակեց գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը գաղտնաբար Թուրքիոյ սահմանին ճամբով Սուրիա փոխադրած է ժիհատական զինեալներ:
Կայքը կը նշէ, թէ 4 տարի առաջ տեղի ունեցած գաղտնի գործողութիւնը բացայայտուած էր, երբ թուրք ոստիկաններ կանչուած էին խուզարկելու համար փոխադրակառքեր, որոնք կ՛օգտագործուէին ժիհատական զինեալները Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ մէկ կէտէ դէպի այլ կէտ փոխադրելու:
Երկու էջերէ բաղկացած եւ ՄԻԹ-ի փոխնախագահ, այժմ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Հաքքի Մուսայի ստորագրութիւնը կրող փաստաթուղթը կը նշէ. «Սուրիա ժիհատականներ փոխադրելու տեղեկութիւնը պետական գաղտնիք է, եւ զայն պէտք չէ հրապարակել»:
Ժիհատականները Սուրիա փոխադրուած են 9 յունուար 2014-ին` ՄԻԹ-ի կողմէ վարձուած փոխադրակառքերով, որոնք թրքական Աքճաքալէ սահմանային անցքէն Սուրիա մուտք գործած են առանց խուզարկուելու, եւ առաւօտեան շուրջ ժամը 5:00-ին զինեալներուն ու զինամթերքին փոխադրակառքերէն դուրս բերուելէն ետք, վարողներուն հրամայուած է վերադառնալ Թուրքիա:
Վարիչները հետագային ձերբակալուած են ոստիկանութեան կողմէ, սակայն պնդած են, թէ որեւէ սխալ չեն գործած, այլ «պետութեան նկատմամբ իրենց պարտականութիւնը կատարած»: Անոնք նաեւ խոստովանած են, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը 72 ժիհատականներ փոխադրած է Սուրիոյ սահման` օժանդակելու համար այդտեղ գտնուող այլ ժիհատական խմբաւորումներուն:
«Նորտիք Մոնիթըր» կը նշէ, որ այդ հարցով հետաքննութիւն կատարող թուրք ընդհանուր դատախազ Մուսթաֆա Սերլին «անծանօթ պատճառներով պաշտօնազրկուած է»: Կայքը կ՛աւելցնէ. «Կը թուի, թէ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը չուզեց, որ ընդհանուր դատախազը աւելի խորանայ դատին մէջ եւ բացայայտէ այս գաղտնի գործողութեան ղեկավարման թրքական գաղտնի սպասարկութեան մեղսակցութիւն»:
Կայքը նաեւ կը նշէ, որ Սերլիի պաշտօնին նշանակուած նոր ընդհանուր դատախազ Քոմալի Թուլուն 28 նոյեմբեր 2014-ին անմիջապէս փակած է գործը` ըսելով. «Զայն շարունակելու պատճառ չկայ»:
aztagdaily.com/archives/423111