Վկաները վկաներ կը փնտռեն բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն վրայ

03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ:

Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

Ժա­մա­նա­կի ար­ժէք­նե­րուն մէջ տո­կա­լու դի­տա­ւո­րու­թեամբ, պատ­մա-ե­կե­ղե­ցա-հնա­գի­տա­կան նիւ­թե­րը, ընդ­հան­րա­պէս հրա­պա­րա­կագ­րա­կան բնո­րո­շում­նե­րու պատ­շա­ճե­լով ու բնա­կա­նոն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մով, անհ­րա­ժեշ­տա­բար պատ­մա­գի­տա­կան յայտ­նա­բեր­ման պէտք է ար­ժա­նա­նան:
Տո­ւեալ պա­րա­գա­յին, այս գրու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պի 2018ի ­Մա­յի­սին՝ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման 100ա­մեա­կին եւ ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 90ա­մեա­կին ա­ռիթ­նե­րով՝ ստո­րագ­րեա­լիս կող­մէ դէ­պի Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տան կազ­մա­կեր­պո­ւած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն-շրջապ­տոյ­տի մը ա­կա­նա­տե­սի հե­ղի­նա­կու­թեան, նախ իբ­րեւ յա­ջոր­դա­կան շար­քի յօ­դուա­ծա­շար­քով, ա­պա նաեւ իբ­րեւ հրա­տա­րա­կո­ւած գիր­քի՝ «­Պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ա­ւանդ­նե­րու հետ­քե­րով» խո­րագ­րեալ վկա­յա­կո­չում­նե­րու եւ նիւ­թե­րու այն­պի­սի վե­րանդ­րա­դար­ձի մը, որ զանց առ­նո­ւած են ա­ռա­ջին տպագ­րու­թե­նէն, կամ յա­ւե­լեալ բո­վան­դա­կու­թեամբ կը ստեղ­ծեն պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րով նոր տո­ւեալ­ներ, ա­նոնց նիւ­թե­րուն վե­րանդ­րա­դառ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ, վստա­հա­բար ու­սում­նա­սի­րա­կան պա­կաս մը լրաց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով:
Յս­տա­կաց­նենք սա­կայն. այս գրու­թիւ­նը նա­խորդ գիր­քին շա­րու­նա­կու­թեան մաս չի կազ­մեր, ոչ ալ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն նպա­տակ ու­նի հրա­տա­րա­կո­ւա­ծին յա­ւե­լեալ բա­ժին մը հա­մա­րո­ւե­լու: Գիր­քը կար­դա­ցող­նե­րը իս­կոյն պի­տի անդ­րա­դառ­նան ա­նոր թի­րա­խա­յին նպա­տա­կին ու քա­ղա­քա­կան հե­տա­խու­զու­թեան ըմբռ­նու­մին:
Ն­պա­տա­կը՝ նիւ­թը տե­ւա­բար կեն­դա­նի պա­հելն է, այն­քան ա­տեն, որ մեր տի­րա­պե­տո­ւած տա­րածք­նե­րուն վրայ՝ հայ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան վկա­նե­րը կը քան­դո­ւին ու մի­տում­նա­ւոր ան­հե­տա­ցու­մի կ­’են­թար­կո­ւին թուր­քին կող­մէ:
Հոն՝ վկա­նե­րը վկա­ներ կը փնտռեն: Ու­զենք թէ չու­զենք՝ մեր ան­ցեա­լը մեր ճա­կա­տա­գի­րը կը կազ­մէ:
Գի­տենք, որ դժո­ւար է մա­հը յաղ­թա­հա­րել, բայց մարդ ա­րա­րա­ծը կը պայ­քա­րի կեան­քը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար:
Պատ­մա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ՝ սոր­վիլ ժա­մա­նա­կին մէջ դի­մա­նա­լու լռա­կեաց գաղտ­նի­քը…

Աղ­թա­մար. ժա­մա­նա­կի ան­խօս վկան

Աղ­թա­մա­րի «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րտօ­նո­ւած պա­տա­րա­գի ընդ­հա­տու­մէն 3 տա­րի վերջ, ա­հա՛, այս տա­րո­ւան 9 ­Սեպ­տեմ­բե­րին մա­տու­ցո­ւած երկ­ժա­մեայ պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ Թուր­քիոյ ազ­գայ­նա­մոլ ու ծայ­րա­յեղ շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ բնո­րո­շուե­ցաւ որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի ու «կար­ծե­ցեալ ­Ղա­րա­բա­ղի» դրօ­շակ­նե­րով ո­ղո­ղո­ւած հայ մո­լե­ռանդ խմբակ­նե­րու քա­ղա­քա­կան բնոյթ կրող ցոյ­ցի, քա­նի ըստ ա­ւան­դու­թեան, հա­յե­րը ի­րենց ապս­տամ­բա­կան շար­ժում­նե­րը սկսած են միշտ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ հա­ւա­քո­ւե­լով: Այ­սօ­րո­ւայ տո­ւեալ­նե­րով ու պայ­ման­նե­րով, ե­թէ դա­րեր ալ ան­ց­նին, հա­յե­րու նպա­տակ­նե­րէն ու գա­ղա­փար­նե­րէն ո­չինչ փո­խո­ւած է:
Թուրք ազ­գայ­նա­մոլ շրջա­նակ­ներ խստօ­րէն պա­խա­րա­կած են՝ պա­տա­րա­գի ար­տօ­նու­թիւն ըն­ձե­ռած այն հա­յե­րու շա­ռա­ւիղ­նե­րուն, ո­րոնք 1915ին եւ 1918ին ­Վա­նի մէջ քար-քա­րի վրայ չթո­ղու­ցին, մահ­մե­տա­կան կի­նե­րը բռնա­բա­րե­ցին, թուր­քե­րուն ինչ­քե­րը կո­ղոպ­տե­ցին, ինչ­քեր սե­փա­կա­նա­ցու­ցին, ե­ւայլն, ե­ւայլն…:
2011 թո­ւա­կա­նին տե­ղի ու­նե­ցած պա­տա­րա­գին՝ ­Թուր­քիա­յէն ու աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն մաս­նակ­ցե­ցան 7000 հա­յեր, իսկ 2018ին 2-3000, նո­ւազ թի­ւով մը:
Խաչ­վե­րա­ցի տօ­նին ա­ռի­թով, հա­մա­նուն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տա­րին միայն մէկ ան­գամ ա­րա­րո­ղու­թիւն կ­’ար­տօ­նո­ւի: Ե­կե­ղե­ցին 2010ին վե­րա­կանգ­նո­ւած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գան­ձատր­մամբ եւ կը գոր­ծէ թան­գա­րա­նի թոյլ­տո­ւու­թեան տակ: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ե­կե­ղե­ցին 1915էն ետք, ինչ­պէս հա­րիւ­րա­ւոր այլ ե­կե­ղե­ցի­ներ լքո­ւած ու որ­բա­ցած ըլ­լա­լով, մնա­ցած են ա­ռանց խա­չի ու ա­ղօթ­քի:
Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­շուշտ որ ա­կա­նա­տես ու միա­ժա­մա­նակ ան­տար­բեր են ե­կե­ղեց­ւոյ գե­րեզ­մա­նո­ցին, շիր­մա­քա­րե­րուն ու քան­դակ­նե­րուն պղծու­մի հա­սած դի­տա­ւո­րեալ վնաս­նե­րուն, բայց միւս կող­մէ մեծ գու­մար­ներ կը շա­հին տա­րին 100-150.000 այ­ցե­լու զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն, մե­ծաւ մա­սամբ հա­յե­րէ:
Աղ­թա­մար կղզին ե­ղած է Արծ­րու­նեաց հարս­տու­թեան փառ­քը: Այ­սօր՝ այդ փառ­քի ան­խօս վկան է: ­Կա­ռու­ցո­ւած է ­Մա­նո­ւէլ ճար­տա­րա­պե­տին կող­մէ 918-921 տա­րի­նե­րուն:
Պատ­մու­թեան ան­խօս վկա­նե­րը ժա­մա­նա­կին մէջ ճամ­բոր­դել կը սոր­վեց­նեն՝ թի­րախ ու­նե­նա­լով պատ­մու­թեան մէ­ջէն վե­րապ­րու­մի բարձ­րա­ձայ­նող գաղտ­նի­քը…

«Ո՛վ չէ տե­սած Ա­նին, չէ տե­սած աշ­խար­հը»

Ա­նին հայ­կա­կան հնա­գոյն մայ­րա­քա­ղաք­նե­րէն է, որ դա­րե­րու ըն­թաց­քին ա­նո­ւա­նո­ւած է նաեւ «քա­ղա­քակր­թու­թեան օր­րան», իսկ ­Պի.­Պի.­Սի.՝ յա­տուկ անդ­րա­դար­ձող յօ­դո­ւա­ծով մը՝ «­Մոռ­ցո­ւած կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաք» բնո­րո­շած է զայն:
Նա­խա­պէս ­Պոլ­սոյ «­Տէ­փօ» սրա­հին, յա­ջոր­դա­բար ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէս մը, պատ­մա­կան շրջա­նի լու­սան­կար­չա­կան անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րո­ւած է զայն ա­նո­ւա­նե­լով՝ «­Քա­րե­րու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը. Ա­նիի մշա­կոյթ­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ ճար­տա­րա­պե­տա­կան գանձ մը»:
Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի ի­րա­գործ­ման հա­մար իր ա­նու­րա­նա­լի ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է, 2 տա­րիէ ա­ւե­լի ­Թուր­քիոյ բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի բան­տե­րուն մէջ ա­ռանց փաս­տո­ւած ու լուրջ ամ­բաս­տա­նու­թեան ­Սիվ­րիի մէջ ար­գե­լա­փա­կո­ւած հա­յա­սէր Օս­ման ­Գա­վա­լան, ո­րու մա­սին գրած եմ գիր­քիս մէջ՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի ծննդա­վայ­րի տան վե­րա­բե­րեալ բաժ­նին մէջ:
Հռ­չա­կա­ւոր Ա­նիի մա­սին հե­տաքրք­րա­կան լրա­տո­ւու­թիւն մը հրա­տա­րա­կո­ւած է թրքա­կան «Daily Sabah» անգ­լիա­լե­զու թեր­թին մէջ, ուր Ա­նին «­Հա­զար ու մէկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու քա­ղաք» ա­նո­ւա­նո­ւե­լէ ետք, զայն կը պան­ծաց­նէ որ­պէս ­Կով­կա­սի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան զարդ, նշե­լով՝ «Ո՛վ չէ տե­սած Ա­նին, չէ տե­սած աշ­խար­հը»:
Ան­ցեա­լի մնա­ցոր­դը հան­դի­սա­ցող այս մեծ մայ­րա­քա­ղա­քի ներ­կա­յի ա­ւե­րակ­նե­րը կը գտնո­ւին Կարս քա­ղա­քի Ար­փա­չայ շրջա­նին մէջ, ուր 961-1045 թո­ւա­կան­նե­րուն ե­ղած է հա­յոց Բագ­րա­տու­նի թա­գա­ւո­րա­կան տոհ­մի մայրա­քա­ղա­քը:
Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րը UNESCOի հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցան­կին ու գուր­գու­րան­քին տակ առ­նո­ւած է: Այ­ցե­լու­թեանս օ­րը կա­ռու­ցո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րո­ւէին UNESCOԻ հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­տա­րու­թեամբ 2018ի ­Յու­նի­սին, ուր հայ քան­դա­կա­գործ շի­նա­րար մըն ալ իր մաս­նա­գի­տա­կան ներդ­րու­մը կը բե­րէր ի­րեն յատ­կա­ցո­ւած աշ­խա­տան­քի շրջա­գի­ծէն ներս:
Ա­նիի նշա­նա­ւոր մայր տա­ճա­րը կա­ռու­ցո­ւած է ­Գա­գիկ թա­գա­ւո­րի օ­րով: Այդ սքան­չե­լի ե­կե­ղեց­ւոյ ճար­տա­րա­պե­տը ե­ղած է Տր­դատ, որ ինչ­պէս ծա­նօթ է վե­րա­կանգ­նած է Կ. ­Պոլ­սոյ Ա­յիա ­Սո­ֆիա­յի քան­դո­ւած գմբէ­թը, որ նո­րո­գու­մէն վերջ կան­գուն կը մնայ մին­չեւ օ­րերս:
Ա­նին 1920էն աս­դին նե­րառ­նո­ւե­ցաւ ­Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս, աշ­խար­հագ­րա­կան նոր տա­րա­զա­ւո­րում մը ստա­նա­լով, բայց եր­բեք չկրցաւ բնո­րո­շել իր մրցակ­ցա­կան յստակ դե­րը պատ­մու­թեան մէջ:
Եր­կու տէ­րե­րու ծա­ռա­յող սպա­սա­ւո­րը, եր­կուքն ալ դժգոհ կը ձգէ…

Վա­նի մէջ մին­չեւ այ­սօր հա­յե­րու ոս­կոր­ներ կը յայտ­նա­բե­րո­ւին

Դար մը ա­ռաջ ­Վա­նի մէջ ապ­րած են ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ հայ բնակ­չու­թիւն, այ­լեւ ա­սո­րի­ներ, ե­զի­տի­ներ, քիւր­տեր, հրեա­ներ:
Վեր­ջերս, ­Վա­նի ան­ցեա­լի հա­յա­շատ Ար­տա­մէտ (Էտ­րէ­միթ, յոյ­նե­րը կը կո­չեն Ատ­րա­մի՛­թիօ), շրջա­նի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը պղծո­ւած է, նոյն վայ­րին մէջ հա­սա­րա­կա­կան լո­ղա­փի ու ճե­միշ­նե­րու (զու­գա­րան) եւ հան­դեր­ձա­րան­նե­րու ու ցնցու­ղա­պահ սե­նեակ­նե­րու կա­ռու­ցու­մով: Շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին մարդ­կա­յին ա­ճիւն­ներ յայտ­նա­բե­րո­ւած են, հոս-հոն թա­ղո­ւած ու տա­րա­ծո­ւած շրջա­կայ­քի տա­րած­քին:
Տո­ւեալ շրջա­նի Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դը փոր­ձած է այ­ցե­լել հոն­տե­ղի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քը՝ յայտ­նա­բե­րո­ւած ոս­կոր­նե­րուն շուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու հա­մար, սա­կայն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի աշ­խա­տա­կից­նե­րը կոշ­տօ­րէն ար­գի­լած են ա­նոր մուտ­քը: ­Պա­տո­ւե­լի ­Վա­հիտ Եըլ­տըզ նկա­րած է գե­րեզ­մա­նա­տան կող­քին գտնո­ւող Տիլ­քա­յա ա­նո­ւամբ պատ­մա­կան ծա­նօթ բլու­րէն բեռ­նա­տար կառ­քի մը մէջ հո­ղա­շեր­տե­րու հետ կու­տա­կո­ւող ա­ճիւն­ներ:
Հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լանն ալ ա­րա­գօ­րէն այ­ցե­լած է շրջա­նի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը ու ան­ձամբ հա­ւա­քած ու հո­ղին յանձ­նած է այս­տեղ-այն­տեղ լքո­ւած մարդ­կա­յին ոս­կոր­ներ:
Վա­նի մէջ հա­րիւ­րա­ւոր ե­կե­ղե­ցի­ներ, մա­տուռ­ներ, սրբա­վայ­րեր ու գե­րեզ­ման­ներ գո­յու­թիւն ու­նին:
Ա­նոնք մաս կազ­մած են հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մնա­ցոր­դին, որոնք ան­գու­թօ­րէն ոչնչա­ցո­ւած են. ա­ւե­լին՝ բրտու­թեամբ զոհ գա­ցած են գան­ձա­գող­նե­րու ա­գա­հա­մոլ, մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կո­ւող հե­տա­խու­զող ար­շա­ւանք­նե­րուն:
1984ին, ­Թուր­քիոյ Ե­գէա­կա­նի հա­մալսա­րա­նը, ­Վա­նի թան­գա­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ տո­ւեալ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն մէջ պատ­մահ­նա­բա­նա­կան հե­տա­զօ­տա­կան պե­ղում­ներ կա­տա­րած է պատ­մա­կան վա­ղե­մու­թիւն ու­նե­ցող ի­րեր, ա­ռար­կա­ներ եւ հնա­դա­րեան յի­շա­տա­կա­րան­ներ բա­ցա­յայ­տե­լու ակն­կա­լու­թեամբ:
Ի՜նչ ը­սել սա­կայն, երբ գե­րեզ­մա­նա­տու­ններ մի­տում­նա­ւո­րօ­րէն կ­’ոչն­չա­ցո­ւին, ­Վա­նի ծո­վափ­նեայ շրջան­նե­րուն մէջ հնա­վայ­րներ կը քան­դո­ւին զա­նոնք զու­գա­րան­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու հա­մար: Այդ վայ­րե­րուն մէջ, դեռ Ք.ա. 3րդ ­հա­զա­րա­մեա­կին հայ­կա­կան բնա­վայ­րներ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած են, ի­րենց խօ­սուն հետ­քե­րը ա­կօ­սե­լով մին­չեւ 1915 թո­ւա­կան: Նոյ­նիսկ գի­տա­կան հե­տա­խու­զու­թիւն­ներ կը վկա­յեն, թէ այդ շրջա­նին մէջ ե­րե­ւան բե­րո­ւած են գան­կա­տու­փեր, ո­րոնց գան­կին վրայ «պա­տու­հան­ներ» բա­ցո­ւած են մար­դոց գան­կին մէջ, իր ա­տե­նին հա­մար չա­փա­զանց յա­ռա­ջա­ցած հա­մա­րո­ւող բժշկա­կան վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հա­մար:
Շր­ջա­նին մէջ ու­րար­տա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն անվ­նաս վի­ճա­կի մէջ պահ­պա­նո­ւած բրա­ծո­ներ կան. այդ վայրն ալ թե­լա­պա­տո­ւած է ա­պա­հո­վու­թեան պատ­ճա­ռով:
Ու­րար­տա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն է նաեւ ­Վա­նի բեր­դը, ուր կը գտնո­ւին Ար­գիշ­տիի, ­Մե­նո­ւա­յի եւ Ռու­սա­յի դամ­բա­րան­նե­րը:
Ե­կէք յստա­կաց­նենք. թուր­քե­րը շին­ծու ազգ մըն են. ի­րա­կան պատ­մու­թիւ­նը ի­րենց հա­մար մշտա­կան բարդ հարց մը ե­ղած է:

***

Վա­նի ­Խոր­խոմ գիւ­ղը յայտ­նի է այն պատ­ճա­ռով, որ հոն ծնած է աշ­խար­հահռ­չակ հայ գե­ղան­կա­րիչ Ար­շիլ ­Կոր­քին (Ոս­տա­նիկ Ա­տո­յեան, ծնած 1902ին կամ 1904ին: ­Ջար­դի տա­րին՝ Կոր­քի իր գիւ­ղէն կը փախ­չի ու կ­’անց­նի ­Պո­լիս, ա­պա Ա­թէնք եւ Ա­թէն­քէն վերջ­նա­կա­նա­պէս Պոս­թըն 1920ին, ուր կը հաս­տա­տո­ւի Ո­ւո­թըր­թաուն հա­յա­հոծ շրջա­նին մէջ:
Տա­րի­ներ ա­ռաջ, ի պա­տիւ գե­ղան­կա­րի­չին յու­շաղ­բիւր մը կա­ռու­ցո­ւած էր, սա­կայն տե­ղա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ հա­նել տո­ւած են յու­շաղ­բիւ­րին վրայ զե­տե­ղո­ւած յու­շա­տախ­տա­կը, հա­յու ա­մէն հետք ոչն­չաց­նե­լու մի­տու­մով:
Այս մէ­կը թրքա­կան ծա­նօթ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը ե­ղած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ցոյց տա­լու հա­մար՝ թէ այդ վայ­րե­րուն մէջ եր­բեք հա­յեր ապ­րած չեն:
Էն­վէր­նե­րու եւ ­Թա­լէաթ­նե­րու նմա­նա­տիպ շա­ռա­ւի­ղը, որ կը մարմ­նա­ւո­րո­ւի էր­տո­ղա­նա­կան նո­րօ­րեայ ու­րո­ւա­կա­նա­յին յա­ջորդ­նե­րուն մօտ՝ կու­գայ ան­գամ մը եւս փաս­տե­լու ան­ցեա­լին գոր­ծադ­րո­ւած նեն­գա­միտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ստո­ւե­րա­մած շնա­կա­նու­թիւ­նը:
Պատ­մու­թիւ­նը ին­չո՞ւ չի յա­ջո­ղիր նեն­գա­միտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու ար­դա­րու­թեան մի­ջեւ հե­ռա­ւորու­թիւն­նե­րը նո­ւա­զեց­նելու, կամ ամ­բող­ջա­պէս չէ­զո­քաց­նել:
Պատ­մու­թիւ­նը ին­չո՞ւ չի յա­ջո­ղիր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը տար­րա­կա­նօ­րէն բա­րո­յա­կա­նաց­նելու:
Նոր թուր­քը հի­նէն ա­ւե­լի գէշ է: ­Մենք այ­սօր ին­չի՞ վկա­ներն ենք…

«­Վա­նի կու­սա­կան գե­ղեց­կու­հին»՝ Կ­տուց կղզին

Վա­նէն չհե­ռա­նանք ա­ռանց ա­րագ անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րե­լու շրջա­նի նշա­նա­ւոր Կ­տուց կղզիի մա­սին (­Վա­նայ լի­ճի 4 կղզի­նե­րէն մէ­կը՝ ­Լիմ, Կ­տուց, Առ­տէր եւ Աղ­թա­մար), որ թուր­քե­րը այ­լեւս Չար­փա­նաք ա­նու­նով մկրտած են:
Ան­ցեա­լին՝ այս կղզին բո­լո­րո­վին հա­յաբ­նակ էր. ան կը գտնո­ւի ­Վա­նի ­Տուշ­փա շրջա­նի տա­րած­քին, այ­սինքն ­Վա­նայ լի­ճի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան հա­տո­ւա­ծին մէջ:
Թէեւ ըն­դու­նո­ւած է, որ ­Վա­նի թիւ մէկ ու գլխա­ւոր խորհր­դա­նիշն է Աղ­թա­մա­րը, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ «Ա­նա­տո­լու» թրքա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան բնո­րո­շու­մով՝ «­Վա­նի կու­սա­կան գե­ղեց­կու­հին» Կ­տուց կղզին եւս ա­մէն տա­րի կը հիւ­րըն­կա­լէ տե­ղա­ցի եւ օ­տա­րերկ­րա­ցի զբօ­սաշր­ջիկ­ներ, ո­րոնք զբօ­սա­նա­ւե­րով կը շրջին կղզիին շուրջ:
Ծա­նօթ է, որ մին­չեւ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը Կ­տուց կղզիի լճա­փին վրայ գոր­ծած են գե­ղե­ցիկ պան­դոկ­ներ եւ զբօ­սաշրջա­կան օ­թե­ւան­ներ, ո­րոնք ծա­նօթ դար­ձած էին, որ­պէս «դրսի տունք» ա­նուն-բնո­րո­շու­մով:
Կ­տուց կղզին բո­լո­րո­վին ու վերջ­նա­կա­նա­պէս ա­մա­յա­ցաւ 1915ի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րին: Այժմ անբ­նակ վի­ճակ մը կը պար­զէ:
Թուր­քե­րը կը հա­ւա­տան հե­տե­ւեալ ա­սա­ցո­ւած­քին. քո՛ւ մահդ, ի՛մ կեանքս է…

Վան­քեր ան­հե­տա­նա­լու վտան­գի սե­մին

Վա­նի Ար­ճէշ գա­ւա­ռի ­Սա­լա­մա­նա­ղա թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող 1300ա­մեայ Ար­ծո­ւա­բերդ հայ­կա­կան վան­քը՝ վերջ­նա­կա­նա­պէս ան­հե­տա­նա­լու վտան­գին են­թա­կայ է: Ամ­բող­ջո­վին քան­դո­ւած են վան­քին պա­րիսպ­ներն ու խաչ­քա­րե­րը եւ կա­տա­րեալ աղ­բա­վայ­րի վե­րա­ծո­ւած է:
Գան­ձեր յայտ­նա­բե­րե­լու ակն­կա­լի­քով վան­քին մէջ բազ­մա­թիւ յա­ջոր­դա­կան փո­սեր փո­րո­ւած են:
Ար­ծո­ւա­բեր­դը կա­ռու­ցո­ւած է 7րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն, իշ­խան Մ­ժեժ Գ­նու­նիի (637ին) կող­մէ եւ ե­ղած է շրջա­նի ա­մէ­նէն նշա­նա­ւոր վան­քե­րէն մէ­կը:
1393ին ե­կե­ղեց­ւոյ վա­նա­կան դպրո­ցը ու­նե­ցած է 60 ա­շա­կերտ­ներ, իսկ 1409-1414 թո­ւա­կան­նե­րուն ­Կա­րա­պետ վա­նա­հայ­րը վե­րա­կանգ­նած է զայն: 19րդ ­դա­րուն վան­քի գմբէ­թը մա­սամբ փլած է, սա­կայն վերս­տին վե­րա­կանգ­նո­ւած է: 1896-1915 թո­ւա­կան­նե­րուն վան­քը բուռն յար­ձակ­ման են­թար­կո­ւած է թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու կող­մէ:
Ար­ծո­ւա­բեր­դին նման, միեւ­նոյն վտան­գին են­թա­կայ է նաեւ ­Վա­նի Ար­տա­մէտ գիւ­ղի «Ս. ­Գէորգ» ե­կե­ղե­ցին եւ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» վան­քը, իսկ «Ս. ­Գէոր­գ»էն ըն­դա­մէ­նը միայն կի­սա­ւեր պատ մը մնա­ցած է ներ­կա­յի տխուր տո­ւեալ­նե­րով:
Հա­յը իր չամ­բող­ջա­ցած ե­րազ­նե­րուն զոհ գա­ցած է պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին: ­Բայց ինչ­պէ՞ս ստո­րագ­նա­հա­տել թէ թե­րագ­նա­հա­տել այդ ե­րազ­նե­րը:
Պատ­ճառ ու­նինք ա­մէն ինչ յի­շե­լու:
Պատ­ճառ ու­նինք ա­մէն ինչ վե­րապ­րե­լու: Ո­րով­հե­տեւ ան­նա­խա­տե­սե­լի ժո­ղո­վուրդ մըն ենք, որ տա­րիք չու­նի. այն­քան մօտ ու այն­քան հե­ռու մեր տա­րի­քէն…

Ե­կե­ղե­ցին՝ որ մզկի­թի վե­րա­ծո­ւած է

Թուր­քիոյ ­Կիւ­միւշ­հա­նէ (յոյ­նե­րը կ­’ա­նո­ւա­նեն Ար­ղի­րո՛ւ­փո­լիս) նա­հան­գի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին մէջ պե­ղում­ներ կա­տա­րո­ւած են, ո­րոնց ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րո­ւած են կի­սա­քանդ սիւ­ներ, խա­թա­րո­ւած զար­դա­քան­դակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ հա­յե­րէն եւ օ­տար ըն­թեռ­նե­լի կամ ոչ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ:
Հե­տաքրք­րա­կան է, որ սիւ­նե­րէն մէ­կուն վրայ եր­կու կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կը յայտ­նա­բե­րո­ւին, ինչ որ կը մատ­նեն թէ հին ժա­մա­նակ­նե­րուն ե­կե­ղե­ցին օս­ման­ցի­նե­րուն կող­մէ վե­րա­ծո­ւած է մզկի­թի: Այս վկա­յու­թեան հաս­տա­տու­մը կը կա­տա­րեն ե­կե­ղեց­ւոյ ներք­նա­մա­սին յայտ­նո­ւած 3 կի­սա­լու­սին դրօշ­ներ եւ սուլ­թա­նա­կան զար­դան­շան մը, հա­ւա­նա­բար 19րդ ­դա­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, կամ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը:
Երկ­րորդ ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը այն է, որ սիւ­նի մը վրայ տե­ղա­կա­յո­ւած է կա­պոյտ ներ­կո­ւած մու­քար­նաս մը, որ փաս­տօ­րէն իս­լա­մա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան նկա­րա­գի­րը յատ­կան­շող միս­տի­քա­կան խորհր­դան­շան մըն է փե­թա­կան­ման ձե­ւի քան­դա­կով, որ սո­վո­րա­բար կ­’օգ­տա­գոր­ծո­ւի մզկիթ­նե­րու գա­գա­թին վրայ, կամ ստո­րին ե­զերք­նե­րու մա­սի եր­կայն­քին:
Կիւ­միւշ­հա­նէն մին­չեւ 1915 ու­նե­ցած է 15.000 հայ բնա­կիչ:
«Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծի­ն»ը ­Սիւ­լէյ­մա­նիէ շրջա­նի հայ­կա­կան միակ ե­կե­ղե­ցին ե­ղած է: ­Վա­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րէն 3 քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ կը գտնուի ­Վանք ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյ­ցը, որ Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լո­ւէն մին­չեւ ­Սեւ ­Ծով եր­կա­րող ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի հա­յե­րու մշտա­կան ուխ­տա­տե­ղին ու սրբա­վայ­րը հա­ւատ­քի անս­պառ աղ­բիւր ե­ղած է:
Սր­բա­վայր­նե­րը մեր քա­ղա­քա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան մաս կազ­մած են դաս­տիա­րա­կե­լով մեր ներ­կան ու ան­ցեա­լը:
Չէ՞ որ մեր ե­կե­ղե­ցին քա­ղա­քա­կա­նա­ցաւ մեր ազ­գա­յին հար­ցե­րուն պատ­ճա­ռով:

***

Վա­նի շրջա­նին վե­րա­բե­րող այս գլու­խը փա­կե­լէ ա­ռաջ ա­ւելց­նենք, թէ քա­ղա­քի ­Մու­րա­տի­յէ գա­ւա­ռի 400 տա­րո­ւան գո­յու­թիւն հա­շո­ւող հայ­կա­կան պատ­մա­կան «Ս. Ս­տե­փա­նոս» ե­կե­ղե­ցին ո­րոշ չա­փով միայն կան­գուն մնա­ցած ըլ­լա­լով, փրկո­ւած մասն ալ վերջ­նա­կան փլուզ­ման եզ­րին կը գտնո­ւի:
Ժա­մա­նակ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան քան­դու­մին նպաս­տած են նաեւ գան­ձա­խոյզ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց սե­ւե­ռա­կէ­տին տակ ա­ռած են այս ե­կե­ղե­ցին, ա­նոր ներք­նա­մա­սին մէջ քա­նի մը մեթր խո­րու­թեամբ հո­ղեր փո­րե­լով, այն ակնկա­լու­թեամբ որ հոն թա­ղո­ւած գան­ձեր կրնան յայտ­նա­բե­րել:
Գան­ձա­գող­նե­րը նոյն­պէս պղծած են ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րակ­ցու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, գե­րեզ­մա­նա­քա­րե­րը եւ տա­պա­նա­քա­րե­րը:
«Ս. Ս­տե­փա­նո­ս»ը միջ­նա­դա­րեան քան­դա­կա­զարդ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ նմուշ-օ­րի­նակ կազ­մող ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէկն է եւ մին­չեւ 1915, որ­պէս շրջա­նի ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր ուխ­տա­խե­ղի-ա­ղօ­թա­վայ­րե­րնէն մէ­կը ե­ղած է:
Ե­կե­ղեց­ւոյ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը մե­նա­կեաց ճա­նա­պարհ մըն է…

Գան­ձե­րու տի­րա­նա­լու ձե­ւե­րը հե­ռա­տե­սի­լէն ալ կ’ու­սու­ցո­ւին

Թր­քա­կան «­Հա­պէր­Թիւրք» հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նը յայ­տա­գիր մը սփռած է ­Թուր­քիոյ մէջ բա­ցատ­րե­լով թէ ինչ­պէ՛ս գանձ պէտք է փնտռել ու յայտ­նա­բե­րել: ­Յայ­տագ­րին հրա­ւի­րո­ւած էր գան­ձա­գո­ղու­թեան մաս­նա­գէտ մըն ալ, որ լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւած է ե­լեկտ­րո­նա­կան սար­քե­րու կա­տա­րե­լա­գոր­ծուած մի­ջոց­նե­րու բարձ­րո­րակ ու ար­դիւ­նա­ւէտ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու մա­սին: ­Խել­քը գլու­խը ո­րոշ շրջա­նակ­ներ ու մար­դիկ, լրջա­գոյն մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­լով, քննա­դա­տած են սփռո­ւած նմա­նա­տե­սակ յայ­տա­գիր­նե­րը՝ դի­տել տա­լով, թէ ­Թուր­քիոյ մէջ ան­սան­ձօ­րէն տա­րա­ծո­ւած գան­ձա­գո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով՝ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րու եւ սրբա­վայ­րնե­րու թա­լանն ու ա­ւա­զա­կու­թիւ­նը պի­տի ա­ւել­նան ու ան­հա­կակշ­ռե­լի մի­ջա­վայր մը պի­տի ստեղ­ծեն, ո­րուն վնաս­նե­րը ան­վե­րա­կանգ­նե­լի պի­տի ըլ­լան ան­ցեալ ժա­մա­նակ­նե­րու վկա­յու­թիւ­նը կազ­մող պատ­մա­կան ան­ժա­ման­ցե­լի ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող կո­թող­նե­րուն հա­մար:
Այս մէ­կը դրա­կան քայլ մը կա­րե­լի է հա­մա­րել դէ­պի տար­բեր ա­պա­գայ մը…

Մոռ­ցո­ւած օ­րօ­րոց­ներ

Հա­յու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ե­րե­ւոյթ մըն ալ կը կազ­մեն ­­Թուր­քիոյ մէջ ան­ցեա­լին եր­գո­ւած ու ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւած շուրջ 30 հին օ­րօ­րո­ցա­յին եր­գեր ու պատ­մու­թիւն­ներ, ո­րոնց ընդ­մէ­ջէն կ’ար­տա­ցո­լան տո­ւեալ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու վիշտն ու թա­խի­ծը, տա­ռա­պան­քը, ող­բը, յոյ­զե­րը, ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներն ու ան­ցեալ ժա­մա­նակ­նե­րու ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը:
Սեւ ­­Ծո­վու շուրջ ապ­րող ժո­ղո­վուրդ­նե­րը խոս­տո­վա­նած են, թէ ի­րենք օ­րօ­րո­ցա­յին այդ ող­բերգ­նե­րը սոր­ված ու որ­դեգ­րած են ­­Թուր­քիոյ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րու քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու՝ այ­լեւս ա­ւան­դու­թեան կարգ ան­ցած հին թէ նոր, ե­րեւ­ցող ու չե­րեւ­ցող պատ­մու­թիւն­նե­րէն:
Ժո­ղո­վուր­դին սիր­տը օ­րօ­րո­ցէն կը սկսի: Ինչ որ տո­ւաւ օ­րօ­րո­ցին՝ օ­րօ­րո­ցը ժո­ղո­վուր­դին կը վե­րա­դարձ­նէ:
Օ­րօ­րո­ցը բո­լոր տա­րիք­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւնն է:

Կի­լի­կիոյ մէջ՝ Վա­գըֆ­լըն գրան­ցո­ւած է

Քա­ղա­քա­կան անն­պաստ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով՝ այժմ ­­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող Հա­թայ նա­հան­գի (Ա­լեք­սանտ­րէթ կամ ­­Սան­ճաք) հա­յաբ­նակ մնա­ցած ­­Վա­գըֆ գի­ղը, որ ­­Մու­սա Լե­րան պատ­մա­կան գիւ­ղե­րէն մէկն է, յա­ռա­ջի­կայ տա­րի հոն պի­տի հիմ­նադ­րո­ւի գիւ­ղի մշա­կու­թա­յին պատ­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած թան­գա­րան մը. ­­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան պատ­մու­թեան անդ­րա­դար­ձող ու տե­ղա­կան բար­բա­ռի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով, պա­րե­րով, խո­հա­նո­ցով:
Վա­գըֆ կամ ­­Վա­գըֆ­լըն պատ­մա­կան ­­Կի­լի­կիոյ տա­րած­քին ­­Մու­սա ­­Լե­րան լան­ջե­րուն գտնո­ւող հայ­կա­կան վեր­ջին գիւղն է: Ու­նի գոր­ծող ե­կե­ղե­ցի եւ ­­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնուղ հայ­կա­կան միակ գիւղն է, որ պաշ­տօ­նա­պէս գրան­ցո­ւած է ­­Թուր­քիոյ մէջ, որ­պէս քրիս­տո­նէա­կան հայ­կա­կան հա­մայնք, մինչ­դեռ մահ­մե­տա­կա­նա­ցո­ւած կամ ծպտեալ քրիս­տո­նեայ հա­յե­րու պատ­կա­նող այլ գիւ­ղեր նման գրան­ցու­մէ զրկո­ւած են:

«Լ­ռու­թեան ձայ­նը» կը բարձ­րա­ձայ­նէ…

Պոլ­սոյ «Հ­րանդ ­­Տինք» հիմ­նար­կը՝ «լռու­թեան ձայ­նը» ա­նո­ւան տակ, թրքե­րէն լե­զո­ւով կարգ մը գիր­քեր կը հրա­տա­րա­կէ, ո­րոնց­մէ մէ­կը — իր շար­քի 5րդը — կը խո­րագ­րո­ւի «­­Կե­սա­րա­ցի հա­յե­րը կը խօ­սին» («Kayserili Ermeniler konusuyor»): ­­Գիր­քին մէջ կ­‘ընդգր­կո­ւին հար­ցազ­րոյց­ներ տե­ղա­ցի հա­յե­րու հետ, տեղ տա­լով ա­նոնց պա­տում­նե­րուն:
Հ­րա­տա­րակ­չա­կան հիմ­նար­կը այլ ա­ռի­թով նոյ­նան­ման գիր­քեր հրա­տա­րա­կած է, ինչ­պէս՝ «Իզ­միթ­ցի հա­յեր կը խօ­սին»:
2017ին, այս գիր­քին հա­մար, հիմ­նար­կը հա­յե­րէն եւ թրքե­րէն շարք մը հար­ցազ­րոյց­ներ կա­տա­րած է, ո­րոնց­մէ տասն միայն լոյս տե­սած են տո­ւեալ գիր­քին մէջ (ա­պա­հո­վու­թեան պատ­ճա­ռով՝ հար­ցազ­րոյ­ցին մաս­նակ­ցող են­թա­կա­նե­րուն ա­նուն­նե­րը հրա­տա­րա­կո­ւած չեն):
Պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րու հա­մա­ձայն, ­­Կե­սա­րիոյ մէջ հա­յե­րը ապ­րած են 3րդ ­դա­րէն սկսեալ: Կե­սա­րիան հա­յե­րու քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու՝ շրջա­նի ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է: ­­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ­­Կե­սա­րիան պար­բե­րա­բար տար­բեր կայս­րու­թիւն­նե­րու եւ պե­տու­թիւն­նե­րու գրաւ­ման կամ պաշտ­պա­նու­թեան տակ առ­նո­ւած է:
Մին­չեւ 1915, ­­Կե­սա­րիոյ նա­հանգ­նե­րու 31 գա­ւառ­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու մէջ 52.000 հա­յեր ապ­րած են: ­­Հայ բնակ­չու­թեան մէկ եր­րոր­դը քա­ղա­քի կեդ­րո­նի 114 թա­ղա­մա­սե­րէն 25ին մէջ կեդ­րո­նա­ցած էին ընդ­հան­րա­պէս, գլխա­ւո­րա­բար Է­վէ­րէք-­­Ֆէ­նէ­սէ­յի շրջա­նը, որ այ­սօր կը կո­չո­ւի Տէ­վէ­լի. հոս կ­‘ապ­րէին 15,000 հա­յեր, իսկ ­­Թա­լա­սի մէջ 4,700 հա­յեր:
Թուր­քիոյ մէջ, հան­րա­պե­տու­թեան ա­նո­ւա­նու­մէն ետք, 1927ին տե­ղի ու­նե­ցած քե­մա­լա­կան ա­ռա­ջին մար­դա­հա­մա­րին հա­մա­ձայն, հոն՝ 1978 հա­յեր կ­‘ապ­րէին: Այս թի­ւը 1932ին նո­ւա­զե­ցաւ 1600ի, իսկ 1960ին՝ 800ի:
Այ­սօր թի­ւը ի­ջած է գրե­թէ 0ի…

Գիր­քի հի­ւան­դու­թեան նոր տե­սակ մը

Կե­սա­րիոյ տե­ղա­հա­նու­թիւնն ու տա­րագ­րու­թիւ­նը սկսած են 1915ին: ­­Բան մը կը յի­շեց­նէ՞ այս կար­միր թո­ւա­կա­նը:
Կե­սա­րիոյ «Էր­ճի­յէս» հա­մալ­սա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ գրա­կա­նա­սէր թուրք ե­րի­տա­սարդ մը՝ Պաթվ­հան Եուք­սէլ, անց­նող 14 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յա­ջո­ղած է կեդ­րո­նաց­նել 2000է ա­ւե­լի հա­զո­ւա­գիւտ գիր­քեր ու «­­Քի­թա­պիս­տան» (Գր­քաս­տան) ա­նո­ւամբ գրա­խա­նութ մը հաս­տա­տել: Հոն ցու­ցադ­րո­ւող գիր­քե­րու յատ­կան­շա­կան իւ­րա­յատ­կու­թիւնն այն է, որ ա­նոնք գիր­քի տպա­գիր ա­ռա­ջին օ­րի­նակ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան:
Հա­զո­ւա­գիւտ ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող գիր­քե­րուն մէջ կը գտնո­ւին օս­մա­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի թան­կար­ժէք գիր­քեր, օս­մա­նե­րէն-թրքե­րէն բա­ցատ­րա­կան բա­ռա­րան մը եւ անգ­տա­նե­լի տար­բեր լե­զու­նե­րով հա­տոր­ներ:
Ա­հա՛, գրա­վա­ճառ դար­ձած հա­մալ­սա­րա­նա­ւարտ մը, որ փոքր տա­րի­քէն, հրա­տա­րա­կո­ւած բա­նա­գիր գիր­քեր հա­ւա­քե­լով կը զբա­ղի եւ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ գրա­խա­նութ մը կը փնտռէ՝ հոն տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար իր հա­ւա­քա­ծո­նե­րը, յա­ճա­խորդ­նե­րուն ա­ւե­լի յար­մա­րա­ւէտ պայ­ման­ներ ստեղ­ծե­լու ազ­նիւ տրա­մադ­րու­թեամբ:
«Ա­սի­կա, ին­ծի հա­մար, հի­ւան­դու­թեան պէս բան մէն է»,- կ’ը­սէ ան:
Ի­րա­պէ՛ս, ինչ­պէ՞ս կը կո­չո­ւի այս հի­ւան­դու­թիւ­նը: Այս պա­տաս­խա­նը ե՛ւ դիւ­րին է ե՛ւ դժո­ւար:
Խօս­քի մշա­կու­մը ցոյց կու­տայ խօս­քի մա­կար­դա­կի ո­րա­կը. ո­րա­կը՝ քա­ղա­քակր­թու­թեան նո­ւէրն է, երբ բաց դու­ռնե­րու եւ պա­տու­հան­նե­րու քա­ղա­քակրթու­թեան կը ծա­ռա­յէ եւ իր ապ­րած մի­ջա­վայ­րին մէջ իր դե­րը կը ճշդէ եւ խար­խա­փում­նե­րու չ­‘ա­ռաջ­նոր­դեր:
Ո՞րն է գիր­քին վեր­ջին ամ­րո­ցը:
Թո՛ղ գրա­կան միտ­քը պա­տաս­խա­նէ, ա­ռանց կար­գա­խօ­սի:
Փոք­րիկ գիր­քեր գրո­ւած են մեծ հե­ղի­նակ­նե­րու կողմէ եւ մեծ գիր­քեր ալ գրո­ւած են փոքր հե­ղի­նակ­նե­րու կողմէ…

Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­նա­լին մահ­մե­տա­կան կնոջ մը ձեռ­քին մէջ

Թուր­քիոյ ­­Մար­տի­նի ­­Տէ­րիք շրջա­նի հայ­կա­կան միակ ե­կե­ղե­ցին՝ «Ս. ­­Գէոր­գ»ը յանձ­նո­ւած է մահ­մե­տա­կան քիւրտ կնոջ մը գուր­գու­րան­քին: Կ­նոջ տու­նը կը գտնո­ւի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­րե­ւա­նու­թեամբ:
Ս. ­­Գէոր­գը կա­ռու­ցո­ւած է 1650ին: ­­Տէ­րի­քի հա­յու­թեան մնա­ցոր­դն ալ շրջա­նը լքած է 1980ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն:
Հա­թուն ­­Չա­չուր իր մօտ ամ­րօ­րէն կը պա­հէ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­նա­լին եւ կա­մո­վին կը հո­գայ սրբա­վայ­րի ներ­քին եւ ար­տա­քին մա­սե­րու մաք­րու­թիւնը: Ա­ւե­լին՝ կը ջրէ ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ 1500 ք.մ. մա­կե­րե­սով այ­գին ու ծա­ռե­րը:
Հա­ւատ­քը կրօն­քի լա­ւա­գոյն ար­տա­յայ­տի­չը կը դառ­նայ՝ երբ հո­գիի մաք­րու­թիւ­նը կը գե­րա­զան­ցէ նեղ­միտ ու սնո­տիա­պաշտ մո­լե­ռան­դու­թիւնը:
Ե­կէ՛ք, կրօն­քի ա­ռաս­պե­լը ձա­խէն աջ չկար­դանք միայն. եր­բեմն ալ կար­դանք ա­ջէն դէ­պի ձախ: Օր մը, դա­րե­րը պի­տի օգ­նեն, որ հասկ­նանք այս տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, երբ բա­ռե­րու պարզ սահ­մա­նէն անց­նինք դէ­պի խիղ­ճի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ու գո­յա­պաշ­տա­կան մեր տագ­նապ­նե­րու՝ գե­տին դի­մա­ցի ա­փէն ան­դին:
Մար­դիկ կրօն­քին մէջ նոր ար­տա­յայ­տու­թիւն կը փնտռեն: Այս մէ­կը ա­մէ­նէն ա­ռաջ պէտք է հասկ­նան կրօ­նա­կան­նե­րը, որ ա­ւե­լի շատ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րեն ապ­րող բա­նե­րու եւ ոչ թէ մե­ռած­նե­րու:
Երբ ար­ժէք­նե­րը փո­խո­ւին, մար­դու միտքն ու հո­գին պի­տի ըն­դար­ձա­կո­ւի, պի­տի հա­սուն­նայ:
Մինչ այդ, ան­ցեա­լի վտանգ­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր կը դառ­նան…

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տու­նը կը յի­շեց­նէ պատ­մու­թիւ­նը

Ո՞վ կրնայ կաս­կա­ծիլ, որ ներ­կա­յիս ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւած են ու կը փո­խո­ւին: Անց­նող հա­րիւ­րա­մեա­կին, ­­Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թիւն ա­նո­ւան տակ գոր­ծած են ի­րարու յա­ջոր­դող բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գներ, ո­րոնք նա­խան­ձախն­դիր նոյն թա­փով կ­‘ու­րա­նան ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր հետ կա­պո­ւած պատ­մա­կան բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը:
Եւ ո՛չ միայն, ինչ­պէս վեր­ջերս, ­­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նը կտրա­կա­նօ­րէն մեր­ժեց դա­սա­ւանդ­ման հա­մար նա­խա­տե­սուած խօ­սուն լե­զու­նե­րու ցան­կին վրայ ա­սո­րե­րէ­նը ա­ւելց­նե­լու ա­ռա­ջար­կը, զոր խորհր­դա­րա­նին յղած էր քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ որ ­­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րով (1923) կրօ­նա­կան բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ի­րա­ւունք ու­նին ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն սոր­վե­լու եւ խօ­սե­լու:
Խորհր­դա­րա­նին կա­տա­րո­ւած դի­մու­մը գրո­ւած էր ա­սո­րե­րէն լե­զո­ւով, ինչ որ ­­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ իր տե­սա­կի ա­ռա­ջի­նը կը հան­դի­սա­նար:
Թուր­քիոյ մէջ ներ­կա­յիս կ­‘ապ­րին մօտ 25.000 ա­սո­րի­ներ: ­­Թուր­քիոյ մէջ ա­սո­րի­նե­րու դպրոց­նե­րը փա­կո­ւած էին ­­Լօ­զա­նի դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մէն 5 տա­րի յետոյ, 1928ին:
Բայց վե­րա­դառ­նանք մեր սի­րե­լի ու ստեղ­ծա­րար «Ա­րաս»ին:
Բա­րե­բախ­տու­թիւն է, որ ­­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ մէջ գոր­ծող այս հրա­տա­րակ­չա­տու­նը, ան­տե­սե­լով բռնա­տի­րա­կան յա­ջոր­դա­կան վար­չա­կար­գնե­րու ե­րեւ­ցող ու ան­յայտ բազ­մա­կող­մա­նի վտանգ­ներն ու ճնշում­նե­րը, քա­ջօ­րէն, հա­ւա­տար­մօ­րէն եւ իր ա­ռա­քե­լու­թեան բարձ­րա­գոյն գի­տակ­ցու­թեամբ, մէ­կը միւ­սին յա­ջոր­դող հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կու­թեան կու­տայ պատ­մու­թիւն բու­րող ու բուր­մուն­քը տա­րա­ծող հա­յա­վա­րի նիւ­թե­րով գիր­քեր, ո­րոնց­մէ վեր­ջին­նե­րէն մէ­կը յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն կը նշենք՝ 20րդ ­դա­րու ռուս ա­նո­ւա­նի գրող Օ­սիպ Ման­տէլշ­թայ­մի «Ու­ղե­ւո­րու­թիւն դէ­պի գոյ­նե­րու եր­կիր» հա­տո­րը, ուր հե­ղի­նա­կը իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը պատ­մէ իր կո­ղակ­ցին հետ 1930ին դէ­պի ­­Հա­յաս­տան կա­տա­րած ճամ­բոր­դու­թե­նէն:
Ման­տէլշ­թայ­մի մէկ գիր­քը հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ օ­տար լե­զո­ւով ­­Պէյ­րու­թի մէջ 1970ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, յա­ջոր­դա­բար ալ Ա­թէն­քի մէջ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ու տա­րա­ծո­ւե­ցաւ յոյն քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րու եւ լրագ­րող­նե­րու:
Սոյն հրա­տա­րակ­չա­տան այլ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն է նաեւ՝ «Ան­գա­րա­յի դէպ­քե­րը — ժխտա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ» խո­րագ­րեալ հա­տո­րը, ուր կը պատ­մո­ւի 1915ին կա­թո­ղի­կէ հա­յե­րու տա­ռա­պա­լից տե­ղա­հա­նու­թեան ող­բեր­գա­կան ա­լի­քին մասին՝ դէ­պի ­­Թար­սուս, հոն­կէ ալ ­­Տէր ­­Զօ­րի ա­նա­պա­տը:
Այդ ա­նա­պա­տէն ա­ւե­լի ան­դին չկայ ար­դէն: ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ւա­կա­նի մը սկիզ­բը, եւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թո­ւա­կա­նի մը վերջն էր:
Այս ան­ցեալն է, որ կը վախց­նէ հա­յուն:

«­­Հա­յա­թա­փո­ւած» կրօ­նա­փոխ­ներ

Ք­րիս­տո­նեայ իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու, կամ այս­պէս ը­սո­ւած թաք­նուած հա­յե­րու պատ­մու­թիւ­նը անս­պառ նիւթ մը կը կազ­մէ հայ ժա­մա­նա­կա­կից մեր ի­րա­կա­նու­թեան հա­մար, իր քար­տի­սագ­րո­ւած ու չքար­տի­սագ­րո­ւած ա­րեան ու ա­նա­պա­տա­յին քար­տէս­նե­րու սահ­ման­նե­րով ու սահ­մա­նում­նե­րով:
Շատ գրո­ւած է ու շատ պի­տի գրո­ւի տա­կա­ւին այս նիւ­թին մա­սին: Այս գրու­թեան մէջ, կը բա­ւա­կա­նա­նամ միայն վկա­յա­կո­չե­լու հե­ղի­նա­կա­ւոր «­­Նիւ Եորք ­­Թայմզ»ի վեր­ջին մէկ հրա­տա­րա­կու­թիւնը, ուր ի­րա­պաշտ ո­ճով կը խօ­սո­ւի ­­Հա­յաս­տան-­­Թուր­քիոյ ներ­կայ սահ­մա­նի եր­կայն­քին վրայ ապ­րող ու գո­յա­տե­ւող այս «հա­յա­թա­փո­ւած» հա­յե­րուն մա­սին, ո­րոնց պար­տադ­րո­ւած կրօ­նա­փո­խու­թեան եւ ու­րաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը մի­տէր այդ մար­դոց ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն ու կրօն­քը փո­խել, բայց ո­րոնց դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ա­ռիթ տո­ւաւ ա­րաբ եւ մաս մը քիւրտ ըն­տա­նիք­նե­րու՝ ա­պաս­տան տա­լու եւ փրկե­լու ի­րենց կե­թո­յա­ցած կեան­քը: Ինչ­պէ՞ս հա­յը դար­ձեալ հայ պի­տի ը­նէինք, երբ չկրցանք ը­նել: Ա­նոնց­մէ ո­մանք ա­նո­րո­շու­թեան մէջ ապ­րե­ցան ա­րա­բա­կան տաք ա­րե­ւին տակ, ու­րիշ­ներ ալ քրտա­կան մութ լուս­նին ե­տին:
Հայ մար­դը շատ կա­րե­ւոր բան մըն է, որ­պէս­զի ան­ցած ու մոռ­ցո­ւած պարզ բան մը հա­մա­րո­ւի…

Օս­ման ­­Գա­վա­լան կը խորհր­դան­շէ մեր դա­ւա­նած ար­դա­րու­թիւ­նը

Թուր­քիոյ «Ա­նա­տո­լու ­­Քիւլ­թիւր» մշա­կու­թա­յին միու­թեան սե­փա­կա­նա­տէր Օս­ման ­­Գա­վա­լան մէկ տա­րիէ ի վեր բան­տար­կո­ւած կը մնայ թրքա­կան բան­տի մը մէջ, ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ կա­պեր սեր­մա­նե­լու յան­ցա­գոր­ծու­թեան կեղ­ծա­պա­տիր ամ­բաս­տա­նու­թեամբ:
Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, որ թուր­քիոյ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կող­մէ՝ խնդրոյ ա­ռար­կայ անձ­նա­ւո­րու­թեան դէմ ան­կողմ­նա­կալ ամ­բաս­տա­նա­գիր մը դեռ հրա­պա­րա­կո­ւած չէ, մարդ բա­ցար­ձա­կա­պէս չի հա­ւա­տար թուրք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ե­րե­ւա­կա­յա­ծին ու մո­լե­ռանդ ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րուն:
Բան­տին մէջ Օս­ման ­­Գա­վա­լա, իբ­րեւ մշա­կոյ­թի ու խո­րունկ խորհր­դա­ծող մար­դու՝ իր եր­կար ու ան­վեր­ջա­նա­լի ժա­մե­րը կ­‘ան­ցը­նէ եր­կա­րա­ժամ ըն­թեր­ցում­նե­րով, քա­նի մէկ տող իսկ գրե­լու ի­րա­ւունք չի տրո­ւիր, նոյ­նիսկ ի­րեն ար­տօ­նո­ւած չէ թուղթ ու մա­տիտ գոր­ծա­ծե­լու՝ վախ­նա­լով, որ ժա­մա­նա­կին հետ կա­պեր կ­‘ու­նե­նայ:
Կը թո­ւի, թէ կը վախ­նան, որ թուղ­թով ու մա­տի­տով ալ անս­պա­սե­լի ա­հա­բեկ­չու­թիւն մը կրնայ յա­ջողց­նել բան­տի ճա­ղե­րու ե­տե­ւէն…:
Բո­լորս, մա­նա­ւանդ զինք ճանչ­ցող­ներն ու չճանչ­ցող­նե­րը՝ յան­դուգն նա­խա­տե­սում­նե­րով յոյ­սով կը սպա­սենք, որ Օս­ման ­­Գա­վա­լան ան­մի­ջա­պէս ա­զատ ար­ձա­կո­ւի բան­տէն եւ մեր զար­գա­ցած բա­րո­յա­կան պա­տո­ւաս­տում­նե­րու հասկցած ար­դա­րու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րէ:
Երբ մար­դու ի­տէա­լը զեղ­չես, մար­դու գո­յու­թեան ի­մաս­տը կը չքա­նայ: ­­Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պէտք է լաւ հասկ­նան, որ ար­դա­րու­թեան դի­մա­կը կրնան գոր­ծա­ծել Բա­րե­կեն­դա­նին, ան­կէ դուրս գայ­թակ­ղու­թիւն կը հա­մա­րո­ւի:
Օս­ման ­­Գա­վա­լա բարձր խորհր­դա­նի­շով մարդ մըն է:
Ո՞վ որ կ’ը­սէ, թէ այս մէ­կը չի հասկ­նար՝ սուտ կը խօ­սի…:

azator.gr/?p=11849

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail