4 Հունվարի 2019
«Հաւատա՛, հայրենիք, վիրաւոր ու արիւնաքամ, դուն դարձեալ պիտի ապրիս, վասնզի անապատների բոլոր ոռնացող խուժաններն իսկ անզօր են սպաննելու լոյսը, որ մի բարի աստուած, մի գթոտ աստուած մի օր քո կարկառուն բազուկների մէջ դրեց, ո՜վ դու յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք…։
«Եւ դուք, ո՛վ մեր արիւնով ու վաստակով յղփացած բարբարոսներ, ճամբայ տուէք, հաւատացէ՛ք, որ ձեր իսկ ձեռքով նահատակուած հայ ցեղի ճիգերով է, որ մի օր լոյսը պիտի տեսնէք։
«Հաւատացէ՛ք ու ճամբայ տուէք»։
Հայոց Աշխարհի պաշտամունքը եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ աներեր հաւատքը այս աստիճան խորութեամբ, վեհութեամբ ու բոցաշունչ բանաստեղծականութեամբ մեր սերունդներուն աւետող երգիչն է Աւետիս Ահարոնեան, որուն ծնունդը կը նշենք Յունուարի ա՛յս օրը։
4 Յունուարին, 1866 թուականին, հայրենի Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղի դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ ծնաւ արու զաւակ մը, որուն Աւետիս անունը տուին՝ Քրիստոսի ծնունդի նախօրէի զուգադիպութեան՝ աւետիսի՜ ներշնչումով։
Եւ ինչպէս որ երբեմն անունը կը կանխորոշէ տուեալ անձի նկարագիրը, Աւետիս Ահարոնեան իսկապէս ալ աւետաբեր եղաւ՝ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան արշալոյսը աւետելու առումով։
Եղաւ լռել չգիտցող, այլեւ ստրկային հնազանդութեան լռութիւնը մերժող Հայը, որ իր գրիչով ու խօսքով սերունդներ ոտքի հանեց, ըմբոստացման մղեց եւ բոլորին վարակեց անսակարկ անձնուիրումի տարերքով՝ յանուն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան սրբազան կռուին։
Ահարոնեան իր հիմնական ուսումն ու հայեցի կազմաւորումը ստացաւ Էջմիածնի «Գէորգեան» Ճեմարանէն, որուն յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ թրծուեցան Ահարոնեանի միտքն ու հոգին։ Ուսանողական շրջանէն իսկ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի հունով ընթացաւ Ահարոնեան գրողին եւ ազգային գործիչին ողջ կեանքը։
Զապէլ Եսայեանի կողմէ «Հայ գրականութեան Թուխ Արամազդը» հռչակուած Ահարոնեան արձակով ստեղծագործեց։ Ոտանաւոր գրել գրեթէ չփորձեց, բայց հայոց սերունդներուն ընծայաբերեց ըստ ամենայնի բանաստեղծակա՛ն կշռոյթով բաբախուն արձակ էջեր՝ վէպ, վիպակ, պատմուածք, յուշագրութիւն եւ ուղեգրութիւն։ Բանաստեղծական շունչով յագեցաւ յատկապէս իր մշակած հայերէնը, որ մեր լեզուի զոյգ թեւերուն՝ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի գեղեցկագոյն առանձնայատկութիւններն ու հարստութիւնները միաձուլեց եւ նորովի հնչեցուց։ Աւելի՛ն. արտակարգօրէն բեղուն գրիչ ունեցաւ Ահարոնեան եւ աւելի քան 10 հատոր կը լեցնէ 45 տարիներու վրայ երկարած ստեղծագործական իր աշխատանքին արգասիքը:
Թէեւ Ահարոնեան սկսաւ գրել 1887ին, բայց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս անոր մրրկաշունչ ներկայութիւնը զգալի դարձաւ 1898էն սկսեալ, երբ Հ.Յ.Դ. օրգան «Դրօշակ»ի էջերուն եւ Ղարիբ ստորագրութեամբ լոյս ընծայեց հայ ազգային-ազատագրական շարժումէն ներշնչուած իր պատմուածքները։
Հետագային «Ազատութեան Ճանապարհին» ընդհանուր խորագրին տակ առանձին հատորով հրատարակուած այդ պատմուածքները՝ «Խայը», «Արիւնոտ թթխմոր», «Վազրիկ», «Աշուղը», «Դարբնի երգը», «Հայրէն» եւ միւս պատկերները բոլորն ալ անմիջապէս գրաւեցին ընթերցողի միտքն ու սիրտը՝ յեղափոխական շունչ ու ոգի ներարկելով յատկապէս ատենի նորահաս սերունդին։
Մինչեւ Աւետիս Ահարոնեան՝ հայ յեղափոխաշունչ գրականութեան ուղին հարթած էին արդէն Խաչատուր Աբովեան եւ Րաֆֆի։ Բայց եթէ Աբովեան եւ Րաֆֆի հայոց պատմութենէն եւ հերոսական անցեալէն կը ներշնչուէին՝ իրենց վիպականացուցած հերոսները կեանքի կոչելու համար, Ահարոնեան իր ամբողջ էութեամբ միախառնուած էր ուժեղ թափ ստացած հայոց ազատամարտի կենդանի հերոսներուն հետ։ Նոյն պատճառով ալ հայ ժողովուրդի 19րդ դարավերջի ազգային կենսակերպին ու ժողովրդային իրականութեան հարազատ հայելին եղաւ Ահարոնեանի գրականութիւնը։
Այդպէ՛ս, հայ գրականութիւնը ունեցաւ Հայ Վշտի եւ Ցասումի, Նահատակութեան եւ Հերոսական Խոյանքի, Պայքարի եւ Յաղթանակի իր մեծ երգիչը՝ Աւետիս Ահարոնեան անմահ անունով։
Իրապէս լայն բացուած հոգեմտաւոր եւ գեղարուեստական ընդգրկուն կարկինով օժտուած է Ահարոնեանի գրական ժառանգութիւնը։ Իր գործերուն սոսկ թւումը բաւարար է՝ ընդհանուր պատկերացում մը ունենալու համար Ահարոնեանի ընդգրկած նիւթերուն եւ բեղուն վաստակին մասին։ «Պատկերներ վերջին տարիների տաճկահայոց կեանքից»(1900), «Արցունքի հովիտ» (1902), «Իտալիայում» (1903), «Լռութիւն» (1904), «Սեւ թռչուն» (1910), «Իմ բանտը» (1911), «Պարտուածներ» (1912), «Շուէյցարական գիւղը» (1913), «Իմ գիրքը» (1927¬1931) եւ այլ անուններով լոյս տեսած Ահարոնեանի գործերը կը վկայեն ոչ միայն հայ արձակի տարբեր բնագաւառներուն մէջ հեղինակին կատարած մնայուն ներդրումին, այլեւ՝ մեծ գրողին ունեցած հոգեմտաւոր լայն հորիզոնին մասին։
Այդ արժեւորումով ալ, խստապահանջն Յակոբ Օշական վկայեց, թէ «Ահարոնեան մեծագոյն փարոսներէն մէկն է ապրող հայութեան։ Միակ դէմքն է ան, որուն ճառագայթումը դեռ ոչ մէկուն անհաճոյ ըլլալու պարագաները ցոյց տուած ըլլայ։ Անմահ է ան ցեղի բարքերուն պատկերացումին մէջ։ Ուժեղ ու բարձրօրէն գեղեցիկ է մեր դիւցազնամարտէն առնուած կարգ մը էփոփէներուն մէջ»։
Իսկ հայ գրական-քննադատութեան միւս հսկային՝ Նիկոլ Աղբալեանի վկայութեամբ, «Ահարոնեան գրագէտ է մեծատաղանդ եւ ազդու, մեծագոյնը եղածներուն մէջ, որ գրիչը ի սպաս է դնում հանրային վերելքին… Որքան եւ վէճ լինի իր արուեստի կատարելութեան մասին, սակայն, եթէ տասնի ճաշակին գոհացում չի տալիս, հազարի սրտից է խօսում եւ հազարների սովորեցնում է մտածել ու գործել հանրօրէն, սա ինքնին մեծ գործ է։ Հանապազօրեայ հացն է սա քաղաքական հայութեան համար եւ մեծ խթանը ինքնամփոփ հային՝ դուրս գալու համար իր առանձնութիւնից»։
Ահա՛ այս տարողութեամբ մեծութեան մը ծննդեան աւետիսը մեր ժողովուրդին տուին Առաքել եւ Զարդար Ահարոնեանները, երբ Իգդիրմաւայի իրենց ընտանեկան համեստ յարկին տակ, 4 Յունուար 1866ին, լոյս աշխարհ բերին արու զաւակ մը եւ Աւետիս կոչեցին զայն։
Եւ Աւետիս Ահարոնեան իր գրական-ստեղծագործական ու հանրային-քաղաքական ողջ կեանքն ու գործունէութիւնը շնչաւորեց Հայոց Աշխարհի պաշտամունքով՝ բոցաշունչ բանաստեղծականութեամբ սերունդներուն աւետելով՝
«Հայրենի աւերակների միջից Հայաստանը պիտի բարձրանայ լուսաճաճանչ ճակատով ե՛ւ լոյսի համար, ազատութեան համար, սիրոյ համար։
«Դէ՜, էլի մի անգամ եւ այսուհետեւ յաւիտենապէս, թող հնչուի մեր աշխարհում աշխատանքի մեծ երգը։
«…Ես հաւատում եմ, հա՛յ ժողովուրդ, քո դարձին, ինչպէս հաւատում եմ, որ ամէն առաւօտ արշալոյսը կը բացուի։ Հաւատում եմ, վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր հայրենիքը կայ, որ մեր թրթռացող հոգին է բռնել իր մայրական քնքոյշ ձեռների մէջ եւ ակնդէտ ու խռովայոյզ՝ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին։
«Եւ հեռու չէ այն օրը, երբ բազուկները տարածած, նա կ’ընդունի հեռաւոր հորիզոնների տակ յածող ու հեծող իր զաւակների կարօտակէզ բազմութիւնները, եւ բիւրաւոր ձայներ կը թնդան Մայր Արաքսի ափերին։
«Արմենիա, Արմենիա, ո՜վ իմ հոգու յաւիտենական ապաստան, ո՜վ իմ պաշտելի հայրենիք»։
azator.gr/?p=11853