12 Հուլիսի 2016 – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ:
ՎԱՀԷ ՕՆՆԻԿԻ ՓԱԹՈՒՔԵԱՆ
(Հօր կողմէ՝ պարտիզակցի)
Պարտիզակը հիմնուեցաւ Սուլթան Մուրատ Դ.ի ֆերմանով (հրամանագրով) 1625ին, Սեբաստիոյ նահանգէն գաղթած հայերու կողմէ։ Պարտիզակը զուտ հայաբնակ եւ հայախօս գիւղաքաղաք մըն էր, 1832ին կատարուած մարդահամարի համաձայն 3200 բնակիչ ունէր, իսկ 1880ի մարդահամարը 7000է աւելի բնակիչ կ’արձանագրէ։ Իսկ 1915ի տեղահանութեան պահուն կատարուած մարդահամարը կուտայ 2500 ընտանիք կամ 12.500 հոգի թիւերը։ Պարտիզակը ունէր վեց թաղային բաժանմունք, եկեղեցիի թաղ, ձորի թաղ, աւազուտի թաղ, նոր վերի կալերու թաղ, բորոտիստան թաղ եւ կաթոլիկ թաղ։
Պարտիզակէն կէս ժամ հեռու դէպի արեւելք կայ հայաբնակ Տէօնկել գիւղը, զուտ հայաբնակ գիւղը. 75 տուն. աւելի արեւելք Պարտիզակէն մէկ ժամ հեռու, շրջանի երկրորդ հայաբնակ կեդրոն Օվաճըքը՝ 500 տուն. Օվաճըքէն դէպի արեւելք կայ հայաբնակ Արսլանբէկ գիւղը։
Պարտիզակի դպրոցները
Պարտիզակի առաջին աղջկանց վարժարանը բացուած է Տէր Կարապետ Քահանայի կողմէ 1820ին։ Իզմիտի առաջնորդ Պօղոս Արքեպիսկոպոս կը հրահանգէ գիւղին մէջ բանալ ազգային վարժարան մը, մեր դպրոցին շէնքի շինութիւնը կը լրանայ 1833ին եւ իբր տնօրէն կը հրաւիրուի տիրացու Կարապետը, որ քաջ հայագէտ էր, անոր կը յաջորդէ Սոմունճենց տիրացու Յակոբը, ձայնաւոր եւ շարականագէտ։
Ազգային վարժարանի կառուցումէն տասը տարի ետք, ազգային դպրոցին կից շէնք մը կը գնեն, որը կը յատկացնեն աղջիկներու ուսման։
Պարտիզակի գրական ոսկեդարը կը սկսի 1880ին, երբ կը հրաւիրուի քսանամեայ Եղիշէ Վարդապետ Դուրեան, թէ՛ իբր քարոզիչ եւ թէ՛ տեսուչ վարժարաններու։ Առաջին օրէն այս ազնուական, խոհուն եւ պերճախօս եկեղեցականը կը շահի ընդհանուր համակրութիւն, գործեց լուռ, անաղմուկ եւ անդուլ, դպրոցական նոր շէնքի մը շինութիւնը գլուխ հանուեցաւ։ Եռայարկ երկու բաժանմունքով մանչերու եւ աղջիկներու, մեծ սրահներով եւ տասնեակ մը դասարաններով։ Ժողովուրդը սիրով եւ անձնուիրութեամբ փարեցաւ գործին եւ երկու տարուան մէջ կանգնեցաւ այս գեղեցիկ եւ պատկառելու շէնքը։
Շինութեան ընթացքին չընդհատուեցաւ ուսման ծրագիրը, դասարանները զանազան շէնքերու մէջ տեղաւորուեցան։ Երրորդ տարին Դուրեանը ունէր երկսեռ հազարի չափ աշակերտներ, իսկ հինգերորդ տարին ընծայեց անդրանիկ հունձքը։
Իր աշակերտներուն մէջ են Երուանդ Տէր-Անդրէասեան, Մկրտիչ Եպիսկոպոս Աղաւնունի, Անանիա Վարդապետ Հաբէլեան, Կարապետ Արքեպիսկոպոս Մազլըմեան եւայլն։
Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը հիմնուած է 1883ին, իր ամէնէն փայլուն շրջանը բոլորեց տոքթոր Չէմպրիսի օրով 1897էն 1912։ Պարտիզակի ազգային վարժարանը իր կրթութեան աստիճանով մշակոյթի աղբիւր մը եղաւ եւ փայլուն մրցակից մը ամերիկացիներուն բացած Հայ Սքուլին։ Բիւթանիոյ նահանգին ամէն կողմէ ուսանողներ կը ղրկուէին Պարտիզակի ազգային վարժարանը, որուն ընթերցաւարտները ապա իբր ուսուցիչ եւ եկեղեցական փնտռուեցան եւ ծառայեցին, ամէն կողմ։ Եղիշէ Վարդապետ Դուրեան՝ իբր ներհուն եւ պերճախօս քարոզիչ, մեծապէս ծառայեց Պարտիզակի հոգեւոր վերելքին եւ իր օրով տկարացան միսիոնարական քարոզչութեան ազդեցութիւնն ու ծաւալումը։
Դուրեան Վարդապետ իր անուան դրոշմը ու հմայքը տուած էր Պարտիզակին, ան տասը տարի ծառայեց Պարտիզակ, ապա Արմաշի փոխ-վանահայր նշանակուելով՝ հեռացաւ, իր տեղը նշանակելով եռանդամ մարմին մը, որ կազմուած էր Երուանդ Անդրէասեանէ, Գրիգոր Մխալեանէ եւ Մինաս Սէմէրճեանէ։
1907 Օգոստոս 17ին կատարուեցաւ Պարտիզակի ազգային վարժարանին յոբելեանը՝ արտակարգ փայլով, որուն ներկայ եղան եւ խօսեցան Իզմիտի Իտատիէ վարժարնի տնօրէնը, Թաղական Խորհուրդին կողմէ Մինաս Ծալեան, դպրոցի ուսումնապետ Աստուածատուր Հաբելեան, Աբրահամ Տէր-Յակոբեան, Թորգոմ Ծ. Վրդ. Գուշակեան, տոքթ. Չամպըրս եւ պետական ներկայացուցիչներ։
Պարտիզակ մտաւորական կեդրոն մըն էր, Պոլսոյ մէջ չկար մտաւորական մը, որ չայցելէր հոն, բոլոր գրողները, արուեստագէտները եւ կուսակցական գործիչները անպատճառ անցած էին անկէ։
Կոմիտաս Վարդապետը Պարտիզակ եկած եւ կազմած է Մինասեան երգչախումբը, դասախօսած եւ երգած է հոն։ Աբէլեան Զարիֆեան թատերախումբը ներկայացումներ տուած է հոն, նոյնպէս Վահրամ Փափազեան եւ Պարտիզակցի դերասան Ենովք Շահէն, հայ տրամաթիկ թատերախումբով 1911ին եկած են Պարտիզակ եւ տուած են քանի մը ներկայացումներ։
Պարտիզակ այցելած են Գ. Զոհրապ, Արշակ Չոպանեան, Սիամանթօ, Դ. Վարուժան, Հայկանոյշ Մարք, Յ. Շահրիկեան, Լեւոն Էսաճեան, Ենովք Արմէն, Կարօ Սասունի, Արշակ Ալպոյաճեան, Արշակ Վռամեան, Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի, Հրանդ Ասատուր, Ռուբէն Զարդարեան, Վահան Թէքէյեան եւ ուրիշ շատեր։
Պարտիզակի եկեղեցիները
Երբ Պարտիզակ հիմնադրուեցաւ 1625ին, շինուեցաւ տախտակաշէն եկեղեցի մը՝ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի անունով, այս եկեղեցին գիշեր մը հրոյ ճարակ եղաւ եւ հազիւ կրցան փրկել գրչագիր հին աւետարանը։1724ին կառուցուած է երկրորդ եկեղեցին, որ աւելի ընդարձակ էր, սակայն ժողովուրդի աճման պատճառով, այս եկեղեցին ալ նեղ կուգար, Պարտիզակի ժողովուրդը տասը հազար ղրուշ կաշառք տալով գաւառի բռնապետ Հիւսէին փաշային, նոր եկեղեցի մը շինելու արտօնութիւն առաւ անկէ, արտօնութիւնը տրուեցաւ պայմանով, որ եկեղեցիին շինութիւնը աւարտի մէկ ամիսէն։
Ժողովուրդը աննախընթաց եռանդով առտու եւ գիշեր աշխատելով կառուցեց եկեղեցին, սակայն կիր չգտնուելով, ցեխով հիւսեցին պատերը։ Բայց ցեխով կառուցուած եկեղեցին, ամէն կողմէ խալխըլեցաւ ժամանակի ընթացքին եւ փլելու վտանգի տակ էր, սակայն նորը կառուցելու հրաման կարելի չեղաւ առնել, միայն ենիչերիներուն ջնջումէն ետք (1826) սկսաւ թոյլատրուիլ նոր եկեղեցիներուն կառուցումը։
1830ին պարտիզակցիները դիմեցին Յարութիւն Պէզճեան ամիրային, նոր եկեղցիի մը շինութեան հրամանը առնելու համար սուլթանէն։ Ամիրան երեք օրուան ընթացքին կը հանէ եկեղեցիին կառուցումը արտօնող կայսերական հրովարտակը, որու հիման վրայ օրուան պատրիարք Տէր Կարապետ Արքեպիսկոպոս կը ղրկէ Նիքոմիտիոյ իշխանութիւններուն, որոնք եւ արտօնութիւնը կուտան եկեղեցիին շինութեան։
Կը սկսի անսովոր աշխատանք, հին եկեղեցին քանդելու եւ նոր շինելու համար, եկեղեցիին ծախսը եղած է 331.500 ղրուշ, այն օրուան արժէքով 3000 թրքական հնչուն ոսկի է, այս ահռելի գումարը բացի 20.000 ղրուշէն, զոր նուիրեց Պէզճեան ամիրան, հաւաքուեցաւ Պարտիզակի ժողովուրդէն։
Այսպէս շինուեցաւ մեծ սիւնազարդ տաճար մը, որ նման էր Պոլսոյ մեծ եկեղեցիներուն, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի անունով։ Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ կար ձեռագիր աւետարան մը, գրուած Կիրակոս Կրօնաւորին կողմէ 1584ին, Գիրգոր Աղթամարցի կաթողիկոսին ժամանակ, նոյնպէս կար ձեռագիր աւետարան մը Տէր Աւետիսի որդի՝ Վահան քահանայի կողմէ գրուած 1677ին։
Պարտիզակի մօտակայ Օվաճըք հայկական գիղը, որուն եկեղեցին ձեռագիր յայսմաւուրք մը ունէր, որ գրուած է Յակոբ կրօնաւորի կողմէ 1627ին։
Պարտիզակի տուած հոգեւորականները
Թորգոմ Արք. Գուշակեան՝ Պատրիարք Հայոց Երուսաղէմի, Մկրտիչ Աղաւնունի Եպիսկոպոս, Կարապետ Արք. Մազլըմեան՝ առաջնորդ հայոց Յունաստանի, Պսակ Թումայեան Եպիսկոպոս, Վահան Տէր Մինասեան, Եպիսկոպոս, Յովհաննէս Փիրէնեան Վարդապետ, Եղիշէ Խաչերեան Վարդապետ, Անանիա Հաբելեան Վարդապետ, Յովհաննէս Աւագ Քահանայ եւ բազմաթիւ քահանաներ, որոնք պաշտօնավարած են նաեւ գաւառները եւ տեղահանութենէն յետոյ, սփիւռքի ամէն կողմ։ Վենետիկի պարտիզակցի Մխիթարեաններէն Յովհն. Թորոսեանը, Եսայի Տայենց, Վարդան Հացունի, Արսէն Ղազիկեան, Մկրտիչ Պոտուրեան, Ղեւոնդ Տայեան հայրերը պարտիզակցի կրթական մշակներ էին փրոֆ. Աբրահամ Տէր-Յակոբեան, ուսուցիչ Ռոպերթ գոլէճի Պոլիս փրոֆ. Գառնիկ Ալեքսանեանը դասախ. Սթրազպուրկի համալսարանի, Երուան Տէր-Անդրէասեան, Մինաս Շալեան, Մինաս Սէմէրճեան, Գրիգոր Մխալեան, Արմենակ Տէր-Յակոբեան, փրոֆ. Հրանդ Տէր-Անդրէասեան, Գառնիկ Պոտուրեան, Ղազարոս Նահապետեան եւ շատ ուրիշներ։
Պարտիզակի գրիչի մարդիկ էին Յակոբ Ալոճեան, Մինաս Գասապեան (Մ. Վերածին), Աբիկ Տէր-Մինասեան, Հրաչ Քաջարենց՝ խմբագիր Պէյրութի «Մասիս» թերթին, Մինաս Թէօլէօլեան, Վահրամ Պապօխեան (միստիք Բաբգէն Պօղոսեան, Յակոբ Խաշմանեան, Երուանդ Թոփուզեան (բանուոր) եւ ուրիշներ։ Պարտիզակցի էին նաեւ երաժիշտներ Գուրգէն Ալեմշահ (1909-1947), Յակոբ Քհնյ. Տէլէկճեան եւ Տիգրան Տէր-Անդրէասեան։ Նոյնպէս պարտիզակցի էին դերասանուհի Տիկին Սիրանոյշ Աբէլեան (Կ. Պոլիս), Անահիտ Դատաւորեան (Հայաստան) եւ դերասան Ենովք Շահէն։
Կուսակցութիւնները Պարտիզակի մէջ
Արմենականեր.- 1880ական թուականներու վերջաւորութեան, Իզմիտէն Պարտիզակ կուգան սրճեփ Ամասխալը, Յովհաննէս Ազգապետեանը եւ Գրիգոր Մխալեանը, որոնք երիտասարդներ կը հաւաքեն եւ անոնց կուտան Մարսէյլ հրատարակուող Մկրտիչ Փորթուգալեանի «Արմենիա» թերթը եւ ուրիշ յեղափոխական գրականութիւն, շուտով անոնք կը բազմանան եւ այսպէս Պարտիզակի մէջ կը հիմնադրուի Արմենական կուսակցութիւնը։
Արմենակեանները Հայաստանի սուրբ գործին ի նպաստ դրամ կը հաւաքեն եւ կեդրոն կը ղրկեն 30 թրքական հնչուն ոսկի, սակայն Պապ Ալիի դէպքին հետեւանքով Պարտիզակի մէջ ալ խուզարկութիւններ կ’ըլլան եւ Արմենական շարժումը վերջ կը գտնէ։
Հնչակեան կուսակցութիւն.- Արմենական շարժումին կը յաջորդէ Հնչակեան կազմակերպութիւնը, որ շուտով իր շուրջը կը հաւաքէ շատ երիտասարդներ եւ այսպէս Պարտիզակի մէջ կը հիմնադրուի Հնչակեան կուսակցութեան զօրաւոր մասնաճիւղ մը, որ կը ղեկավարուի Երուանդ Թոփուզեանի (բանուոր) եւ Կարապետ Փաթուքեանի կողմէ, մասնաճիւղը շարունակ կը գործէ մինչեւ վերջ, մինչեւ տարագրութիւնը։
Հ.Յ.Դ. — Պարտիզակի մէջ կը կազմակերպուի 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք եւ կը գործէ մինչեւ տարագրութիւն։ Տարագրութենէն վերադարձէն վերջ, 1920ին բժիշկ Սարգիս Քիւթնէրեան իբր Դաշնակցական գործիչ քեմալականներուն կողմէ կը ձերբակալուի եւ կախաղան կը հանուի։
Պարտիզակցիներուն տեղահանութիւնը
1914ի Օգոստոսին ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարուեցաւ Պարտիզակի մէջ, երեք օրուան ընթացքին 1500 հայ տղամարդիկ 18էն 45 տարեկան, ներկայացան զինուորական իշխանութիւններուն, ասոնց մեծ մասը զինուորական փրկագին վճարելով չզինուորագրուեցաւ։
Կառավարութիւնը սկսաւ շատ նեղել ժողովուրդին՝ բանակին համար նուէրներ հաւաքելու ձեւով, կողոպտեց ժողովուրդին։
1915ի Ապրիլի վերջաւորութեան, գիւղի մտաւորականները աքսորուեցան դէպի Միջագետքի անապատները։ Յուլիս 20ին պաշարուեցաւ քաղաքը եւ եղան հայերու ձերբակալութիւններ, քաղաքին մէջ սկսաւ խուճապը։
Ժողովուրդը դրամ ճարելու համար՝ ծախու հանեց ունեցուածքը, զոր շրջակայ թուրքերը ոչինչ գումարներով կը գնէին, մնացեալ գոյքերն ալ փոխադրուեցան եկեղեցիները, դպրոցը եւ Ամերիկեան վարժարանը։ Կառավարութիւնը վստահեցուցած էր պարտիզակցիներուն, թէ իրենց վերադարձին իբր թէ պիտի գտնէին իրենց իրերը։
Օգոստոս 9ին հրաման արձակուեցաւ ընդհանուր տեղահանութեան եւ երկու օրուան ընթացքին պարպուեցաւ ժողովուրդը, բացի քանի մը ընտանիքէ, որոնք կը պատկանէին պետական պաշտօնեայ եւ զինուորական ունեցողներուն։ Պարտիզակէն առաջ արդէն տեղահանուած էին շրջակայ Օվաճըգ, Տօնկէլ եւ Ասլանպէկ գիւղերու հայերը։
Ժողովուրդը հաւաքուեցաւ Իզմիտ, ուրկէ դրամ ունեցողները շոգեկառքով, չունեցողները հետիոտն ճամբայ հանուեցան դէպի Էսկիշէհիր եւ Գոնիա, անկէ մաս-մաս դէպի դժոխք, դէպի Տէր Զօր, Քերքուկ եւ մինչեւ Մուսուլ, ուր կորան եւ մահացան։ Պարտիզակ մնացին՝ իսլամանալով, երկու ընտանիք, տէր-տէրիկ Յովհաննէս եւ չախըր Յակոբի ընտանիքները, Պարտիզակէն տեղահան չըրին շատ ծերեր եւ հիւանդներ, որոնց բնակեցուցին կուճուկ անտառի Կիւլէսէր Նիկողոսի շիրիմատունը։
Աքսորէն վերադարձը
12.500 բնակչութենէն հազիւ 2000ը վերադարձան աքսորէն եւ գիւղը աւերակ վիճակի մէջ գտան, նոյնիսկ գերեզմանատան շիրիմաքարը տարած էին, Ս. Յակոբ եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցիները ախոռի եւ մթերանոցի վերածած էին, շրջակայ Իսլամ ընտանիքները բերած էին դատարկ Պարտիզակը վերակենդանացնելու, ասոնք տեղացիներու վերադարձէն յետոյ իրենց նախկին տեղերը վերադարձան, իրենց ետին թողելով ամէն ինչ քարուքանդ։
Հակառակ դժնդակ պայմաններուն, վերադարձող պարտիզակցիները առանց յուսահատելու կը փարին իրենց հայրենիքին վերածնունդի գործին, անտուն մնացածները հիւրընկալուեցան, կանգուն տուն ունեցողներու կողմէ, պարտէզներ ու արտեր մշակուիլ սկսան։
Վերադարձողներու հետ, Պարտիզակ հաւաքուեցան զանազան գաւառներէ հինգ հարիւրի չափ որբեր, որոնց համար հաստատուեցաւ որբանոց մը, որուն տնօրէն կարգուեցաւ Յակոբ Ալաճեան։
Եկեղեցիին եւ դպրոցին քանդուած մասերը հաւաքուեցան եւ աքսորէն փրկուած միակ քահանան՝ Տէր Ներսէս Ղազարոսեան իր հօտին գլուխը անցաւ, Անանիա Վարդապետ Հաբէլեանը եւ Իզմիտի առաջնորդ Մազլըմեան Արքեպիսկոպոսը հոս եկան պատարագելու։
Վերաբացուեցաւ նաեւ դպրոցը 250 աշակերտներով, տնօրէնութեամբ Գրիգոր Սարայտարեանի։
Սակայն երկար չտեւեց Պարտիզակի հանգիստ կեանքը։ Տակաւ առ տակաւ կը սեղմուէր քեմալական շղթան։ Ստիպուեցան որբանոցը փոխադրել նախ Իզմիտ եւ ապա Կ. Պոլիս։
Ի վերջոյ, Յունական բանակի պարտութեան հետեւանքով, Պարտիզակի եւ ամբողջ Բիւթանիոյ նահանգի Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը ապաստանեցաւ Յունաստան, Պուլկարիա եւ Ռումանիա։
Տեղահանութեան ժամանակ 250ի չափ պարտիզակցիներ, գլխաւորութեամբ Զալըմ Կարապետի, լեռը ապաստանեցան, այս խումբը հազիւ քանի մը ամիս կարողացաւ տոկալ եւ անօթութեան ու կառավարութեան հետապնդումներուն հետեւանքով, խումբին անդամները հոս ու հոն ցրուեցան եւ մնացին շուրջ 25 հոգի, որոնք լեռը մնացին մինչեւ պատերազմին աւարտը, պատերազմի երկրորդ պարպումէն ետքն ալ խումբ մը պարտիզակցիներ լեռները ապաստանեցան՝ ճիճ Յովհաննէսի եւ չաւուշ Օհանէսի Ճոպոյեանի առաջնորդութեամբ։
Այս խումբը բազմաթիւ բախումներ կ’ունենայ միլլի ուժերուն հետ, կը սպաննուին Միհրդատ եւ Մելքոն Պաղտասարեանները ու Օվաճըքցի Օննիկ Յաբեթեանը, որոնց գլուխները ցիցի վրայ անցուցած կը պտըտցունեն Պարտիզակի շուրջ գտնուող թուրք գիւղերու մէջ, խումբին մնացորդները կը յաջողին Յունաստան անցնիլ։