Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Յեղափոխութիւնը Կլանեց Սփիւռքի Նախարարութիւնը

15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019– ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Ըստ վերջին լուրերուն, խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պիտի ջնջուի սփիւռքի նախարարութիւնը, նոյնպէս` մշակոյթի նախարարութիւնը: Բազմաթիւ հակազդեցութիւններ հրապարակուեցան սփիւռքի նախարարութեան անհետացումին վերաբերեալ: Եթէ շատեր կը քննադատէին նախարարութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը, քիչեր կը դժգոհէին անոր գոյութենէն: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հարցականի տակ առաւ այդ գոյութիւնը:

Արդարեւ, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւնները, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Վահէ Սահակեանի հետ գործակցաբար, հրապարակեց սփիւռքի քաղաքականութեան ռազմավարութեան նախագիծ մը, որ միաժամանակ նկատի առած է սփիւռքէն չորս մտաւորականներու` Խաչիկ Թէօլէօլեանի, Ռազմիկ Փանոսեանի, Արա Սանճեանի եւ Հրաչ Չիլինկիրեանի խորհուրդները: Սակայն, շատ պարզ է, որ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր Նիկոլ Փաշինեան յստակ պատկերացում մը ունէր սփիւռքի հետ հետագայ յարաբերութիւնները մշակելու եւ զարգացնելու վերաբերեալ:

Մնալով յեղափոխութեան առանցքին վրայ` Փաշինեան կը մեկնի հիմնական հետեւեալ տեսակէտէն, որ հայաստանցին, Հայաստան ապրելով հանդերձ, վերածուած է սփիւռքահայու` անոր մէջ կոտրած ըլլալով յոյսը ապագային հանդէպ: Հետեւաբար հարկ է, որ Հայաստանի քաղաքացին դառնայ տէրը իր երկրին եւ նոյն տրամաբանութեամբ ալ` սփիւռքահայը: Փաշինեան բազմիցս արտայայտած է այն կարծիքը, որ ջնջուած է Հայաստանը եւ սփիւռքը սահմանազատող անջրպետը, քանի որ սփիւռքահայը ունի կամ պիտի ունենայ այն նոյն հնարաւորութիւնը, որ ունի հայաստանցին: Պարզապէս Հայաստանի եւ սփիւռքի սահմանները ջնջուած են: Բոլոր սփիւռքահայերը կ՛ընկալուին արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացիներ:

Փաշինեան նման կարծիք յայտնած էր Փարիզ այցելութեան ընթացքին, երբ համայնքին հետ հանդիպումի ատեն ան ներկաներուն դիմեց` իբրեւ Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ: Եւ երկարօրէն հիմնաւորեց հանրութեան դիմելու իր այս ձեւը` ըսելով, որ սփիւռքահայը սփիւռքէն մասնակցեցաւ Հայաստանի մէջ յեղափոխական շարժումին նոյնքան, որքան` Հայաստանի ժողովուրդը, գիշեր-ցերեկ հետեւելով անցուդարձերուն, հոգեպէս գօտեպնդելով ժողովրդական շարժումը, հեռակայ ձեւով իր զօրակցութիւնը յայտնելով, սփիւռքի մէջ վերագտնելով իր հայ քաղաքացիի ապրումները:

Մնալով Փաշինեանի պատկերացումներու սահմանին մէջ, այո՛, կարելի է համաձայնիլ իրեն հետ, որ արտագաղթած Հայաստանի քաղաքացին պէտք չունի սփիւռքի նախարարութեան: Անոր մէջ Հայաստանի հետ կապը կը մնայ պորտային, օրկանական: Թէեւ արտասահման ծնած երկրորդ սերունդը արդէն բոլորովին կը տարբերի գաղթական սերունդէն: Եւ ո՜ւր մնաց արեւմտահայ սփիւռքահայը, որ ընկերամշակութային, լեզուական եւ ընտանեկան հսկայական տարբերութիւններու տէր է:

Յեղափոխութեան տրամաբանութեան մէջ մնալով` Փաշինեան կ՛ապաւինի հայութեան մէջ ներուժի արթնութեան, կը հաւատայ յեղափոխութիւն կատարած ժողովուրդին ներուժին վարակիչ յատկութեան: Սփիւռքը կը դիտէ յեղափոխութեան ակնոցով, մէկ պարունակի մէջ, առանց սահմանազատելու աւանդական սփիւռքն ու սփիւռքացումի ենթակայ գաղթականները:

Յեղափոխութեան տրամաբանութիւնը կը մնայ հայաստանակեդրոն: Ան հեռու է սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հրապարակած ռազմավարական նախագիծին տրամաբանութենէն: Ներկայ դրութեամբ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարժի Փաշինեանի պատկերացումներով: Օրը կու գայ, երբ քաղաքական իրականութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ նոր հրամայականներով:

Այլապէս, ինչպէս որ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը կատարուեցաւ առանց սփիւռքահայութեան կարծիքը առնելու` նոյնպէս անոր անհետացումը կը կատարուի զանցելով այդ քայլը:

Ժ. Չ.

aztagdaily.com/archives/423239

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail