Ազգային Ժողովի 7-րդ Գումարման Անդրանիկ Նիստը. Արարատ Միրզոյեան Միաձայնութեամբ Ընտրուեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ. Փաշինեան` Վարչապետ
15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Երէկ` երկուշաբթի, 14 յունուար 2019-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 7-րդ գումարման անդրանիկ նիստը: Նիստը վարեց ամէնէն տարեց պատգամաւոր Կնիազ Հասանովը:
Հասանովը կարդաց պատգամաւորական երդման բնագիրը, եւ բոլոր պատգամաւորները երդում տուին:
Նշենք, որ Ազգային ժողովի 7-րդ գումարման պատգամաւորներու թիւը 132 է: Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած է 3 խմբակցութիւն` «Իմ քայլը» դաշինք, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն: «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը ունի 88, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը` 26, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը` 18 պատգամաւոր:
Պատգամաւորական երդումէն ետք Հասանովը կարդաց բոլոր պատգամաւորներուն անուն-մականունները, այնուհետեւ անոնց առաջարկեց արձանագրուիլ:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Երկրին Առջեւ, Արտաքին Հանգամանքներով Պայմանաւորուած, Լրջագոյն Մարտահրաւէրներ Կան, Որոնց Դիմակայելու Համար Ներքին Կեանքին Մէջ Պէտք Է Քիչ Հարցեր Ունենանք»
7-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւորներու օրէնսդրական ջանքերով պիտի ձեւաւորուին Հայաստանի տնտեսութեան շարունակական զարգացման, գիտութեան, մշակոյթի յառաջընթացի, մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման համար անհրաժեշտ կարելիութիւնները:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, խորհրդարանի առաջին նիստին, իր օրհնութեան խօսքին մէջ, այս մասին ըսաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ողջունեց պատգամաւորներն ու իր հայրապետական օրհնութիւնը բերաւ անդրանիկ նիստին առիթով: «Արգասաբեր գործունէութեան առիթով կը շնորհաւորեմ նորընտիր պատգամաւորները: Այսօր դուք` իբրեւ ժողովուրդի վստահեալ ներկայացուցիչներ, կը ստանձնէք ձեր պարտականութիւնները: Հայաստանի նոր կեանքը կերտելու պատասխանատուութիւնը նաեւ ձեր ուսերուն է, քանզի մեր երկրի յառաջընթացն ու զարգացումը մեծապէս կապուած է օրէնսդիր մարմինին գործունէութեան: Մեր ժողովուրդը բարեփոխումներու մեծ յոյսեր ու ակնկալիքներ ունի, միայն բարօրութեան ու կարիքներու հոգածութեան հրամայականը չէ, որ կը յուզէ մեր ժողովուրդը: Մեր երկրին առջեւ ծառացած են արտաքին հանգամանքներով պայմանաւորուած լրջագոյն մարտահրաւէրներ, զորս դիմագրաւելու եւ շահեկան կերպով լուծումներու առաջնորդելու համար ներքին կեանքին մէջ պէտք է քիչ հարցեր ունենանք: Պետական-քաղաքական գործիչներու եւ ամբողջ հասարակութեան ընդհանուր բարեխղճութիւնը եւ քաղաքացիական պատասխանատուութիւնը մեր ժողովուրդի ներուժի համախմբման, մեր պետականութեան ամրապնդման, յուսալի ապագայի կերտման գլխաւոր պայմանն են», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Ան շեշտեց, որ պատգամաւորներու օրէնսդրական ջանքերով պիտի ձեւաւորուին անհրաժեշտ միջավայր ու կարելիութիւններ` մեր երկրի տնտեսութեան շարունակական զարգացման, գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի յառաջընթացին համար, մեր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման համար: Իսկ պատգամաւորներու հաստատած օրէնքները պիտի ծառայեն հասարակական կեանքին մէջ օրինականութեան եւ արդարութեան ամրապնդման, որոնք կը զօրացնեն մեր ընթացքը:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վստահութիւն յայտնեց, որ պիտի արդիւնաւորուին նաեւ Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ ընթացող քննարկումները եւ տրուած որոշումները: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ քաղաքական հայեացքներու եւ տեսակէտներու բազմակարծութեամբ հանդերձ` ժողովուրդի լուսաւոր ապագայի նոյն տեսլականը կը միաւորէ պատգամաւորները:
Արմէն Սարգսեան. «Այսօր Յաջողութեան Հասնելու Համար Սեւեռենք Մեր Ուշադրութիւնը Եւ Գործունէութիւնը Ապագային Վրայ»
7-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւորներու յաջողութիւնը մեծապէս կապուած է Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի աջակցութենէն: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստին ընթացքին յայտնեց երկրի նախագահ Արմէն Սարգսեանը:
«Պատմութիւն դարձած 2018-ը մեծ փոփոխութիւններու, փորձութիւններու, սպասումներու եւ յոյսերու տարի էր: Մեր ժողովուրդի լաւագոյն յատկանիշներուն` միասնականութեան, համախմբուածութեան, բարձր բարոյական եւ քաղաքական, քաղաքական հոգիի բազմաթիւ դրսեւորումներու տարի էր: 9 դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնք ճանչցուած են մասնակցած բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ միջազգային դիտորդներուն կողմէ, բարձր օրինականութեամբ օժտած են ներկայ Ազգային ժողովը: Նոր Ազգային ժողովի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումով կ՛աւարտի քաղաքական փոփոխութիւններու առաջին փուլը: Կը սկսի յաջորդը` յոյսերու եւ խոստումներու արդարացման, հետեւողական, յամառ եւ ամէնօրեայ աշխատանքի փուլը: Դուք ստացած էք լայն կարելիութիւններ` կեանքի կոչելու թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարները եւ արդարացնելու հասարակութեան սպասելիքները` կերտելու նոր Հայաստան: Ձեր գործունէութեան յաջողութիւնը մեծապէս կապուած պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիի աջակցութենէն, եւ անոր մասնակցութենէն հասարակական, քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային կեանքին», ըսաւ նախագահը:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր ելոյթին մէջ մատնանշեց այն առաջնահերթ խնդիրները, որոնք ծառացած են Ազգային ժողովի եւ պետական մարմիններուն առջեւ:
Հայաստանի նախագահը նոր Ազգային ժողովին մաղթեց արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր աշխատանք:
Նիկոլ Փաշինեանը Նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ
Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի առաջին մասը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 14 յունուարին ստորագրած է Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետ նշանակելու մասին հրամանագիր: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի գրասենեակէն:
Այս առիթով Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը նախագահական նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է «Իմ քայլը» դաշինքի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանին հետ:
Արարատ Միրզոյեան Միաձայնութեամբ Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ
Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Արարատ Միրզոյեանը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին 14 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստի ընթացքին յայտնեց Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի ղեկավար Վահագն Յովակիմեան:
«Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի 132 պատգամաւորներու 131 կողմ ձայնով Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածու Արարատ Միրզոյեանը», ըսած է Յովակիմեան:
1 քուէաթերթիկ նկատուած է անվաւեր:
Արարատ Միրզոյեանը շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան բարձր քուէին համար: «Այսպիսի քուէն իսկապէս պարտաւորեցնող է: Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին իւրաքանչիւր վայրկեան պիտի աշխատիմ յիշել այս պարտաւորութիւնը», ըսած է Միրզոյեան:
Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութիւնները նախագահի թեկնածու չէին առաջադրած:
Վլատիմիր Փութին, Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Եւ Բակօ Սահակեան Շնորհաւորական Հեռագիրներ Յղած Են Նիկոլ Փաշինեանին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորական հեռագիր յղած է Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելու առիթով` յոյս յայտնելով, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը պիտի նպաստէ դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման: Այդ մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը:
Նոյն առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը:
aztagdaily.com/archives/423285