15 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնաց քանդել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, եթէ վերջինս ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումէն ետք յարձակում գործէ Սուրիոյ քիւրտերուն դէմ:
Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Կը սկսինք Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու երկար սպասուած հեռացումին` միաժամանակ ծանրօրէն եւ բազմաթիւ ուղղութիւններէ հարուած հասցնելով ՏԱՀԵՇ-ին: Գոյութիւն ունեցող մերձակայ ռազմակայաններէն դարձեալ յարձակում պիտի գործենք, եթէ անիկա վերակազմակերպուի: Թուրքիան տնտեսապէս պիտի քանդենք, եթէ անոնք հարուածեն քիւրտերը եւ ստեղծեն 20 մղոննոց ապահովական գօտի մը…»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը այլ գրութեամբ մը զգուշացուց քիւրտերը` նշելով. «Նոյնպէս, չենք ուզեր, որ քիւրտերը գրգռեն Թուրքիան: Ռուսիան, Իրանն ու Սուրիան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը ոչնչացնելու ամերիկեան քաղաքականութենէն մեծագոյն շահ ապահովողներն են, անոնք (ՏԱՀԵՇ-ի) բնական թշնամիներն են: Մենք եւս շահ կ՛ապահովենք, սակայն այժմ ժամը հասած է զօրքերը տուն վերադարձնելու: Դադրեցուցէ՛ք անվերջ պատերազմները»:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով հակադարձեց Թրամփին: «Պարոն Տանըլտ Թրամփ, ահաբեկիչները չեն կրնար քու գործընկերներդ ու դաշնակիցներդ ըլլալ: Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգներ յարգեն մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը, եւ չ՛ուզեր, որ ահաբեկչական քարոզչութեան ճամբով շուքի մատնուի: ՏԱՀԵՇ-ի, ՔԱԿ-ի, Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ: Պիտի շարունակենք բոլորին դէմ պայքարիլ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ վերաբերեալ Թրամփի թուիթըրեան գրառումները կ՛առնչուին ներքին քաղաքականութեան, եւ կարելի չէ որեւէ բան իրագործել տնտեսական գետնի վրայ սպառնալով Թուրքիոյ: Դէմ չենք Սուրիոյ մէջ ապահով գօտի ստեղծելու գաղափարին»:
«Ռազմավարական գործընկերները ընկերային ցանցերու ճամբով չեն խօսիր, եւ Թրամփի յայտարարութիւնը սխալ է», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս բուռն կերպով մերժած էր հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցող Թրամփի կեցուածքը: Թուրք-ամերիկեան տարակարծութիւնները պատճառ դարձած էին Էրտողանի եւ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընի միջեւ հանդիպումի ջնջման` վերջինիս Իսրայէլի մէջ կատարած «ամերիկեան ուժերու հեռացումէն առաջ պէտք է քիւրտ դաշնակիցներու անվտանգութիւնը երաշխաւորել» յայտարարութեան համար: Էրտողան նշեց, որ Պոլթըն մեծ սխալ գործեց քիւրտերն ու ահաբեկչական խմբաւորումները նոյնացնելով:
Թուրքիոյ նախագահը հոկտեմբեր 2018-ին յայտարարած էր «քանի մը օրէն» Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող քիւրտերուն դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու մասին, սակայն, աւելի ուշ Թրամփի հետ ունեցած զրոյցէն ետք յետաձգած էր որոշումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ վերաբերեալ Թրամփի կատարած վերջին յայտարարութիւնները չեն կրնար ազդել Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման ծրագիրին վրայ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը, սակայն, մերժեց բացատրել, թէ ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէ Թուրքիան տնտեսապէս քանդելու մասին Թրամփի թուիթըրեան գրառումը` նշելով. «Այդ մասին դուք պէտք է հարցնէք անձամբ նախագահին»:
yerakouyn.com/2019/01/15/