14 հոկտեմբեր 2015
Սուրիա- Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին, Սուրիական բանակը, Իրանեան ուժերը եւ Հըզպալլայի ջոկատները, ռուսական օդուժի զօրակցութեամբ կը պատրաստուին Հալէպի մէջ, ընդդիմադիրներու դէմ ցամաքային յարձակումի:Սուրիական բանակի եւ իր դաշնակիցներու անցեալ շաբթուան յարձակումը ցամաքայինի շրջագիծէն ընդարձակուելով, թիրախ պիտի ունենայ ընդդիմադիրները Համայի նահանգէն դէպի արեւմուտք:
Տարածաշրջանի ծրագիրներուն տեղեակ երկու պատասխանատուներ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան յայտնեցին, թէ հազարաւոր իրանցի զինուորներ հասած են մասնացելու ցամաքային յարձակումին, որպէս նեցուկ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատին: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հիւսիսային Ատլանտեան ուխտի անդամ՝ Անգարայի կառավարութիւնը մտահոգուած ըլլայ ռուսական կործանիչներու Սուրիոյ ընդդիմութեան դէմ կատարուելիք գրոհներուն համար: «Ռօյթըրզի բանբերը նաեւ ըսած է, թէ «Ակնյայտ են այդ տարածաշրջանին մէջ եղած տեղական հսկայական պատրաստութիւնները», աւելցնելով թէ, «Սուրիական բանակի, Հըզպալայի ջոկատներու լաւագոյն կռուողներու եւ հազարաւոր Իրանցիներու մեծ կուտակում կայ եւ անոնք վերջին օրերուն մասնակի խումբերով շրջան հասած են»:
Սուրիական կառավարութեան համակիր երկրորդ պատասխանատու մը յայտնած է , թէ Հալէպի պատերազմը կայացնելու որոշումը առնուեցաւ եւ գործադրութիւնը շատ մօտ ժամանակի մէջ պիտի ըլլայ:
Գաղտնիք չէ որ հազարաւոր իրանցիներ կան Սուրիոյ մէջ եւ անոնց գլխաւոր դերը մասնակցութիւն բերել է Իտլիպի, Ղապի եւ Հալէպի մարտերուն:
http://www.arevelk.am