ԸՆԿ. ՀՐԱՆԴԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Մտիկ ըրի ընկ. Հրանդ Մարգարեանի արտասանած խօսքը եւ դիմատետրի վրայ կարդացի շատերու արտայայտած գնահատականները այդ խօսքի նկատմամբ, որոնք ընդհանուր առմամբ դրական են եւ երբեմն գոհացած ու խանդավառ: Նկատի ունենալով որ ընկ. Հրանդ որոշած է իր ելոյթը կատարել հրապարակային կերպով, ինքզինքիս թոյլ կու տամ արձագանգել նոյն կերպով:
Ես ալ գոհ եմ որ Ընկեր Հրանդ որոշած է իր թեկնածութիւնը չդնել նոր Բիւրօյի ընտրութիւններուն, եւ եթէ այդ որոշումը անկեղծ է եւ չունի յետին նպատակներ, պատիւ իրեն: Անձամբ կը մնամ վերապահ և կը կարծեմ որ Ընկ. Հրանդէն եւ իր ղեկավարած Բիւրոյէն դժգոհ ընկերներ պէտք չէ բաւարարուին այս որոշումով, որովհետեւ ան մարտավարական բնոյթ ունի եւ չէ դրդուած գործուած սխալներու պատասխանատուութիւնը ընդունելու տրամաբանութենէն:
Ընդհանուր ժողովի նպատակը մէկ ղեկավարը միւսով փոխարինելը չէ: Եթէ ընկ. Հրանդ պէտք չէ դարձեալ Բիւրօ ընտրուի, ատոր պատճառը պէտք է ըլլայ ոչ թէ մարտավարական ճկունութիւնը, ինչպէս ինք կ’ըսէ, այլ իր ղեկավարած Բիւրօյի վարած քաղաքականութեան եւ գործունէութեան բացասական գնահատականը: Ըստ ինծի, այդ քաղաքականութիւնը, գործունէութիւնը եւ գործելակերպը ունին բազմաթիւ խոցելի եւ աններելի կէտեր որոնց անդրադարձած եմ անցեալին եւ որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Եթէ ընդհանուր ժողովը վերլուծէ այս բոլորը եւ տայ նոյն գնահատականը ինչ ես, այդ պարագային է միայն որ ան պէտք է որոշէ չվերընտրել ընկ. Հրանդին եւ սկիզբը դնէ նոր քաղաքականութեան եւ նոր ոճի: Այլապէս, թէ ընկ. Հրանդ ընտրուէր է թէ ոչ բան չի փոխեր կացութենէն:
Ընկ. Հրանդ իր խօսքին մէջ չընդունիր որեւէ սխալ, այլեւ կը մատնանշէ ուրիշներու սխալները: Ընդհանուր ժողովը այլ քաղաքական ուժերու գործունէութեան քննարկման վայրը չէ, այլ Դաշնակցութեանը: Եթէ ընդանուր ժողովը համաձայն է ընկ. Հրանդին հետ ապա բնականաբար զայն պէտք է վերընտրէ: Անընդունելի կ’ըլլայ զայն չընտրել մարտավարական ճկունութեան հաշուին եւ սակայն թոյլ տալ իրեն անցնիլ վարագոյրի ետին ու հոնկէ կառավարել իրեն համամիտ եւ հաւատարիմ անձերէ գոյացած նոր Բիւրօ մը, որ պիտի նոր դէմքերով վարէ նոյն հին քաղաքականութիւնը:
Roupen Karakachian- https://www.facebook.com/profile.php?id=100009432464587&__tn__=%2CdlC-R-R&eid=ARAIktvhq7IRT9aG-TFkkEWFM1Z-ZkjTGJ1014iJb5bPJWQ0nNPg7RtF6CczSLa2ZUfd5McalTIVjyTi&hc_ref=ARTDI3SVaGKR-qvsHyn1CpgzTHN3AjMCvi4v-g5J-N-gx4X4k1daYFl5NSyppYSXkRU