18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019
Մոսկուայի քաղաքապետութիւնը հայ կաթողիկէ համայնքին տրամադրեց հողատարածք մը եկեղեցի կառուցելու համար:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն՝ յայտնելով, որ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի՝ 11 Յունուարին, Ռուսիա կատարած հովուական այցելութենէն ետք, Մոսկուայի քաղաքապետութիւնը հրապարակեց տեղեկատուութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ քաղաքապետարանի քաղաքաշինական-հողային հարցերու յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է հայ կաթողիկէ համայնքին յանձնելու հողատարածք մը եկեղեցիի կառուցման համար:
Հողատարածքը Մոսկուայի Հարաւային Պութով շրջանին մէջ է եւ ունի 0.7 հեկտար տրամագիծ: «0.7 հեկտար հողատարածքը կը տրամադրուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ժողովրդապետութեան՝ 9 տարի անհատոյց օգտագործման իրաւունքով, եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր-մշակութային կեդրոնի նախագծման եւ կառուցման համար», յայտնեց յանձնաժողովի քարտուղարը՝ Անասթասիա Փէոտուա:
Եկեղեցւոյ ընդհանուր մակերեսը կրնայ կազմել մինչեւ 1000 քառ.մ., իսկ հոգեւոր կեդրոնը՝ շուրջ 850 քառ.մ.: Նոր կառուցուելիք եկեղեցին պիտի ըլլայ Մոսկուայի առաջին հայ կաթողիկէ եկեղեցին:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Մոսկուայի մէջ այժմ կ՛ապրին շուրջ 500 հայ կաթողիկէ ընտանիքներ, իսկ ամբողջ Ռուսիոյ մէջ՝ հայ կաթողիկէներուն թիւը շուրջ 100,000 է:
asbarez.com/arm/335245/