18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սուրիոյ քիւրտերու Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Պետրան Չիյա Քուրտ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ քիւրտերը դէմ են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միացեալ ջանքերով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու գաղափարին, որ քանի մը տարիէ ի վեր յառաջ կը մղուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:
Ըստ քրտական կողմին՝ այդպիսի քայլ մը պիտի նշանակէ թրքական բռնագրաւող ուժերուն յանձնել այդ տարածքները, պաշտօնականացնելու անոնց ապօրինի արարքները։
Քուրտ նշեց, որ իրենք պիտի ընդունին միայն ՄԱԿի վերահսկողութեան տակ գտնուող միջազգային ուժերու ներկայութիւնը: Իբրեւ այլընտրանքային տարբերակ՝ քիւրտերը չեն բացառեր սուրիական բանակին կից զինուորական որոշ միաւորումներու հետ համագործակցութիւնը:
«Սուրիոյ քիւրտերը կը մերժեն երկու երկիրներու սահմանին եւ սուրիական կողմի տարածքին մէջ թրքական վերահսկողութեան տակ ապահովութեան գօտիի մը ստեղծման առաջարկը։ Կարելի է Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ միջեւ անջատման գիծ մը ստեղծել, ՄԱԿի խաղաղապահ ուժեր բերելով կամ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով, որպէսզի մեր շրջաններուն դէմ յարձակում չգործէ: Մնացեալ ընտրանքները կարելի չէ ընդունիլ, որովհետեւ կ՛ոտնահարեն Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ մեր ինքնակառավարման իրաւունքը», իր կարգին յայտնեց քիւրտ ղեկավար Էլտար Խալիլ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնացած էր Թուրքիան տնտեսապէս քանդել, եթէ Անգարա Սուրիոյ քիւրտերուն վրայ յարձակում գործէ: Սակայն, Էրտողան՝ մեկնաբանելով այդ սպառնալիքը եւ անոր հետեւած Թրամփի հետ իր հեռաձայնային զրոյցը, նշած էր, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովութեան գօտի մը ստեղծելու մասին «պատմական կարեւորութիւն ունեցող» համաձայնութիւն գոյացուցած է:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիան պէտք է ըլլայ սուրիական վարչակարգին վերահսկողութեան տակ։
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Մոսկուա ներկայիս կը զօրակցի քիւրտերուն եւ սուրիական իշխանութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւնները սերտացնելու ջանքերուն:
«Այն հողերը, որոնցմէ հեռացած են ամերիկացիները, պէտք է յանձնել սուրիական կառավարութեան: Համոզուած ենք, որ միակ եւ լաւագոյն լուծումը այդ շրջանները սուրիական կառավարութեան, սուրիական ապահովական ուժերուն եւ վարչական կառոյցներուն վերահսկողութեան փոխանցելն է», նշեց Լաւրով:
Ան աւելցուց, որ Մոսկուա հետաքրքրուած է Իտլիպի շուրջ ռուս-թրքական համաձայնութեան գործադրումով՝ աւելցնելով. «Իտլիպի վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները պիտի քննարկուին (Ռուսիոյ նաախագահ Վլատիմիր) Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին»:
Ակնարկելով սուրիացի գաղթականներուն ՄԱԿին տրամադրուող օժանդակութեանց՝ Լաւրով ըսաւ. «Կը պնդենք մարդասիրական օժանդակութիւններուն մատակարարման ամբողջական թափանցիկութիւնը ապահովելու անհրաժեշտութեան վրայ, որպէսզի այդ օժանդակութիւնները ահաբեկիչներուն ձեռքը չ՛անցնին»:
asbarez.com/arm/335288/