Փայլան Յստակացում Կը Պահանջէ Թուրքիոյ Արդարադատութեան Նախարարէն

18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:

ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան յստակացում պահանջած է արդարութեան նախարարէն՝ իր դէմ սկսած եւ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301րդ յօդուածով դատական հետապնդումին գծով։

Փայլան իր յղած հարցումնագիրին մէջ, նախ ընդգծած է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է այդ յօդուածի հիմամբ դատապարտուիլը եւ Տինքի ուղղեալ բոլոր ատելութեան պատգամներու ետին շահագործուած են այդ յօդուածով սահմանուած պատիժի առկայութիւնը: Փայլան նաեւ յիշած է, թէ Եւրոպական Միութեան օրէնքներուն պատշաճելու գործընթացին մէջ յօդուածը վերատեսութեան ենթարկուած էր եւ այդ յօդուածով դատ բանալու համար պայման դրուած էր արդարադատութեան նախարարի արտօնութեան ապահովումը:

Կարօ Փայլան արդարադատութեան նախարարին ուղղած է եօթը հարցում, որոնք կը վերաբերին այդ յօդուածի շրջագիծին մէջ 2008էն ի վեր յարուցուած հարցաքննութեան թոյլտուութիւններու, արգելքներու, այդ շրջագիծին մէջ շարունակուող դատերու կամ արձակուած վճիռներու մասին:

Փայլան նաեւ հարցուցած է, թէ այդ ծիրին մէջ Մարդկային իրաւանց եւրոապական ատեանին մէջ Թուրքիոյ դէմ յարուցուած մեղադրանքներուն թիւը որքա՞ն է եւ մինչեւ օրս անոնց համար Անգարա որքա՞ն վնասուց հատուցում տուած է:

asbarez.com/arm/335303/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail