18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Եւրոպական Միութիւնը եւ Համաշխարհային դրամատունը շուրջ 13 միլիառ եուրօ կը տրամադրեն Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրին մասնակցող վեց պետութիւններուն՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի եւ Պելոռուսի մէջ ենթակառուցուածքային շարք մը մեծ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:
Նախագիծերուն իրականացման նպատակով՝ կը պահանջուին ընդհանուր առմամբ շուրջ 13 միլիառ եուրօ արժողութեամբ ներդրումներ՝ նախատեսուած ընդհանուր 4800 քիլոմեթր ինքնաշարժներու մայրուղիի եւ երկաթագիծի, 6 նաւահանգիստի եւ 11 սպասարկման կեդրոններ կառուցելու համար, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Հրապարակուած փաստաթուղթին համաձայն՝ այս ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանին պիտի յատկացուի առաւել քան 730 միլիոն եուրօ: «Հիւսիս-Հարաւ»ի Արտաշատ-Ագարակ հատուածի շինարարութեան համար կը նախատեսուի յատկացնել 450 միլիոն եուրօ, Գիւմրի-Բաւրա ճանապարհին՝ 41 միլիոն եուրօ, եւս 7.5 միլիոն՝ Երեւան-Վանաձոր ճանապարհի վերանորոգման: Շուրջ 15 միլիոն եուրօ կը նախատեսուի տրամադրել Մեղրիի սահմանային անցակէտին:
Ներդրումային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած նախագիծերը սահմանուած են Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ համատեղ՝ միջազգային ֆինանսական հիմնարկութիւններու աջակցութեամբ: Նախագիծերուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել նոր եւ գոյութիւն ունեցող ճանապարհներու, երկաթուղային գիծերու, նաւահանգիստներու, օդակայաններու, ինչպէս նաեւ սպասարկման կեդրոններու եւ սահմանային անցակէտերու համար անհրաժեշտ շինարարութիւն եւ վերականգնում:
«Տրանսպորտային կապի ընդարձակումը՝ ինչպէս Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանում, այնպէս էլ Ալգ տարածաշրջանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ ունի տնտեսական աճը խթանելու եւ աշխատատեղեր ստեղծելու ներուժ: Ծրագրի միջոցով կ՛ընդգծուի ճանապարհային անվտանգութեան նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ թուային լուծումների կարեւորութիւնը նոր նախագծերում: Այն կը նպաստի նաեւ նախագծային չափորոշիչների համապատասխանեցմանը Եւրամիութեան ներկայ գործելակերպին», նշեց Եւրոպական միութեան փոխադրամիջոցներու հարցերու յանձնակատար Վիոլեթա Պուլճ:
asbarez.com/arm/335310/