Թուրքիա Կը Գտնուի Ցեղասպանութիւն Գործելու Հաւանականութիւն Ունեցող Երկիրներու Առաջին Տասնեակին Մէջ

Քալիֆորնիա Քուրիեր» թերթի www.TheCaliforniaCourier.com հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԹՈՒՐՔԻԱ: 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

 

1227haroutsassounianԸստ Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի Վաղ նախազգուշացման ծրագիրին՝ Թուրքիա ութերորդն է զանգուածային սպանութիւններու իրականացման ամէնէն բարձր վտանգը ունեցող երկիրներու շարքին: Ատրպէյճան անճշդօրէն աւելի ցած՝ 87րդ դիրքին վրայ է, իսկ Հայաստան իրաւամբ կը զբաղեցնէ նոյնիսկ աւելի ցած՝ 102րդ դիրքը: Թուրքիա կը գնահատուի իբրեւ 11.2 տոկոս կամ իննէն մէկ հնարաւորութիւն ունեցող երկիր՝ 2019ին զանգուածային նոր սպանութիւններ իրականացնելու առումով:

Վաղ նախազգուշացման ծրագիրը յայտարարած է, որ «ցեղասպանութիւնները երբեք ինքնաբուխ չեն, անոնց միշտ կը նախորդեն վաղ ահազանգումի շարք մը նշաններ: Եթէ այդ նշանները յայտնաբերուին, անոնց պատճառները կրնան ջնջել՝ կանխելով աղէտալի յառաջընթացի հնարաւորութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզման յուշահամալիր-թանգարանի հիմնադրման կանոնադրութեան մէջ, զոր գրած է Հոլոքոսթը վերապրած Էլի Վիզէլ, կ՛ըսուի. «Միայն անցեալի սխալներէն սորվելու գիտակցուած, ջանադիր փորձը կրնայ կանխել անոնց կրկնութիւնը՝ ցեղային, կրօնական, ազգագրական կամ ազգային որեւէ խումբի նկատմամբ: Եթէ որեւէ յուշահամալիր չ՛արձագանգեր ապագայի դէպքերուն, կը նշանակէ, որ կ՛ոտնահարէ անցեալի յիշողութիւնը»։

Թուրքիոյ կողմէ կրկին ցեղասպանութիւն իրականացնելու բարձր վտանգը հիմնուած է անոր անցեալի եւ ներկայի գործողութիւններուն վրայ: Թրքական կառավարութիւնը ոչ միայն մէկ դար առաջ իրագործած է ցեղասպանութիւն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ, այլ նաեւ կը շարունակէ զանգուածային սպանութիւններ կատարել իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւն հանդիսացող քիւրտերու դէմ: Աւելի մտահոգիչ է այն փաստը, որ Թուրքիոյ ղեկավարները կը ժխտեն զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ անամօթաբար կը մնան չապաշխարած, ինչ որ կը յանգեցնէ մարդկութեան դէմ նոր ոճիրներու կատարման…

Թուրքիոյ՝ ցեղասպանութիւն գործելու վտանգը թերագնահատուած է, քանի որ ուսումնասիրութիւնը կը ներառէ միայն երկրին ներսը կատարուած զանգուածային սպանութիւնները, բացառելով միջ-պետական հակամարտութեան զոհերը: Որովհետեւ Թուրքիա ներգրաւուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին քիւրտերու դէմ զինուած լայնածաւալ յարձակումներու մէջ եւ կը սպառնայ ընդլայնել ռազմական գործողութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, զանգուածային ոճրագործութիւններու վտանգը շատ աւելի բարձր է, քան ուսումնասիրութեան մէջ նշուածը:

Վաղ նախազգուշացման ծրագիրին մէջ կը բացատրուի, որ 2016ին Թուրքիոյ մէջ ձախողած յեղաշրջման փորձը բարձրացուցած է զանգուածային սպանութիւններու հնարաւորութիւնը: Առաւել քան 100 հազար զինուորական եւ քաղաքացիական աշխատողներ հեռացուած են, իսկ տասնեակ հազարաւորներ բանտարկուած, շատերը՝ առանց դատավարութեան: «Այլ (թրքական ցեղասպանութեան) վտանգի գործօնները կը ներառեն մարդոց շարժման ազատութեան բացակայութիւնը, երկրին անոքրաթիք (բռնատիրական եւ ժողովրդավարական յատկանիշներու խառնուրդ) վարչակարգի տեսակը, մեծաթիւ բնակչութիւնը, զանգուածային սպանութիւններու պատմութիւնը եւ շարունակուող հակամարտութիւնը կառավարութեան եւ քիւրտ ապստամբներու միջեւ»:

 

ԹՈՒՐՔ ԼՐԱԳՐՈՂԸ

ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ Է

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԸՍԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

 

Պոլսոյ դատարանը թուրք լրագրող Փելին Ունքերը դատապարտեց 13.5 ամսուան բանտարկութեան, զայն մեղադրելով երկրի նախկին վարչապետը եւ անոր երկու որդիները զրպարտելու յանցանքով: 8 Յունուար 2018ին, ան նաեւ ենթարկուեցաւ տուգանքի՝ 1615 տոլար գումարով:

Ունքեր յօդուած մը գրած էր թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին մէջ, բացայայտելով, որ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ անոր երկու որդիները Մալթայի մէջ ունին նաւային հինգ ընկերութիւններ: Երկու տարի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնելէ ետք, Եըլտըրըմ դարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ: Ան ներկայիս թեկնածու է Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին՝ նախագահ Էրտողանի Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կողմէ:

Եըլտըրըմի ընտանիքին ընկերութիւններու սեփականութիւնը Մալթայի մէջ բացայայտուած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»ուն (Paradise Papers) կողմէ եւ տպագրուած է աշխարհի տարբեր թերթերու մէջ: Ինչպէս ես տեղեկացուցած էի Յունիս 2017ին գրած յօդուածիս մէջ՝ Եըլտըրըմի ընտանիքին կը պատկանին 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ հետեւեալ նաւային եւ այլ օտարերկրեայ ունեցուածքներ.

– 18 նաւ (հոլանտական խտացած ընկերութիւններ՝ մասամբ կամ ամբողջութեամբ սեփականացուած).

– 1 նաւ (հոլանտական Անթիլեան ընկերութիւն).

– 4 մալթեան ընկերութիւն.

– 7 սեփականութիւն Հոլանտայի մէջ.

– 8 նաւ Հոլանտայի մէջ.

– 3 նաւ Մալթայի մէջ:

Տարօրինակ է, որ Եըլտըրըմի ունեցուածքի բացայայտման համար Փելին Ունքեր միակ պատժուած լրագրողն է: Ունքեր յայտարարած էր, որ պիտի բողոքէ անարդար դատավճիռին դէմ, որովհետեւ Եըլտըրըմ դատարանին մէջ խոստովանած էր, որ ստուերային տուրքերէ ազատ գօտի գտնուող այդ ընկերութիւնները կը պատկանին իրեն: Նոյեմբեր 2017ին, նախկին վարչապետը եւ անոր որդիները դատ բացած էին  Ունքերի դէմ, զայն մեղադրելով «պետական պաշտօնեան վիրաւորելու եւ զայն զրպարտելու յանցանքով»:

Անկախ լրագրողներու միջազգային ընկերակցութեան (ICIJ) տնօրէն Ճերըրտ Ռէյլ դատապարտած էր Ունքերի պատիժը՝ իբրեւ «եւս մէկ խայտառակ յարձակում խօսքի ազատութեան վրայ, Թուրքիոյ մէջ»: Ռէյլ աւելցուցած էր. «Դատավճիռը անտեսած է «Դրախտի փաստաթուղթեր»ու հետաքննութեան ճշմարտութիւնը եւ կրնայ ճնշիչ ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիոյ մէջ մնացած մամուլի չնչին ազատութեան վրայ: Այս անարդար դատավճիռը տրուած է արդարացի եւ ճշմարիտ լրագրութիւնը լռեցնելու համար: Ուրիշ ոչինչ: ICIJ-ը կ՛ողջունէ Փելին Ունքերի հետաքննութեան մասին խիզախ եւ ճշմարիտ հաշուետուութիւնը եւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի բռնակալ իշխանութեան տակ լրագրողական ազատութեան այս վերջին յարձակումը»:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան 2018ի Աշխարհի ազատ մամուլի ցանկին վրայ, Թուրքիա, 180 երկիրներու շարքին գրաւած է 157րդ դիրքը: Այդ կազմակերպութիւնը Թուրքիան բնութագրած է՝ իբրեւ «մասնագէտ լրագրողներու համար աշխարհի ամէնէն մեծ բանտը»։

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

sbarez.com/arm/335234/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail