18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ:
Տիկի՛Ն Աննա …Քայլ Արա Եւ
Ընդունէ Արեւմտահայերէնը
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Պահի՛ր նրան բարձր ու վճիտ,
Արարատի Սուրբ ձիւնի պէս,
Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ,
Քո պապերի աճիւնի պէս,
Ու ոսոխի զարկիցը սեւ
Դու պաշտպանի՛ր կրծքով նրան,
Ինչպէս մօ՜րդ կը պաշտպանես,
Թէ սուր քաշեն մօրդ վրայ,
Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես
Այս լուսնի տակ ու՜ր էլ գնաս,
Թէ մօ՛րդ անգամ մտքից հանես,
Քո մա՜յր լեզուն չմոռանաս …
Անմահն Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» յաւերժական պատգամը կը գերազանցէ հայրենի այժմու քաղաքական վիճակին առնչուող եւ կտակի բնոյթ ունեցող «Ապստամբութիւն» բանաստեղծութիւնը:
Սփիւռքի այլազան հոսանքներու եւ յարանուանութեանց հովանիին տակ գործող տարբեր հայկական վարժարաններու ծրագիրին մաս կը կազմէ վերոնշեալ ոտանաւորին ուսուցումը, որ Տէրունական աղօթքի նման` ոմանք կը կրկնեն մինչեւ իրենց վերջին շունչը:
Այս դաստիարակութենէն մեկնած, ընդհանրապէս որպէս սկզբունք` հայոց լեզուի պաշտպանութեան եւ մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի գուրգուրանքին ու պահպանումին, պարտք զգացի ստորեւ գրել…
Ժընեւահայ գաղութը դեկտեմբերի կէսերուն մէկ շաբաթ տեւողութեամբ պատիւը ունեցաւ «աշխատանքային այցով» հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի տիկինը` Աննա Յակոբեանը:
Ժողովրդային առաջին եւ վերջին հանդիպումը կայացաւ ժամանման օրը, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայ կեդրոնի սրահին մէջ, շուրջ երկու հարիւր հոգիի ներկայութեամբ:
Տիկին Աննան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ «Իմ քայլը» բարեսիրական ծրագրին վրայ, ընկերակից գործավարին օժանդակութեամբ եւ իր ակնկալութիւնները յայտնեց այս գործին հանգանակութեան մասին` բացատրելով նաեւ նպատակները:
Ելոյթի աւարտին Ժընեւէն եւ հեռաւոր քաղաքներէն ժամանած այլազան բնագաւառներու մասնագիտութեամբ պարապողներ իրենց առաջարկներն ու ծրագիրները ներկայացուցին նոր Հայաստանի վերականգնումին համար:
Իմ կարգիս մտահոգութիւն յայտնեցի Սուրիոյ տագնապի սկզբնաւորութեան ընթացք առած արտագաղթի մասին` յուսալով, որ նոր վարչակարգը աւելի կարեւորութեամբ կը հետեւի հալէպահայերու ներգաղթին, յատկապէս` ճարտարարուեստի մարզի վարպետներուն դիւրութիւններ տալով, հիմնուելով վարչապետի յայտարարութեան «տնտեսական յեղափոխութեան» կարեւորութեան վրայ:
Մեկնումի պահուն «սելֆի» նկարուելու հերթի կանգնածներու շարքին, որ կը դասաւորուէր երկու թիկնապահներու կողմէ, կարողացայ մօտենալ տիկին Աննային` ներկայացնելով ժընեւահայ գաղութի երկամսեայ պարբերաթերթի` «ԱՐՁԱԳԱՆԳ»-ի վերջին թիւը, ուր գրախօսած էի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` «Երկրի հակառակ կողմը» հատորը, խնդրելով ամուսնոյն հասցնել եւ արտատպել «Հայկական ժամանակ»-ին մէջ, որուն խմբագրապետն է տիկին Աննան:
Սիրով կը յանձնեմ, «բայց… ՄԵՆՔ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՏՊԵՐ», եղաւ տիկին Աննային կտրուկ պատասխանը:
Լախտի հարուածի նման ստացած պատասխանս Զաքարիա մարգարէի պապանցումին մատնեց լեզուս:
«Մենք արեւմտահայերէն չենք տպեր». այս կարճ նախադասութեան ականջալուր եղայ` շօշափելով անհանդուրժելի մտայնութիւն մը, որ ցնցեց թաւշեայ յեղափոխութեամբ ապրող էութիւնս:
Հիմա պիտի ըսեմ` ՔԱՅԼ ԱՐԱ… ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ:
Թաւշեայ յեղափոխութեան վարդագոյն շողերը աշխարհասփիւռ մեն մի հայատրոփ սիրտ խռովեց: Հայրենիքի գաղափարը իր դաստիարակութեան առանցքը ընդունող արեւմտահայը նոյնքան իր գուրգուրանքն ու սէրը կը տածէ հարիւրամեայ անկախ հայրենիքին հանդէպ, երբ տակաւին չէ սպիացած մեծ վէրքը` իր կորսնցուցած պատմական հայրենքի տարածքները, Արեւմտահայաստանը:
Արեւմտահայերէնը մեզի հետ բերուած է որպէս անկորնչելի գանձ, որ ոչ մէկ հարստութեան հետ կարելի է փոխարինել:
Հայոց պատմութեան մեծագոյն դէմքի` Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծագործած սրբազան տառերը ոսկեդարեան գրաբառով, ապա շուրջ մէկուկէս դար առաջ Աբովեանով սկսած արեւելահայերէնի զուգահեռ, պոլսահայ գրողներու ճիգերով ծնունդ առաւ արեւմտահայերէնը, որոնք միասնաբար ծաղկած են` հասնելով այսօրուան բիւրեղ հայերէններուն. անոնք կը նմանին որեւէ ծնողքի երկուորեակ զաւակներուն:
Թուրքի եաթաղանի նման` խորհրդային «բարիքներ»-ու շարքին մեր լեզուն ալ ստացած է աբեղեանական ուղղագրութեան հարուածը` իրարմէ հեռացնելով մեր զոյգ մշակոյթները: Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան վերադառնալու կոչերը … «Ձայն բարբառոյ յանապատի» են երեսուն տարիէ ի վեր:
Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զանազան մարմիններու շարքին կը գործէ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով» մը` բաղկացած շուրջ քսան սփիւռքահայ մտաւորականներէ: Անոնցմէ մին` հալէպահայ հրապարակագիր Լեւոն Շառոյեան, վերջերս Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի մամուլի լսարաններու շարքին հանդէս եկաւ «Արեւմտահայերէնը եւ արեւմտահայերէնի պահակները» նիւթով, ուր ներկայացուց երկու պահակախումբեր` դպրոցներ եւ մամուլ, որոնք սփիւռքի տարածքին կը պահպանեն մայրենին` առանց խտրութիւն դնելու Մաշտոցի երկուորեակներու միջեւ: Արտասահմանեան մամուլին մէջ կողք-կողքի կը կարդանք երկու լեզուներով յօդուածներ, մեր աշակերտներու շուրթերէն կը լսենք Պարոյր Սեւակի ու Վահան Թէքէեանի ոտանաւորները, մեր դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած են Րաֆֆին ու Շիրվանզադէն, Դաշտենցն ու Շիրազը` իրենց արեւմտահայ գրչեղբայրներ Մուշեղ Իշխանի ու Արփիարեանի, Արամ Հայկազի ու Երուանդ Օտեանի հետ: Եւ վերջապէս, մարդասէր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանը արեւմտահայ էր, ներգաղթեց հայրենիք… ուր ան նահատակուեցաւ:
Հայաստանի Առաջին տիկնոջ հոգեբանութիւնը շօշափելով, որ նաեւ լրագրող է, մտահոգուած եմ արեւմտահայ գրականութեան ճակատագրով հայրենի հողին վրայ, անոր գագաթներէն` «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան խորհրդային օրերէն հիմնուած թատրոնը Երեւանի մէջ կրնա՞յ անուանափոխուիլ, ուր արեւմտահայ թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները կը ներկայացուին արեւմտահայերէնով:
Սփիւռքահայ երիտասարդներ, երբ նահատակուեցան Արցախի անկախութեան ի խնդիր, գիտէին, որ հոն ապրող ժողովուրդը արեւելահայերէն կը խօսի եւ իրենք` արեւմտահայերէն:
Եւ վերջապէս` հաստատում մը, որ իւրաքանչիւր գիտակից հայ պարտաւոր է իմանալ: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 20-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական լեզուն հայերէնն է»: Հոն չկայ խտրութիւն արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի:
Վերադառնալով տիկին Աննայի այցելութեան, ան պատշաճօրէն, ճանապարհորդութեան աւարտին, յստակ թիւերով ներկայացուց իր կատարած հանգանակութեան եւ ծախսերուն գումարները: Շնորհակալութի՛ւն: Լաւ կ՛ըլլար իմանալ նաեւ, թէ որքանո՛վ արեւմտահայ բարերարներ նպաստած են այս առիթով:
Ազնուփայլ հիւրը իր պետական հանդիպումներու շարքին այցելեց Ս. Յակոբ եկեղեցի, ներկայ գտնուեցաւ Թօփալեան միօրեայ վարժարանի Կաղանդի հանդիսութեան, հովանաւորեց երկրաշարժի երեսնամեակի նուիրուած երաժշտական երեկոն: Ան մասնակցեցաւ նաեւ զուիցերահայ վերնախաւի հաւաքներուն, երեւոյթ մը, որ յիշեցուց լուծարքի ճակատագրին արժանացած Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնին տասնամեակ մը միահեծան նստած նախարարուհին:
Զուիցերիահայ գաղութին մէջ օրէ օր աճող եւ արդէն իսկ գաղութին մեծամասնութիւնը կազմող Հայաստանէն արտագաղթողները, որոնցմէ ոմանք տակաւին կ՛ապրին հանրակացարաններու մէջ, արժանի չեղան հաւաքական հանդիպումին: Նկատի ունենալով, որ թաւշեայ յեղափոխութեան գլխաւոր լոզունգի` «Մեծ հայրենադարձութեան» առաջին քայլը կը սկսի հեռաւոր այս կայքերէն:
Այսօր, երբ սեւի եւ ճերմակի հոգեբանութիւնը կը տիրապետէ հայրենի քաղաքական կեանքի բեմահարթակին վրայ, խոհեմութիւն է ըլլալ զգօն եւ համբերատար` լաւատես ակնկալութեամբ` դիտելով նոյնիսկ յոռի երեւոյթները: Սակայն մայրենիի հանդէպ որեւէ արհամարհում մեզ կը դասէ Մաշտոցի թիկնազօրի շարքին:
Վերոյիշեալ նիւթը թուղթին յանձնելէ առաջ պատմեցի բարեկամի մը, պատասխանը եղաւ… «Նիկոլի երեւակայական ճանապարհորդութիւնը սկսած է դառնալ ընտանեկան ծրագիր»:
Հայ ժողովուրդը 2019 տարին կը դիմաւորէ թաւշեայ ուրախութեամբ, լաւատես ոգիով: Տասը միլիոն հաշուող Հայկ նահապետի շառաւիղները, ի Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռս աշխարհի, պահանջը կը զգան եւ իրաւունք ունին արդար ու անկողմնակալ վերաբերմունքի` հայրենի նորընտիր ղեկավարութեան կողմէ:
Ժընեւ, 1 յունուար 2019
aztagdaily.com/archives/423708