«Սուրիոյ Հիւսիսը Ստեղծուելիք Անվտանգութեան Գօտին Պիտի Ըլլայ Թրքական Բանակի Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Քալըն

18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միացեալ ջանքերով Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծուելիք անվտանգութեան գօտին պիտի ըլլայ թրքական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի Աքըթ» օրաթերթը:

Քալըն շեշտած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ գործել` հետեւելով իր պետական շահին ու Թուրքիոյ քաղաքացիներուն եւ անոնց ինչքերուն անվտանգութենէն մեկնելով:

«Իրաքի մէջ ըլլայ, թէ Սուրիոյ կամ ուրիշ տարածքի մէջ` Թուրքիան թիրախաւորող ահաբեկչական ուժերու դէմ վճռական պայքարը պիտի շարունակուի», ըսած է Էրտողանի բանբերը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ «այն հողերը, որոնցմէ հեռացած են ամերիկացիները, պէտք է յանձնել սուրիական կառավարութեան»` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը պէտք է ստանձնէ հիւսիսային Սուրիոյ վերահսկողութիւնը:

«Մենք ունինք այն համոզումը, թէ միակ եւ լաւագոյն լուծումը այդ շրջանները սուրիական կառավարութեան, սուրիական ապահովական ուժերուն եւ վարչական կառոյցներու վերահսկողութեան փոխանցելն է», նշած էր Լաւրով:

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Պետրան Զիյա Քուրտ իր կարգին յայտարարած էր, թէ Սուրիոյ քիւրտերը դէմ են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միացեալ ջանքերով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու գաղափարին` նշելով, որ այդպիսի քայլ մը կը նշանակէ թրքական բռնագրաւումին յանձնել այդ տարածքները:

Ան յայտնած էր, որ իրենք պիտի ընդունին միայն ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող միջազգային ուժերը: Իբրեւ այլընտրանքային տարբերակ` քիւրտերը չեն բացառեր սուրիական բանակին կից զինուորական որոշ միաւորումներու հետ համագործակցութիւնը:

aztagdaily.com/archives/423812

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail