16 հոկտեմբեր 2015
«Փէրինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով որպէս երրորդ կողմ ներգրաւուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող միջազգային կարգի փաստաբաններ Ամալ Քլունի եւ Ճեֆրի Ռապըրթսըն հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ, ուր կը նշեն, որ իրենք գոհ են կայացուած վճիռէն, քանի որ «դատական լսումներու ծիրէն ներս բացառապէս չէ վիճարկուած Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի եղելութիւնը», կը յայտնէ «Թերթ»-ը:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 15-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Գերագոյն պալատը հրապարակած է «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով վճիռը:
«ՄԻԵԴ-ը վճռեց, որ հայցուորի խօսքի ազատութեան իրաւունքը ոչ մէկ պարագային պէտք չէ սահմանափակուի: Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպական դատարանը բացառապէս կասկածի տակ չառաւ 1915 թուականի հայերու նկատմամբ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան պատմական փաստը, ինչ որ կը նշանակէ, որ հայկական կողմի ներկայացուցած բոլոր պահանջները բաւարարուած են»,- կը նշուի յայտարարութեան բնագրին մէջ:
Ինչպէս կը նշէ asbarez.com-ը, փաստաբանները նաեւ մանրամասնած են, որ Հայաստանի կառավարութիւնը միջամտած է այս գործին միայն այն պատճառով, որ ՄԻԵԴ-ի ստորին պալատը նախապէս կասկածի տակ դրած էր Ցեղասպանութեան փաստը:
«Ուստի մենք` որպէս փաստաբաններ, որոշեցինք ուղղել այս կոպիտ սխալը, ու ՄԻԵԴ-ի Գերագոյն պալատը այդպէս ալ ըրաւ: Այսօրուան դատավճիռը չի վիճարկեր Ցեղասպանութեան փաստը. աւելին` 10 դատաւորները ալ ըսին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ընդհանրապէս պիտի չքննարկուի, իսկ դատաւորներէն 7-ը յայտնեցին, որ Հայոց ցեղասպութիւնը պատմականօրէն հաստատուած փաստ է: Բացի այդ, տուեալ դատավճիռը կը սատարէ հայերու` իրենց ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանելու իրաւունքը»,- նշած են փաստաբանները:
Քլունի եւ Ռապըրթսը նաեւ աւելցուցած են, որ խօսքի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը կարեւորող դատավճիռը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ համար, ուր արձանագրուած են վատագոյն ցուցանիշները խօսքի ազատութեան բնագաւառին մէջ:
«Թուրքիա այլեւս չի կրնար արդարացնել Հրանդ Տինքի եւ անոր պէս մարդոց նկատմամբ իրականացուող հետապնդումները` վերջիններս մեղադրելով 301-րդ յօդուածը խախտելու, այն է` «թուրք ժողովուրդին վիրաւորելու» համար: Մենք բոլորս կոչ կ՛ընենք չեղեալ նկատել այդ յօդուածը ու դադրեցնել անոր ծիրէն ներս իրականացուող բոլոր հետապնդումները»,-նշած են փաստաբանները:
Յիշեցում. Գործի նախապատմութիւնը կը կապուի Թուրքիոյ քաղաքացի Տողու Փէրինչէքի ցեղախաշտական եւ ատելութիւն սերմանող գործունէութեան հետ: Ան Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահն է եւ կը ներկայանայ որպէս իրաւագիտութեան դոկտոր: Տ. Փէրինչէքը 2005 թուականի Մայիս, Յուլիս եւ Սեպտեմբեր ամիսներուն Զուիցերիոյ Լոզան, Օպֆիկոն եւ Կոնիզ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած ձեռարկներու ընթացքին հրապարակայնօրէն հերքած է 1915 թուականի եւ յետագայ տարիներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան փաստը: Ան, մասնաւորապէս, հայկական ցեղասպանութիւնը որակած է որպէս «միջազգային կեղծիք»:
2005 թուականի Յուլիսին Զուիցերիա-Հայաստան միութիւնը բողոք ներկայացուցած է Փէրինչէքի դէմ` վերոյիշեալ ելոյթներու բովանդակութեան առնչութեամբ: Այդ բողոքին հիման վրայ Լոզանի դատարանը 2007 թուականի Մարտ 9-ին Տողու Փէրինչէք մեղաւոր ճանչցած է Զուիցերիոյ քրէական օրէնսգիրքի` ռասայական խտրականութեան համար պատասխանատուութիւն նախատեսող 261bis յօդուածի 4-րդ կէտով: Լոզանի դատարանը արձանագրած է, որ Փէրինչէքի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող ելոյթը ունեցած է ցեղապաշտական շարժառիթներ, կրած է ազգայնական բնոյթ եւ չի կրնար դիտարկուիլ պատմական բանավէճի կամ քննարկման շրջանակներու մէջ: Լոզանի դատարանը նաեւ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ըստ Զուիցերիական հանրային կարծիքի, համընդհանուր ապացուցուած եղելութիւն է, ապացուցուած պատմական փաստ: Այս հիմնաւորումով Տողու Փէրինչէք Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած է պայմանական ազատազրկման եւ տուգանքի:
Փէրինչէք Լոզանի դատարանի վճիռը բողոքարկած է զուիցերական դատարաններու տարբեր ատեաններ, սակայն արդիւնքի չէ հասած:
Դիմելով Եւրոպական դատարան` Տողու Փէրինչէք պնդած է, որ զուիցերիական դատարանները, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու մասին հրապարակային յայտարարութիւններու համար զինք դատապարտելով, խախտած են Եւրոպական համաձայնագրի 10-րդ յօդուածով երաշխաւորուած իր խօսքի ազատութիւնը: 2015-ին Յունուար 28-ին ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատին մէջ տեղի ունեցած են «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով դատական լսումները:
http://www.yerakouyn.com