16 հոկտեմբեր 2015
Սթրազպուրկ, 15 հոկտեմբեր, 2015.- Այսօր, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը վճիռ կայացուց Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա հարցին շուրջ, ուր նշեց, թէ թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդումի ենթարկուած է, երբ ան Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող յայտարարութիւններ կատարած է Զուիցերիոյ մէջ:
Յունուար 2015-ին, Եւրոպական դատարանի վերին պալատը հարցը վերանայման եթարկած էր՝ Զուիցերիոյ դիմումին ընթացք տալով: Այդ դատի վճիռը տրուեցաւ այսօր: Հայաստանը դատին կը մասնակցէր իբրեւ երրորդ հետաքրքրուող կողմ, ներկայացուելով միջազգային իրաւաբաններ Ճէօֆրի Րոպերթսոնէ եւ Ամալ Քլունիի կողմէ, ինչպէս նաեւ ՀՀ ընդհանուր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի կողմէ:
Այսօր առաւօտեան կարճ նիստին ընթացքին տրուած որոշումը հայկական կողմին համար կարեւոր է մի քանի կէտերով, որոնցմէ ամենակարեւորը՝ որ դատարանը բեկանեց նախորդ դատարանի այն կէտը, ուր համեմատական կ’ըլլար Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզման միջեւ: Ստորին պալատի իրաւասութինները չեն թոյլատրեր նման ակնարկ – որոշում մը առնել:
Շատ կարեւոր կէտ մը, որ նաեւ նշուած է այսօրուան որոշումին մէջ այն է, թէ՝ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ցաւին հետ ո’չ ոգ խաղալու իրաւունք ունի: Դատարանի որոշման համաձայն՝ Եւրոպայի տարածքին գտնուող հայութիւնը իր արժանապատիւ կեանքին իրաւունքն ունի առանց ոեւէ մէկ ցեղապաշտ կամ այլ բռնութիւններու: Րոպերթսոն նշեց, որ այսօր Հայաստանին եւ հայութեան համար կարեւոր օր մըն է, որովհետեւ Թուրքիոյ օրէնսդրութեան թիւ 301 յօդուածը նաեւ լուսարձակի տակ կ’առնուի, եւ պէտք է ջնջուի, եթէ Թուրքիա կ’ուզէ եւրոպական ընտանիքին անդամ դառնալ:
Կարեւոր է նշել, որ այսօրուան որոշումը կը վերաբերի Փերինչեքի խօսքերուն Զուիցերիոյ մէջ: Յարձականի տակ չառներ Հայկակն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, եւ ապագային ուրացման փորձերը, որոնք ճիշդ օրէնսդրութեամբ կարելի են քրէական ըլլալ:
Գասպար Կարապետեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահը, որոշումին մասին հետեւեալը ըսաւ.- դատարանը բաց կը ձգէ այն կարելիութիւնը, որ անհատ մը դատապարտուի Ցեղասպանութեան ուրացման համար, որոշ պարագաներու: Դատարանը արձանագրեց, որ սխալ էր Փերինչեքը քրէական հետապնդումի ենթարկել, քանի որ Զուիցերիոյ մէջ պատմական հարցեր չկային, ինչպէս նաեւ բարձր կիրքեր չկային (հայերու եւ թուրքերու միջեւ): Կարելի է եզրակացնել ուրեմն, որ հայերու եւ թուրքերու միջեւ եթէ լարուած իրավիճակ ստեղծուի ուրացման պատճառով՝ Ցեղասպանութեան ուրացումը կարելի է քրէականացնել:
http://www.yerakouyn.com/