Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անմոռանալի Երեկոյթ Մը` Ընտիր Երիտասարդներու Հետ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Թուականէս քանի մը ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէի մօրս այցելութեան` քրոջս տունը, Սան Ֆրանսիսքօ գեղեցիկ քաղաքին մէջ:

Գիշեր մը տեղեկացայ քրոջմէս, որ Էյ. Ուայ. Էֆ.-ի (Հայ երիտասարդական միութեան) Արեւմտեան շրջանի պաշտօնի վրայ պատասխանատու երիտասարդները ժողով պիտի գումարէին իրենց տան մէջ մէկտեղուած` Լոս Անճելըսէն, Սաքրամենթոյէն, Ֆրեզնոյէն եւ շրջակայքի քաղաքներէն: Անշուշտ քաջ տեղեակ էի, ատենէ մը ի վեր, եւ շատ գոհունակ ու հպարտ, որ քրոջս տղան` Գրիգորը, աշխուժ կերպով մաս կը կազմէ այս մեծ շարժումին եւ ինքն ալ պատասխանատուներէն մէկն է իր շրջանին մէջ: Մասնաւորապէս Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման առիթով բազմաթիւ անգամներ շրջանի տեղեկատուական աղբիւրներէ բազմաթիւ զրոյցներ ունեցաւ, ինչպէս նաեւ համալսարանական կեանքին մէջ քարոզչական աշխատանքի մղիչ ուժերէն մէկը դարձած էր:

Շատ մեծ հաճոյքով խնդրեցի Գրիգորէն, որ այդ գիշեր իրենց ժողովին ներկայ գտնուիմ, թէկուզ` քանի մը վայրկեան, նախ ծանօթանալու այդ անձնուէր երիտասարդներուն եւ ապա յարգանքի խօսք ըսելու ու զիրենք քաջալերելու` իբրեւ երէց ընկեր: Գրիգորը ազնուօրէն ընդունեց առաջարկս:

Անշուշտ ձեզմէ չեմ ուզեր պահել, որ դժբախտաբար ժխտական կերպով նախատրամադրուած էի այդ ընտիր երիտասարդներուն հանդէպ, թէ արդեօք լաւ պիտի հասկնա՞մ իրենց արտասանած հայերէնը, արդեօք բաւարար մշակուած միտքերու տէ՞ր են այս երիտասարդները եւ այլն:

Անշուշտ յստակօրէն կ՛ուզեմ ըսել, որ ամբողջովին սխալած էի: Ծանօթացայ Մհերին, Գէորգին, Րաֆֆիին եւ Բիւզանդին: Արդէն իսկ իրենց անուններով հմայուած էի: Ծանօթացումէն ետք թոյլ տուի ինքզինքիս իրենց այժմէական հարցերու մասին հարցնելու պարզապէս իբրեւ երէց ընկեր եւ փորձելու կարծիքներ փոխանակել` նպատակ ունենալով իրենց օգտակար դառնալ:

Մօտէն ծանօթացայ իրենց մտահոգութիւններուն, որոնցմէ մէկն էր հայ աշակերտին օտար դպրոց յաճախելու հարցը հիմնականօրէն, անոնք անդրադարձան ապագային անոր ժխտական հետեւանքներուն, ապա նաեւ համալսարաններու մէջ Հայկական հարցի քարոզչական աշխատանքի ոճի եւ ճշդուելիք թիրախներու մասին:

Այս բոլորը զիս պահ մը հոգեպէս տեղափոխեցին Պէյրութ, երկար տարիներ առաջ, երբ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ, գրական եւ քարոզչական յանձնախումբերուն մաս կազմելով` ոգի ի բռին կ՛աշխատէինք, որ մեր լուման բերենք մեր Դատի ճանաչման հարցով:

Հրաշալի տղաք էին դիմացս: Իրենց մէջ գտայ նոյն կորովը, նոյն նուիրումն ու խոյանքը, որ մենք ունէինք կարկառուն Լիբանանի հայ գաղութին մէջ տարիներ շարունակ: Ապշեցայ իրենց մաքրամաքուր հայերէնով, լուրջ կեցուածքով, ընտիր նկարագիրներով, բայց ի մասնաւորի` իրենց ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութեան զգացումով:

Անշուշտ մեծ բաժինը կը պարտին իրենց հայասէր, հայրենասէր պատուական ծնողներուն, որոնք յաջողած են դրոշմել իրենց զաւակներուն սրտերուն ու մտքերուն մէջ «հայապահպանում» բառը, անյապաղօրէն ու անպայման տէրը դառնալու իրենց մշակոյթին, լեզուին, կրօնին ու պատմութեան:

Դիւրին է հայրենիքին մէջ հայ մնալ:

Դժուար է հայրենիքէն դուրս հայ մնալ:

Դիւրին է հայրենիքին մէջ ազգային ժառանգութիւնը պահել:

Դժուար է հայրենիքէն դուրս ազգային ժառանգութիւնը պահել:

Երկար ատեն խոկալէ ետք այն եզրակացութեան կու գամ, որ հաւանաբար նուազ դժուար է Միջին Արեւելքի մէջ պայքարիլ ձուլման դէմ, քան թէ` Եւրոպա, Աւստրալիա եւ ի մասնաւորի Հիւսիսային Ամերիկա, ուր պայքարը շատ սուր է, իսկ պայմանները` սաստիկ դաժան, բայց մենք «Կը խմենք այդ լեղին միայն մէկ նպատակով, մինչեւ որ հայութիւնը տիրանայ իր ամբողջական եւ անկախ հայրենիքին», ինչպէս ըսաւ տիտան Լեւոն Շանթը:

Արդեօք որքա՞ն կրնանք տոկալ այս հայաջինջ ճերմակ ջարդին դէմ, եւ ապա ինծի հարց կու տամ, թէ այս համատարած, համասփիւռ աղէտին դէմ ո՞ւր են մեր հայրենիքը, պետութիւնը եւ մասնաւորապէս` սփիւռքի նախարարութիւնը: Ի՞նչ է անոնց կեցուածքը: Արդեօք պէտք չէ՞ գուրգուրանքով եւ շտապ կերպով օժանդակեն եւ օգնութեան հասնին հայադաւան, հայաբոյր, հայապահպան սփիւռքի կարգ մը օճախներուն, որոնք ամրոցներ էին տարիներ շարունակ, բայց այսօր անոնց սիւները կը խախտին: Երբեք չմոռնանք մեր անցեալի պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Լեհաստանի, Կալկաթայի, Պուլկարիոյ, Խրիմի, Վրաստանի եւ այլ պետութիւններու մէջ կորսնցուցած ենք աւելի քան երկու միլիոն հայորդիներ:

Խոնարհութեամբ կ՛ուզեմ փառաբանել սփիւռքի մէջ գտնուող մեր բոլոր հայ քոյրերը, եղբայրները, ազգային պարտականութեան գիտակից անհատները, որոնք ամէնօրեայ իրենց կեանքի դժուարութիւններուն կողքին, կը մարտնչին, կը մաքառին պարզապէս, որ յարգեն մեր ազգային հազարամեայ ժառանգութիւնը, յարգեն կտակը մեր նահատակներուն:

Ողջո՜յն ձեզ, ընտի՛ր երիտասարդներ:

14 յունուար 2019

aztagdaily.com/archives/423999

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail