Սուրիական Հակաօդային Համակարգերը Ձախողութեան Մատնեցին Իսրայէլեան Յարձակում Մը

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են հարաւային շրջանին դէմ իսրայէլեան օդային յարձակումի մը եւ արգելք հանդիսացած են, որ այդ յարձակումը իր նպատակներէն որեւէ մէկը իրականացնէ:

Դամասկոսի մէջ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը հաղորդեց, որ ըստ տեղեկութեանց, իսրայէլեան յարձակումի ընթացքին արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը ոչնչացուած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը ռուսական «Փուք» եւ «Փանցըր» օդային պաշտպանութեան համակարգեր օգտագործելով վնասազերծած են Դամասկոսի դէմ յարձակումին ընթացքին արձակուած 7 հրթիռներ` նշելով, որ Դամասկոսի մէջ օդակայանի մը դէմ իսրայէլեան յարձակումը որեւէ մարդկային կամ նիւթական վնաս չէ պատճառած:

Մոսկուայէն լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնեց, որ իսրայէլեան 4 օդանաւեր Լիբանանի օդային տարածքէն կառավարուող հրթիռներ արձակած են Դամասկոսի ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ, Իսրայէլին ուղղուած ռուսական ուժեղ պատգամ մըն է, թէ Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում արտօնուած չէ:

Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, որ իսրայէլեան «Երկաթեայ գմբէթ» պաշտպանութեան համակարգը բռնագրաւեալ Կոլանի վերեւ ոչնչացուցած է երկու հրթիռներ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Կը կիրարկենք մնայուն քաղաքականութիւն մը` Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութիւնը հարուածել եւ մեզի վնաս պատճառել փորձողները հարուածել: Այս քաղաքականութիւնը չի փոխուիր, երբ Իսրայէլ կը գտնուիմ, եւ չի փոխուիր, երբ պատմական այցելութիւն մը կու տամ Չատ: Ասիկա մեր մնայուն քաղաքականութիւնն է»:

Նշենք, որ թրքական «Եորուք Ըշըք» կայքը երէկ հաղորդեց, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայան էջք կատարելու պատրաստուող իրանեան ճամբորդատար օդանաւ մը իսրայէլեան յարձակումին պատճառով վերադարձած է Իրան:

aztagdaily.com/archives/424039

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail