21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ա. Ա.
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններու պատճառներուն գլխաւորներէն է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տիրական ուժ համարուող քրտական ինքնապաշտպանական միաւորները, որոնք կը վայելեն ամերիկեան բացայայտ զօրակցութիւն մը, որովհետեւ գետնի վրայ կարեւոր գործօն մըն են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղուող պայքարին մէջ:
Թուրքեւամերիկեան տարակարծութիւնը Սուրիոյ քիւրտերուն հարցով առաւել շեշտուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ որոշած է հիւսիսային Սուրիայէն քաշել ամերիկեան ուժերը: Թրամփ նաեւ բացայայտեց, որ այս իմաստով հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հետ, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք ապահովական բացը ինչպէ՛ս կարելի է գոցել:
Թուրքերը ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեցին` ստանձնելու Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն ապահովութեան հսկողութիւնը, պատճառաբանելով Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ շուրջ ինը հարիւր քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանին վրայ ահաբեկչական արարքներու կանխարգիլումը` առաջնորդուելով Թուրքիոյ ապահովութեան համար տարուելիք աշխատանքներու ճամբու քարտէսով մը:
Առաջին ակնարկով կը թուէր, որ Թուրքիա խաղաքարտեր պիտի շահի, եւ ահա, ուր որ է, թրքական բանակային միաւորներ պիտի սկսին հիւսիսային Սուրիա ուղղուիլ` ամերիկեան ուժերը փոխարինելու համար:
Թրամփի թուիթըրեան յայտարարութենէն ետք, սակայն, ամերիկեան կեցուածքը առաւել յստակացաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Իսրայէլի մէջ յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը ոչ մէկ պարագայի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն պիտի հեռանան, այնքան ատեն որ թուրքերէն յստակ երաշխիքներ չեն ստացած` քիւրտերուն ճակատագրին վերաբերեալ:
Անգարայի իշխանութիւնները տակաւին կը գտնուէին Պոլթընի այս յայտարարութեան պատճառած ջղագարութեան նոպային ազդեցութեան տակ, երբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ` ձայնակցելով Պոլթընի, վստահեցուց, որ ամերիկացիք իրենց ուժերը պիտի պահեն Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, մինչեւ որ քիւրտերուն ապահովութեան մասին թրքական յստակ երաշխիքներ չտրուին, թէ՛ քիւրտերը պիտի չկոտորուին:
Փոմփէօ ակնարկութիւն կատարեց ամերիկեան այլ մտահոգութեան մը, որուն վերաբերեալ դարձեալ կարեւորեց թրքական երաշխիքներու ներկայացումը: Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ Թուրքիա պէտք է հաստատ երաշխիքներ տայ Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու ապահովութեան վերաբերեալ:
Այս շեշտադրումը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ, այսպիսով, անշուշտ, առանց յստակօրէն հասցէագրելու, ամերիկեան պաշտպանութեան նախապայմաններու ծիրին մէջ կ՛իյնայ նաեւ Գամիշլիի հայութիւնը: Գաղութ մը, որ ուղղակի ենթակայ կրնայ ըլլալ թրքական վտանգի մը, եթէ իրադրութիւններու զարգացման մը պատճառով թրքական բանակային միաւորներ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները ներխուժեն` քրտական վտանգներու չէզոքացման պատճառաբանութեամբ:
Ամենայնդէպս վերջին եօթանասուներկու ժամերու իրադարձութիւնները եւ կեցուածքները բաւական յուսալից կը թուին, թէ թուրքերը պիտի չկարենան հիւսիսային Սուրիա մտնել: Ասոր առաջին գործնական ապացոյցը եղաւ սուրիական բանակային ուժերու Մանպիժ մուտքը, այն օրերուն, երբ էրտողան կը կրկնէր թրքական յանկերգը, որ բանակ պիտի առաքէ Մանպիժ` «քիւրտ ահաբեկիչներ» չէզոքացնելու համար:Պէտք չէ մտահան ընել, թէ թուրքերուն ակնարկած «քիւրտ ահաբեկիչները» ամերիկեան ուժերու դաշնակիցներն են գետնի վրայ, եւ զանոնք ահաբեկիչներ համարելը ամերիկեան յստակ դժգոհութիւն մը ստեղծած է:
Իսկ Անգարայի մէջ Ճոն Պոլթընի հետ տեսակցութիւն մը մերժելու Էրտողանի որոշումը դրական այլ ազդակ մըն է, որ ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերու տեղակայման շուրջ:
Բնականաբար Միացեալ Նահանգներու այս վճռակամութիւնը թրքական խաղաքարտերը կը խառնէ եւ դուռը լայն կը բանայ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին երկայնքին սուրիական պետութեան գերիշխանութեան վերահաստատման միտող ծրագրին դիմաց: Պէտք է միամիտ ըլլալ, որ ամերիկեան այս թոյլատու կեցուածքը գին չունի: Սակայն հոս կարեւորը Փոմփէոյի յայտարարութեան միտք բանին է, ուր կիզակէտ կը դառնան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապրող կրօնական փոքրամասնութիւնները` իրենց ապահովութեան երաշխիքներով:
aztagdaily.com/archives/424029