21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Անգլիա (Միացեալ Թագաւորութիւն) Յունուար 18-ին վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Ճուտիթ Ֆարնուորթ:
«Ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը»,-գրած է դեսպանը «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:
ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը ստորագրուած է Պրիւքսելի մէջ 2017-ի Նոյեմբեր 24-ին: Անիկա վաւերացուցած է 10 պետութիւն` Հայաստան, Պուլկարիա, Դանիա, Էսթոնիա, Անգլիա, Լիթվա, Լաթվիա, Լիւքսեմպուրկ, Մալթա, Լեհաստան:
yerakouyn.com/2019/01/21/