«Աշխարհի Ոչ Մէկ Երկրի Մէջ Նման Բան Տեսած եմ». Հայաստանը Հիացուցած է Ռուս Լրագրողը

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

Մարդու իրաւունքներու հարցերու խորհուրդի անդամ եւ լրագրող Եկատերինա Վինոկուրովան այցելած է Հայաստան եւ ապշած: Այս մասին կը գրէ Online812 պարբերականը:

Ան նշած է, որ Հայաստանը «կովկասեան ճիշդ հպարտութեան» երկիր է:

«Ճիշդ հպարտութիւնը միւսներուն նկատողութիւն ընել չէ: Ատիկա քեզմէ սկսիլն է: Նոյնիսկ օդանաւի վայրէջքի ժամանակ տարեցներուն, ընտանիքներուն կը ձգեն առջեւ անցնիլ, իսկ յետոյ կը սկսի անհաւանական քաղաքավարութիւնը: Անհաւանական կրթուածութիւնը, այդպէս ուղղակի չ՛ըլլար։ Ես իսկապէս աշխարհի ոչ մէկ երկրի մէջ տեսած եմ կենցաղային մշակոյթի նման բարձր մակարդակ»,- նշած է Վինոկուրովան:

Անոր խօսքով` Հայաստանը` որպէս քրիստոնէական երկիր, իրեն աւելի հոգեհարազատ է, քան Ռուսիոյ որոշ շրջանները:

Մկրտութեան գիշերը լրագրողը անցուցած է հին եկեղեցիներէն մէկուն մէջ:

yerakouyn.com/2019/01/21/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail