21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պելառուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Ղեւոնդեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենքոյին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ պելառուսական «Պելթա» գործակալութիւնը:
«Հայաստան Պելառուսիոյ համար եղած է եւ կը մնայ յուսալի գործընկեր, որուն հետ մեզի կը կապէ բազմածրագիր համագործակցութիւնը, ինչպէս` Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ»,- ըսած է Պելառուսի նախագահը:
Ան ընդգծած է հայ պելառուսական յարաբերութիւններու բաղկացուցիչ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակամղուածութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու իւրաքանչիւր նախագիծի, որ կը հետարքրքէ հայաստանցի գործընկերները, նաեւ՝ Հայաստանի տարածքին:
yerakouyn.com/2019/01/21/