16 հոկտեմբեր 2015
ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Թուրքիոյ` ԱՄՆ-ին ուղղուած քննադատութեան, առ այն որ Թուրքիոյ դաշնակից երկիրը զէնք կը մատակարարէ Սուրիոյ քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան»-ը (քրտերէն` Partiya Yekitiya Demokrat-PYD):
Ըստ «Էրմենիհապեր»-ի՝ թրքական «Zaman» թերթը կը տեղեկացնէ, որ ԱՄՆ-ի արտաքին գերատեսչութեան խօսնակ Ճոն Քիրպի զէնքի մատակարարման եւ Թուրքիոյ արձագանգին վերաբերեալ ըսած է, որ ԱՄՆ-ն կը հասկնայ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները, սակայն պիտի շարունակէ օգնութիւն ցուցաբերել PYD-ի ռազմական թեւին` «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ»-ուն (YPG): Ան յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ-ի եւ դաշնակից ուժերուն մաս կազմող միւս երկիրներու հիմնական խնդիրը «Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) դէմ պայքարիլն է: «ԻՊ-ի դէմ Սուրիոյ մէջ արդիւնաւէտ պայքարող նմանատիպ խումբերուն (նկատի ունի PYD/YPG) պիտի շարունակենք պատշաճ կերպով օժանդակել»,- ընդգծած է ԱԳՆ խօսնակը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու ԱՄՆ-ի կողմէ PYD-ին զէնքի մատակարարման վերաբերեալ կոշտ յայտարարութիւն մը ըրած էր: Տաւութօղլու, նշելով, որ PYD-ի եւ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) միջեւ տարբերութիւն չկայ:
«Այն միջոցները, որոնք ձեռնարկած էինք Հիւսիսային Իրաքի մէջ, կ՛ընենք նաեւ Սուրիոյ մէջ, եթէ PKK-ին եւ PYD-ին զէնք-զինամթերք մատակարարուի` անկախ անկէ, թէ որոնք կ՛ըլլան մատակարարողները»,- ըսած էր Տաւութօղլու:
Խնդրի առնչութեամբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր Անգարայի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան Ճոն Պասը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն դեսպանին ներկայացուցած էր PYD-ին զէնք մատակարարելու խնդրի շուրջ Անգարայի պաշտօնական դիրքորոշումը:
http://www.yerakouyn.com