Հայ-թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Անհնար է,

Հայ-թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը Անհնար է, Երբ Դեռ Պաշտօնական Անգարան Չէ Ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Սեմէոն Պաղտասարով

22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԹՈՒՐՔԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Սեմէոն Պաղտասարովի կարծիքով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան ստեղծումը անհնար է, երբ դեռ պաշտօնական Անգարան չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Թող նախ Թուրքիան ճանչնայ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը: Թող վերադարձնէ այն հայերուն գոյքը, որոնց սպաննած են: Չի կրնար ըլլալ որեւէ հաշտեցում, մինչեւ ցեղասպանութիւնը չճանչցուի»,- ըստ Tert.am-ի ըսած է Պաղտասարովը՝ «ՌուսԱրմինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին՝ մեկնաբանելով Եւրոմիութեան աջակցութեամբ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման ուղղուած որոշ ծրագիրներու աշխուժացումը, որ կը նկատուի վերջերս:

Յայտնի է, որ վերջերս ԵՄ աջակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Հայաստանի մասին առաջին թրքերէն ճանապարհորդական ուղեցոյցը, բացի այդ, օրերս մամուլի մէջ տարածուած է տեղեկութիւն, թէ եւրոպացի որոշ գործիչներ ճանաչողական նախագիծ մշակած են հայերու եւ թուրքերու համար Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի սահմանին՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչի կրնան հասնիլ նախապէս թշնամի երկու ժողովուրդները:

Պաղտասարով կը կիսէ որոշ հայ փորձագէտներու այն կարծիքը, որ ասիկա փաստացի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր գործընթացի մեկնարկ է։ Անոր կարծիքով՝ այս հարցով դեր ունի նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը:

«Այնպիսի տպաւորութիւն ունիմ, որ իշխանութեան եկած են մարդիկ, որոնք չեն գիտեր, թէ ինչ կ՝ընեն: Կաշառակերներու փոխարէն եկած են շատախօսներ: Եթէ ժամանակին ոչինչ փոխուի՝ անոնք հայ ժողովուրդը ծայրայեղութեան պիտի հասցնեն: Չի կրնար ըլլալ որեւէ հաշտեցում, քանի դեռ թրքական իշխանութիւնը չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- ըսած է ռուսաստանցի փորձագէտը:

Ան նշած է, որ նման հաշտեցումը կրնայ ձեռնտու ըլլալ Անգարային, որ, այդպիսով, «կուլ պիտի տայ» նաեւ Արեւելեան Հայաստանը:

yerakouyn.com/2019/01/22/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail