Բայց ի՞նչն է, որ պիտի տարբերէ յետյեղափոխութիւն շրջանը՝ նախայեղափոխութիւն ժամանակաշրջանէն

22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Յարգելի պետպաշտօնեաներ,

Տիկնայք եւ Պարոնայք քաղծառայողներ,

Ճիշդ է, որ օրէնքը կ՚արտօնէ պարգեւավճարը՝ 13-րդ աշխատավարձը,

Ճիշդ է, որ գործեցիք օրէնքի տարրին համաձայն,

Ճիշդ է նաեւ, որ օրէնքը գրուած էր նախկին առաւ-փախաւ իշխանութիւններու օրոք,

Ճիշդ է, որ ձեր աշխատավարձերը ցած են ու անբաւարար՝ հոգալու տօնական օրերու կարիքները…

Ճիշդ է, օրէնքով՝ ամէն ինչ կարգին է,

Ճիշդ է, որ դուք շարունակեցիք այն, ինչ որ աւանդոյթ դարձած էր։

Բայց ի՞նչն է, որ պիտի տարբերէ յետյեղափոխութիւն շրջանը՝ նախայեղափոխութիւն ժամանակաշրջանէն։

Ի՞նչն է, որ պիտի տարբերէ ձեզի, մեր սիրելի նոր կամ երիտասարդ պաշտօնեաներդ՝ նախկին չսիրուած ու մերժուած պաշտօնեաներէն։

Ինչո՞վ պիտի տարբերիք նախկիններէն։

Հաւանաբար աւելին արժէք քան ինչ որ ստացաք։ Հաւանաբար պէտք է ստանաք աւելի շատ, կամ աւելի քիչ պարգեւավճարներ։ Սա արդէն երկրորդական է։

Առաջնայինը այն է, որ դուք նախ յեղափոխութիւնը բերեք հասցնեք պետական գրասենեակներուն մէջ։ Յեղափոխէք աշխատանքի ոճն ու մակարդակը։ Յեղափոխէք նաեւ նախկիններու օրէնքները, որ հասնիք շօշափելի արդիւնքներու։

Եւ այդ ատեն ստացէք այն, որուն իսկապէս արժանի եք։

Ռաֆֆի Տուտաքլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail