ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ – Ալ Փլէ՛ք Այդ Պատը

18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 –

«Ակօս» թերթը հիմնուեցաւ հայ ժողովուրդի ձայնը Թուրքիոյ հասարակութեան լսելի դարձնելու համար: Լծուեցաւ իր առաքելութեան՝ հայ ժողովուրդի դէմ յարատեւ ատելութեան դիմադրելու նպատակաւ: Անշուշտ որ այդ առաքելութեան ձեռնարկող միտքը քաջաբար կը գիտակցէր, թէ ինչպիսի հրէշ սարքի մը դէմ կ՛ընդվզի: Սկսելով հիմնադիր գաղափարախօսութենէն մինչեւ ամենախոր ծալքերը, բանակը, խորհրդարանը, ակադեմիան, դիւանագիտութիւնը, գրականութիւնը ամբողջ երկիր մը կը փորձէին սուտի ու կեղծիքի միջոցաւ երկիր մը յառաջ տանիլ: Հրանդ Տինքի հիմնած «Ակօս»ը ահա այդ կեղծիքի մեքենայի ատամներուն մխրճուած պողպատեայ ձող մըն էր: Ձողը ճիշդ է, որ ճզմուեցաւ այդ ատամնաշարի դարձուածքին մէջ, բայց յաջողեցաւ նաեւ լրջօրէն վնասել կեղծիքի մեքենան: Թէեւ անիկա այժմ կը շարունակէ պտըտիլ, բայց արձակած ձայները անհանդուրժելի են բոլորին համար: Թուրքիոյ պետականութեան կեղծիքին եւ ուրացումին ձայնագրուած ձայնապնակէն լսուածը միայն տհաճ աղմուկ է այլեւս:

Կան մարդիկ, որոնք կեանքի եկած են ի պահանջել հարկին ամենակարեւոր պարտականութիւնը ստանձնելու համար: Հրէշ Գողիաթ, որուն ամէն քայլափոխին երկիրը կը թնդար, անզօր մնաց իր դէմ յայտնուող պատանի Դաւիթին դիմաց: Մինչեւ ատամները զինուած Գողիաթի դիմաց Դաւիթ ունէր միայն ու միայն թաշկինակին փաթաթուած քար մը: Եւ անշուշտ մէկ աւելին՝ անվախ կտրիճի կամքը: Այդքանը բաւարար էր, որ տապալէր սարսափազդու հրէշը: Գողիաթը տապալելը Դաւիթի ցանկութիւնը չէր, այլ հարկադրութիւնը: Ինչ հետաքրքրական է, որ այդ նոյն բնագաւառի երեխէքը այսօր ալ ունին նման կամք, զիրենք շրջապատող բանակներու դիմաց սովորական քարով մը դիմադրելու համար: Մենք կրնանք յաւելել այս օրինակները՝ յիշելով ատըյամանցի պարզ որբ մը՝ Միսաք Մանուշեանը, որ նոյն վճռակամութեամբ դիմադրած էր իր ժամանակի Գողիաթին, Աշխարհակալ գերտէրութեան՝ Գերմանիոյ դիմաց: Պատմութիւնը երբ որ կարիքը զգայ, կը ծնի Ժան Տարքներ կամ Սասունցի Դաւիթներ, որոնք պատրաստ են իրենց վիճակուածը ի կատար բերելու:

Հրանդ Տինք 19 Յունուար 2007ին, վախկոտ լակոտի մը կրակոցով մահացաւ: Այդ պահէն ետք իր կեանքի բոլոր հանգրուանները յատուկ նշանակութիւն ունեցան: Մինչեւ այդ միայն ընտանեկան շրջանակին մէջ իմաստ եւ նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ լուսանկարներ դուրս եկան իրենց սնտուկներէն եւ իբրեւ վկայութիւն արժանացան մի առ մի քննարկման: Անոնց մէջ կար մէկը, որ թերեւս մինչեւ այդ օր ոչ մէկ նշանակութիւն պիտի ունենար, քանի որ նոյնիսկ ընտանիքի անդամներն իսկ մոռցած էին այդ լուսանկարին մէջ յայտնուող դէմքերը: Հաւանաբար, որբանոցի տարիներէն մնացած նկար մըն էր այդ, ուր Հրանդ իր թեւերը լայն բացած էր իրմէ փոքր տարիքով երկու պատանիներու վրայ: Նկար մը, որ ինքնին ապացոյցն է Հրանդ Տինքի կազմուածքին: Կան մարդիկ, որոնք իրենց թեւերը լայն բանալով անպաշտպանին վրայ կը վտանգեն նաեւ իրենց սեփական կեանքը: Բայց այդ մէկը բնազդային է: Կապ չունի որեւէ սպառնալիքի հետ:

Թուրքիոյ պետական միտքը իր ուսերուն ճնշող պատմութեան ծանր մեղքին դիմաց ճարահատօրէն իւրացուցած է հայատեացութիւնը: Այդ ծանր մեղքին, այդ անընդունելի ոճրագործութեան պատասխանատուութենէն խուսափելու համար՝ ստիպուած էր զոհը մեղաւոր հռչակելու: Ստիպուած էր ատելութիւն սերմանելու հայու հանդէպ, որպէսզի իր սերունդներուն դիմաց արդարացնէր իր գործած ոճիրը:

«Ակօս»ի հրատարակութեամբ՝ Հրանդ Տինք անմեղ ժողովուրդի մը վրայ կը պարզէր իր պահպանիչ լայն թեւերը: Ուրացումին դէմ միջոց մը ըլլալով՝ ծրագրած էր իր հրատարակած թերթը: Այսքանը իսկ մահացու մեղք էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար: Արդարեւ, Թուրքիոյ տարածքին, մինչեւ դար մը առաջ իր գոյութիւնը պահած հայ ժողովուրդին մասին ամէն գիտելիք, ամէն տեղեկութիւն վտանգաւոր էր երկրի վարչակարգին հաշուոյն: «Ակօս»ի հրատարակութենէն ետք ամենամեծ ուշադրութեան կ՛արժանանային այն համառօտ տեղեկութիւնները, որոնք կը վկայէին այս երկրին մէջ հայերու անցեալին: Չէ՛ որ պետութիւնը յաջողած էր կերտել այնպիսի ընկալում մը, որուն համաձայն՝ երկրի բնակչութիւնը պիտի կարծէր, թէ հայը ո՛չ թէ այս երկրի բնիկ տեղացի ժողովուրդն է, այլ ձեւով մը հոս հասած չես գիտեր ինչ ծագումով օտար տարր մը: Ահա Հրանդի «Ակօս»ը եկած էր այդ կեղծիքը փլելու: Մահկանացու ծանր մեղք մը, որ ուղղուած էր երկրի գոյութեան: Չէին կրնար հանդուրժել եւ արդէն չեն հանդուրժած: Մնաց, որ դեռ կար աւելին: Հրանդ Տինք իր հրատարակութիւններով կը պարզէր այս երկրին համար ազգային հերոս ներկայացուած Սապիհա Կէօքչենի իրաւ ինքնութիւնը: Արդարեւ, շատեր «Ակօս»ի միջոցաւ իմացան, թէ Թուրքիոյ ազգային հերոսը ուրիշ մէկը չէ, այլ հայազգի որբ մը՝ Հաթուն Սեպիլճեան: Հանրապետութիւնը չէր կրնար հանդուրժել այս բոլորին եւ հետեւաբար դիմեց ինքնապաշտպանման աւանդական եղանակներու:

Պատմութեան այդ հատուածը հետզհետէ ծանօթ է բոլորին: Նախ Ազգային անվտանգաութեան ծառայութեան երկու գործիչներ զգուշացուցին Հրանդ Տինքը, Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ: Ապա վրայ հասաւ ազգայնական «Գորշ Գայլ»երու սպառնական բնոյթով բողոքի երթը դէպի «Ակօս»ի խմբագրատուն: Շուտով դատ բացուեցաւ Հրանդ Տինքի դէմ, իբրեւ թէ թրքութիւնը նախատելու մեղադրանքով: Մինչդեռ Հրանդ իբրեւ համայնավար չէր կրնար որեւէ ազգութիւն նախատել: Ան խնդիր ունէր ո՛չ թէ մարդկանց ազգային պատկանելութեան հետ, այլ այդ պատկանելութիւնով մարմնաւորուած հակամարդկային ամէն տեսակ գաղափարախօսութեան հետ:

Ի վերջոյ լրագրողութիւն կոչուած արուեստը Հրանդին համար Գողիաթի ճակատին շպրտուած քար մըն էր միայն: Բայց ան խիստ հաւատարիմ մնաց այդ ասպարէզին թելադրած բոլոր սկզբունքներուն: Լրագրողութիւնը երբեք անարդարութիւն արտադրող գործիք մը չեղաւ իրեն համար: Որպէս քաղաքական բարոյականութիւն՝ կը խուսափէր ոեւէ մէկուն անարգելէ, բայց բացարձակապէս չէր արտօնէր, որ որեւէ մէկն ալ անարգէ իր ազգը, իր ազգին սրբութիւնները: Ստիպուած չէր, բայց անվարան մասնակցեցաւ զինք հրաւիրող բոլոր պատկերասփիւռի հաղորդումներուն: Վեր պահեց իր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը: Ինք ալ խուսափեցաւ որեւէ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը վիրաւորելէ: Սակայն այս բոլորը Թուրքիոյ քաղաքական միտքին համար մահացու յանցագործութիւններ էին:

Հրանդ Տինքի սպանութիւնը բոլոր այս գործօններուն բերմամբ կարելի չէ իր հունէն դուրս բերել եւ այլ կերպ ներկայացնել:

Ինչպէս որ Սեբաստիոյ մէջ ալեւիներու ուղղուած զանգուածային սպանութեան ոտնահետքերը կը նշմարենք Մարաշի կոտորածին մէջ, ինչպէս որ Տէրսիմի ցեղասպանութեան ոտնահետքերը կը տեսնենք 1915ի Ցեղասպանութեան մէջ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Թահիր Էլչիի սպանութիւնն ալ կարելի չէ անջատել Հրանդ Տինքի ոճիրէն կամ այս վերջինն ալ կարելի չէ մեկուսացնել Սապահատտին Ալիի, Գրիգոր Զօհրապի սպանութենէն:

Ոճրագործութեան այս անիծեալ աւանդոյթը արժանի կերպով պարզաբանելու համար՝ ստիպուած ենք դերձանի կծիկը ի սկզբանէ քակելու: Այդ ընելու ժամանակ, մեր դիմաց պիտի ներկայանայ երբեմնի Ներքին գործոց նախարար Մեհմետ Աղարի «պատը կը փլի» վախով ձեռք չտուած աղիւսը: Ուրիշ լրագրողի մը՝ Ուղուր Մումճուի մահէն ետք Աղար ըսած էր, թէ կը տեսնէ պատին վրայ այս չարագործութեան տեղի տուող աղիւսը, բայց չի կրնար դպչիլ, քանի որ այդ աղիւսը տեղէն շարժելով՝ ամբողջ պատը պիտի փլի: Մենք հիմա վճռակամ կ՛աղաղակենք՝ «Քաշեցէք այդ աղիւսը, որպէսզի փլի սա սխալ կառուցուած մարդասպան պատը»: Վերջապէս այդ պատի փլուզումը ո՛չ թէ մեր, այլ չարագործներու համար կենսական նշանակութիւն ունի եւ եթէ փլի անոր տակը մնացողը մենք պիտի չըլլանք անկասկած:

«ԱԿՕՍ»

asbarez.com/arm/335366/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail