23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ընդդիմութիւնը անցնող շաբաթավերջին բողոքի ցոյց մը կատարեց բանտարկուած լրագրող Մեհման Հուսէյնովը եւ այլ քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակելու պահանջով:
Հանրահաւաքը սովորականէն աւելի բազմամարդ եղաւ, հակառակ այն իրողութեան, որ ոստիկանութիւնը ապահովական արտակարգ միջոցառումներու ձեռնարկած էր՝ քանի մը անգամ ստուգելով «Մեխսուլ» մարզադաշտ մտնողները:
Ընդդիմադիրները ստիպուած եղան այդ մարզադաշտին մէջ հաւաքուելու, որովհետեւ իշխանութիւնները մերժած էին քաղաքի կեդրոնին մէջ գտնուող հրապարակին վրայ ցոյց կազմակերպելու անոնց դիմումը:
Կը հաղորդուի, որ իշխանութիւնները նաեւ խանգարեցին համացանցային կապը, որուն հետեւանքով ցուցարարները զրկուեցան ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ հեռարձակում իրականացնելու եւ ցոյցին մասին տեղեկութիւններ տարածելու կարելիութենէն:
Միւս կողմէ, Եւրոպական խորհրդարանը անգամ մը եւս մարդկային իրաւունքներու գծով ծանր քննադատութիւններ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հասցէին։
Զանազան երկիրներէ մօտաւորապէս 20 երեսփոխաններ խօսեցան Ատրպէյճանի մասին՝ ընդգծելով, որ մարդկային իրաւունքները կոպտօրէն կ՛ոտնահարուին այդ երկրին մէջ եւ մարդիկ կը դատապարտուին պարզապէս իրենց արտայայտած կարծիքներուն պատճառով։ Կը շեշտուի, որ Ատրպէյճան երկար տարիներէ ի վեր չի կատարեր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ կը բռնաբարէ ժողովրդավարական տարրական սկզբունքները։
Կարգ մը երեսփոխաններ քննադատեցին նաեւ իրենց այն գործընկերները, որոնք կառոյցին մէջ լոպիական աշխատանք կը տանին Ատրպէյճանի ի նպաստ եւ կաշառք ստանալով կ՛անտեսեն կացութիւնը։ Ելոյթներէն ետք, Ատրպէյճանի դէմ բանաձեւ մը վաւերացուեցաւ, դարձեալ քննադատելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը։
asbarez.com/arm/335593/