22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 –
Վալանսը, որ յաճախ համարուած է Ֆրանսայի ամենէն հայկական քաղաքը, պիտի օժտուի հայկական ամէնօրեայ դպրոցով:. Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»ը։ Շինարարական աշխատանքներու պաշտօնական սկիզբը տրուած է Երեքշաբթի, Յունուար 9-ին, ձեռամբ Վալանսի Ֆրանքեւհայկական մշակոյթի կեդրոնի (CCAV) համանախագահ Անտրէ Հացպանեանի: Այս դպրոցը, որուն կը սպասուէր երկար ատենէ ի վեր, թոյլ պիտի տայ հաստատել ակադեմական շրջանակ մը հայերէնի դասաւանդման համար, զայն ներառելով ֆրանսական կրթական ծրագրին մէջ:
Շինարարական աշխատանքները
Դպրոցը պիտի հաստատուի Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մերձաւորութեամբ: Աշխատանքները, որոնց տեւողութիւնը կը նախատեսուի տասնըվեց ամիս, պիտի սկսին փլուզումի փուլով, ապա պիտի ձեռնարկուի շէնքի գետնայարկի եւ առաջին յարկի ընդարձակմամբ, վերակազմակերպելու համար տարածքները: Այս կարգաւորումը աշխատանքի եւ ուսման լաւագոյն պայմաններ պիտի ապահովէ ապագայ աշակերտութեան, որ պիտի ունենայ նաեւ ճաշարան մը եւ ընդարձակ բակ մը: Առաջին երախաները պիտի ընդունուին 2020 Սեպտեմբերի վերամուտին:
Կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող ծրագիր մը
Այս ծրագիրը անկասկած Վալանսի հայ համայնքի պատմութեան կարեւորագոյնն է, որքան իր ծաւալով, նո՛յնքան ալ այն դերով, որ հաստատութիւնը պիտի ունենայ ապագային: Շինարարութիւնը, որուն ծախսերը կը գնահատուին 1.860.000 եւրօ, կարելի դարձաւ շնորհիւ լիբանանահայ բարերար պարոն Գէորգ Արապեանի 700.000 եւրոյի բացառիկ նուիրատւութեան: Նորվան արք. Զաքարեան, պարոն Անտրէ Հացպանեան եւ իրենց խումբը յաջողեցան 2017 Հոկտեմբերին սկսած հանգանակութեամբ հաւաքել աւելի քան 1 միլիոն եւրօ, ներառեալ վերոնշեալ նուէրը: Ի դէպ, CCAV-ի համանախագահ Նորվան սրբազան 2018 Սեպտեմբերին արդէն կը յայտարարէր, որ “երբեք հանգանակութիւն մը այսքան բերրի չէր եղած աշխատանքներու սկիզբէն առաջ”։ Արդարեւ, կոչ եղաւ ֆրանսահայ գաղութի առատաձեռնութեան: Բարեսիրական երեկոյթներ տեղի ունեցան, կազմակերպուեցաւ հեռաձայնով հանգանակութեան օր մը, որոնք թոյլ տուին դրամ հաւաքել. եղան նաեւ ինքնաբուխ նուիրատւութիւններ:
Հարկ է հանգանակել 860.000 եւրօ եւս
Կը մնայ ապահովել 860.000 եւրօ եւս՝ ծրագիրը առանց պարտքի իր աւարտին հասցնել կարենալու համար: Կ՚ակնկալուի, որ շինարարական աշխատանքներու սկսիլը 2019-ին պիտի խրախուսէ նուիրատուները, բայց նաեւ պիտի ներգրաւուին նոր բարերարներ (նկատի ունենալով, որ նուիրատւութիւնները թոյլ կու տան 66%-ի հարկային զեղչ մը):
Հիմնադրելով Ֆրանսայի ամէնօրեայ ութերերդ վարժարանը՝ Վալանս աստիճանաբար կը հասնի Լիոնի, Մարսիլիոյ, Նիսի եւ Փարիզեան շրջանի մակարդակին: Դպրոցական այս բոլոր հաստատութիւնները կը բերեն իրենց նպաստը երիտասարդութեան կրթութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայերէնի աշխուժացման:
horizonweekly.ca/