24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան
Ներկայիս Էրտողան կը փորձէ իր դիրքերը ամրապնդել Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ հոն քիւրտերը կը հալածէ, մինչ ՄիացեալՆահանգները քիւրտերը ՏԱՀԵՇ–ի դէմ մղած իրենց պայքարի ամենամեծ դաշնակիցը կը համարեն: Թուրքիան նաեւ զիջումներ կ՛ընէ Ռուսիոյ` Սուրիոյ տագնապին հարցով: Սակայն ինչո՞ւ ան կը հալածէ Սուրիոյ քիւրտերը: Ի՞նչ է գինը անոր զիջումներուն` Ռուսիոյ, եւ ի վերջոյ, ի՞նչ ձեռք պիտիբերէ ան: Կը թուի, թէ Թուրքիան կ՛ակնկալէ Սուրիոյ քիւրտերը տկարացնելով եւ անոնց կապերը իր երկրի քիւրտերուն հետ խզելով` պիտիկարողանայ վերջ տալ քրտական ազգային ազատագրական շարժումին` իր երկրէն ներս:
Ըստ 1920 թուականի Սեւրի պայմանագիրին, Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան մասերուն մէջ քրտական ինքնավար շրջան մը պիտի ստեղծուէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի մշակած քարտէսին համաձայն, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ, երբ 1923-ին Լոզանի պայմանագիրը ջնջեց Սեւրինը, եւ Քեմալ Աթաթուրք Թուրքիոյ քրտական բոլոր տարածքները ենթարկեց իր իշխանութեան: Ըստ քիւրտերուն, Սեւրի պայմանագիրը պառակտեց Մեծն Քրտստանը` Թուրքիոյ, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ:
Քիւրտերուն թիւը ներկայիս աւելի քան 30 միլիոն կը գնահատուի, անոնց 16 միլիոնէն աւելին Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին եւ զրկուած են իրենց ազգային իրաւունքներէն: Իսկ Իրանի մէջ անոնք ամբողջութեամբ պետութեան հսկողութեան տակ են. Մահապատի Քրտական Հանրապետութիւնը, որ հիմնուած էր Իրանի հիւսիսային կողմը, 1946-ին, երկար կեանք չունեցաւ: Սուրիոյ քիւրտերը միշտ անտեսուած են, իսկ ինչ կը վերաբերի Իրաքին, հոն քրտական շարժումները սկսած են քսաներորդ դարու սկիզբին` շէյխ Մահմուտ Հաֆիտի ղեկավարութեամբ, այնուհետեւ շարունակուած են Պարզանի, Թալապանի եւ այլ տոհմերու կողմէ եւ յաջողած են իրենց իրաւունքներուն մեծ մասը ձեռք բերել եւ, բաղդատմամբ միւս երկիրներուն, իրենց իրավիճակը աւելի լաւ կը համարուի:
Աթաթուրք քիւրտերուն «լեռնական թուրքեր» անուանեց, արգիլեց քրտերէնի ուսուցումը եւ` կրթական ու մշակութային որեւէ գործունէութիւն, թերթերու հրապարակում, նաեւ` քրտական քաղաքական կուսակցութիւններու ձեւաւորում:
1925-ին Աթաթուրքի դէմ տեղի ունեցաւ շէյխ Սայիտ Փիրանի ապստամբութիւնը, որ քիւրտերու առաջին ազգային-ազատագրական շարժումն էր Թուրքիոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, սակայն անիկա չյաջողեցաւ եւ շէյխ Սայիտը մահապատիժի ենթարկուեցաւ իր ընկերներուն հետ. հարիւրաւոր քրտական գիւղեր թալանուեցան, հրկիզուեցան եւ բնակիչները բռնի արտաքսուեցան:
1927-1930 թուականներուն Աղրիի` Արարատ լերան յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ օսմանեան բանակի նախկին զօրավար Իհսան Նուրի փաշայի ղեկավարութեամբ: Հոյպուն (անկախութիւն) քրտական կուսակցութիւնը եւ Պատրխան տոհմը, որոնք հայերէն, ի մասնաւորի ՀՅԴ-էն օգնութիւն ստացան, անոնք ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին: Արարատի տարածքը քրտական անկախ պետութիւն հռչակուեցաւ: Աթաթուրքը լայնածաւալ պատերազմ մղեց եւ «Աղրի»-ի քրտական նորաստեղծ պետութիւնը տապալեց: Իհսան Նուրի փաշան Պարսկաստան ապաստանեցաւ:
1935-ին Թուրքիոյ պետութիւնը վերաբնակեցման նոր օրէնքով որոշեց Տէրսիմի (այժմ` Թունճելի) քիւրտերը ուրիշ վայրեր տեղափոխել, հոն թուրքեր բնակեցնելու նպատակով: Քիւրտերը մերժեցին եւ ծայր առաւ Տէրսիմի ապստամբութիւնը Սայէտ Ռեզայի ղեկավարութեամբ 1937-1939 թուականներուն: Աթաթուրքը տասնեակ հազարաւոր զօրքեր ղրկեց եւ օդային ուժի մասնակցութեամբ վերջ տուաւ Տէրսիմի ապստամբութեան: Տասնեակ հազարաւոր քիւրտեր սպաննուեցան եւ մեծ թիւով ալ բռնի տեղափոխուեցան: Տէրսիմի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն նկատուեցան, եւ վերջերս Էրտողանը ներողութիւն խնդրեց իր կառավարութեան անունով:
Քիւրտերու դէմ հալածանքները շարունակուեցան Թուրքիոյ մէջ` 1960, 1971, 1980 թուականներու յեղաշրջումներուն պատճառով, սակայն անոնց ազատական շարժումը շարունակուեցաւ, եւ 1978-ին, Ապտուլլա Օճալանի ղեկավարութեամբ, կազմուեցաւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը, (PKK), որ 2004-ին պայքար մղեց պետութեան դէմ, ու այդ պայքարը շարունակուեցաւ մինչեւ 2009 թուական, երբ խաղաղ բանակցութիւններ սկսան: Մինչ այդ աւելի քան 40.000 մարդ սպաննուեցաւ, աւելի քան 3000 քրտական գիւղեր հրկիզուեցան, եւ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահանուեցան: Նոյն ոճը եւ նոյն ազգայնամոլական մօտեցումը` Ապտուլ Համիտէն սկսեալ մինչեւ օրս. նախ հայերուն եւ այլ քրիստոնեաներուն դէմ, ապա` իսլամ քիւրտերուն դէմ, որոնք թուրքերուն հետ միասին կոտորեցին հայերը:
Օճալան 1979-ին տեղափոխուեցաւ Սուրիա. տարիներ ետք, 1998-ին, Թուրքիոյ սպառնալիքները Սուրիոյ պետութեան դէմ ծանրացան Օճալանին ապաստան ապահովելուն համար, եւ Օճալան ստիպուեցաւ մեկնիլ երկրէն, նախ դէպի Ռուսիա, յետոյ Իտալիա եւ ի վերջոյ` Յունաստան. վերջապէս ձերբակալուեցաւ 1999 Փետրուար 15-ին, Նայրոպիի մէջ, Ափրիկէի թուրքերուն կողմէ եւ Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ, ան Թուրքիոյ մէջ նախ մահապատիժի դատապարտուեցաւ, ապա 2002-ին մահապատիժը փոխարինուեցաւ ցմահ ազատազրկման, երբ մահապատիժը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ մէջ Եւրոխորհրդարանի ճնշումով:
Թուրկութ Օզալ իշխանութեան հասաւ Նոյեմբեր 1989-ին եւ 1991-ին ան ներում շնորհեց քաղաքական բանտարկեալներուն եւ քիւրտերուն որոշ չափով ազատութիւն տուաւ, Օզալ յայտնեց, որ ինք քրտական արմատներ ունի: Թուրքիոյ եւ ՔԱԿ-ի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան 1993-ին, Իրաքի քիւրտ առաջնորդներէն Ճալալ Թալապանիի միջնորդութեամբ: Երկու կողմերը պայքարին վերջ տալու մասին գրեթէ համաձայնեցան, սակայն 1993 Ապրիլին Օզալի յանկարծակի մահը արիւնալի բռնութեան նոր դէպքեր յառաջ բերաւ:
1997-ին խաղաղութեան ուրիշ փորձ մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ծայրայեղ իսլամ վարչապետ Նեճմէտտին Էրպաքանի օրով, սակայն ան ալ ձախողեցաւ, երբ բանակը տապալեց Էրպաքանի իշխանութիւնը: Վարչապետ Պուլանթ Էճեւիտի եւ բանտարկուած Օճալանի միջեւ կարճ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, սակայն անոնք ալ վերջ գտան առանց արդիւնքի: 2009-2011 թուականներուն Նորվեկիայի մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցան Էրտողանի կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի ներկայացուցիչներու միջեւ, սակայն դադրեցան Փարիզի մէջ ՔԱԿ-ի երեք յայտնի անդամներու սպանութեան պատճառով, որուն համար Թուրքիան մեղադրուեցաւ: Պայքարը շարունակուեցաւ, եւ Էրտողան յայտարարեց, որ թրքական բանակը պիտի շարունակէ քիւրտ մարտիկներու հետապնդումը ամէն տեղ:
2012-ին նոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Էրտողանի եւ Օճալանի միջեւ, եւ անոր հետեւեցաւ խաղաղութեան շրջան մը, որ վերջ գտաւ 2015-ին, Սուրիոյ պատերազմի պատճառով: Քիւրտերը 2012-ին Սուրիոյ Գամիշլի, Արաբ Փունար եւ Աֆրին քաղաքներուն մէջ ինքնավար շրջաններ հիմնեցին եւ յայտարարեցին, որ անկախութեան չեն ձգտիր, սակայն պատերազմի շարունակութիւնն ու քիւրտերու դերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լարուածութիւնը աւելցուց Թուրքիոյ եւ քիւրտերուն միջեւ: Յուլիս 2015-ին թրքական Սորոշ քաղաքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ անձնասպանական գործողութիւն մը տասնեակ քիւրտերուն կեանքը խլեց, թուրքերը յանցաւոր սեպուեցան, եւ իբրեւ հակադարձութիւն` քիւրտերը երկու թուրք ոստիկաններ սպաննեցին Ուրֆայի մէջ:
Թրքական օդային հարուածները, որոնք ուղղուած էին Սուրիոյ քրտական ջոկատներուն դէմ, շարունակուեցան ՔԱԿ-ի հետ կապ ունենալու պատրուակով: Իրաքի քիւրտերը ուզեցին միանալ Սուրիոյ քիւրտերուն, որպէսզի միասին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին, սակայն Էրտողան այդ քայլը Թուրքիոյ դէմ ուղղուած համարեց, եւ 12 Դեկտեմբեր 2017-ին ան շեշտեց, որ իր երկրի սահմաններուն վրայ անկարելի է քրտական պետութիւն հիմնել: Յիշենք, որ ներկայիս Թուրքիան Սուրիոյ մէջ քրտական քաղաքներ եւ տարածքներ գրաւած է քիւրտ մարտիկները չէզոքացնելու եւ անոնց կապերը ՔԱԿ-ին հետ կտրելու համար: Քիւրտերը փորձեցին մասնակցիլ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին եւ 2012-ին հիմնեցին Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որ 2015-ին յաղթանակ արձանագրեց եւ Թուրքիոյ խորհրդարան մտաւ 78 երեսփոխաններով:
Այնուամենայնիւ, պետութեան հետ փոխըմբռնման բոլոր փորձերը ձախողեցան, եւ այդ կուսակցութեան ղեկավարները այս կամ այն պատճառով բանտարկուած են. վերջերս թրքական կառավարութիւնը Տիգրանակերտի շրջանի քրտական տարածքները, Սուր քաղաքը եւ այլ շրջաններ աւերակներու վերածեց, եւ դեռ հակամարտութիւնները կը շարունակուին: Քիւրտերուն ինքնութիւնը ոչնչացնելու բոլոր փորձերը ոչ մէկ արդիւնք տուին, եւ անոնք կը շարունակեն իրենց պայքարը:
Ժամանակին` 1890-ին համիտեան ջոկատները հիմնուեցան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի կողմէ, անոր անդամներուն մեծ մասը քիւրտ հեծեալներ էին, որոնք իրենց շրջաններուն մէջ համիտեան կոտորածները կազմակերպեցին, եւ աւելի՛ն. անոնք ուրիշ շատ մը քիւրտ ցեղախումբերու հետ միասին Թալէաթի հետ մաս կազմեցին 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրին եւ հայուն տունն ու տեղը գրաւեցին, իսկ Աթաթուրքի օրով անոր հետ գործակցեցան` յոյս ունենալով, որ իրենց ազգային իրաւունքներուն պիտի տիրանան: Սակայն թուրքը թուրք է, անոնց ալ հայոց դառն բաժակէն խմցուց եւ դեռ կը խմցնէ. քիւրտերը կ՛ըմպեն նոյն այն դառն գաւաթէն, որ հայերուն ըմպել տուին թուրքերուն հետ միասին:
hampomg@yahoo.com
yerakouyn.com/2019/01/24