Թրքական Բանակը Հրետանակոծած է Սուրիական Թել Ռըֆաթ Քաղաքը

24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ զինուած ուժերը հրետանակոծած են Սուրիոյ հիւսիսային Թել Ռըֆաթ քաղաքը:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ հրետանակոծութեան նպատակը եղած է քաղաքին մէջ տեղակայուած քրտական «Ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան ուժեր»ու (YPG) որոշ յենակէտերու ոչնչացումը: Սակայն, ըստ տեղեկութիւններուն, Թել Ռըֆաթի մէջ, բացի քրտական ուժերէն (YPG), տեղակայուած են նաեւ Սուրիոյ կառավարական բանակի ստորաբաժանումներ:

Թրքական կողմը YPG-ը կը մեղադրէ վերջին օրերուն Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ իրականացուած պայթումներու կազմակերպման մէջ եւ «հաուպից» հրանօթներէն իրականացուած հրետանակոծութիւնը, թրքական մամուլի հաղորդմամբ, պատասխան եղած է «Աֆրինի մէջ քրտական ուժերու վերջին գործողութիւններուն»:

Նշենք, որ Թել Ռըֆաթը, որուն վերահսկողութեան վերաբերեալ Թուրքիան եւ Ռուսիան ունին տարբեր մօտեցումներ, կը գտնուի վերջին շրջանին կրկին բոլորի ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած Մանպիճ քաղաքի հարեւանութեամբ:

yerakouyn.com/2019/01/24/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail