24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհի որեւէ երկրի մէջ իբրեւ քաղաքական ճնշման գործիք օգտագործելը, անարգանք է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ճեմմա Պաղտատեան
ՀՀ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի կողմէն աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն տեղին ու ժամանակին չարձագանգելը կը յիշեցնէ Է. Նալբանդեանի ձեռագիրն ու աշխատաոճը. հաւատարիմ ըլլալ «լռելու աւանդոյթին»:
Ինչո՞վ զբաղած է ու կը զբաղի ՀՀ ԱԳՆ-ն, եթէ Արցախի հարցը չըլլար, հարկադիր պարապուրդի պիտի մատնուէր: Քառորդ դար դիւանագիտական հարթակի վրայ՝ Արցախի հարցով չկարողացանք էական յաջողութիւն արձանագրել, բացառապէս ամերիկեան քանի մը նահանգներու կողմէն Արցախի անկախութեան ճանչումը:
Զաւեշտ է. Պատերազմի մէջ յաղթած կողմը հարցին կը մօտենայ «եոլա երթալու, լեզու գտնելու» տրամաբանութեամբ: Աւելին. ժամանակին արտօնեցինք եռակողմ բանակցութիւններէն դուրս մղել Արցախը, հիմա ալ կը փորձենք հակառակը ընել: Մասնակից չըլլալ համաշխարհային գիտամշակութային կեանքին, անհաղորդ ըլլալ աշխարհաքաղաքական անցուդարձին, չունենալ ձայնի իրաւունք, չըլլալ հակակշիռ. Այս է նորանկախ Հայաստանի ռազմավարութիւնը:
Իսրայէլը ՀՀ-ի ռազմավարական դաշնակիցը չէ, ոչ ալ բարի դրացին, եւ որեւէ առումով անկէ կախում չունինք: Աւելին, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին գերժամանակակից սարքերով սատարեց ազերիներուն, որուն առիթով Հայաստանի ԱԳՆ-ն բողոքի գիր մը, անգամ, չյղեց, ուր մնաց՝ Հաագայի միջազգային դատարանին մէջ քրէական գործ հարուցէր ընդդէմ Իսրայէլի: Կրնայինք՝ չըրինք, որովհետեւ «մենք ամէն տեղ ենք, բացի մեր տեղէն»:
Թուրք-իսրայէլական լարուած յարաբերութիւնները վերջին տասնամեակին վերացական հարթակէն ցած չեն իջներ, եւ հակագրոհի ժամանակ Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավարը թուրքերուն սաստելու թիրախ կ՝օգտագործէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ զայն Քնեսէթի օրակարգ կը բերէ: Ամերիկայի միջամտութենէն ետք, հարցը կա՛մ կը տապալի, կա՛մ օրակարգէն ժամանակաւորապէս դուրս կը մնայ:
Այդպէս եղած է եւ պիտի ըլլայ՝ քանի դեռ Հայաստանը Իսրայէլին պաշտօնապէս չէ սաստած: Դժուա՞ր է Հայաստանի անունով բողոքի գրութիւն յղել, արգիլել Հայոց Ցեղասպանութիւնը անհարկի շահարկելը, եւ նախազգուշացնել, կրկնելու պարագային պիտի դիմէ միջազգային դատարան: Իրականութեան մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը անկէ շօշափելի կորուստ չ՝ունենար, այստեղ հայ ժողովուրդին արժանապատւութեան հարցն է, որ իր նախկին իշխանաւորներուն կողմէ միշտ անտեսուած է, իսկ ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնանացականեան նորեկ չէ այս համակարգին մէջ, ուստի, անոր աշխատաոճը ընդունելի չէ. Գործնական ըլլալու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: Աւելին, օրերս հրէական «Երուսալիմ փոսթ»-ին տուած անոր հարցազրոյցը զարմանք յառաջացուց. որմէ՞ կը վախնար մեր նախարարը, ինչո՞ւ այդքան զուսպ էր ու զգոյշ, միթէ՞ առիթը չէր նախկինի բաց ձգածները ուղղելու։ Հայոց Ցեղասպանութեան բարոյական ծիրէն կը խօսի. միթէ՞ ճշմարտութիւնը ըսելու համար կարելի է այդպէս կարկամիլ, երբ կորսնցնելու ոչինչ ունիս:
Արգիլեցէ՛ք Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշխարհի որեւէ երկրի մէջ իբրեւ քաղաքական ճնշման գործիք օգտագործելը, ատիկա անարգանք է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
yerakouyn.com/2019/01/24/