24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումը անսպասելի չէր: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին (Տիգրանուհի Մարտիրոսեանի հետ) ըսաւ Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան` նշելով, որ հանդիպումը կը նախապատրաստուէր:
Խօսելով 1.5 ժամ տեւած հանդիպումին մասին` Վահրամ Բալայեան ըսաւ, թէ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` Արցախը ամէն գնով մտցնել իրենց կազմին մէջ, չէ փոխուած, ուստի դժուար թէ շօշափելի արդիւնքներ ըլլան:
«Չեմ կարծեր, որ Պաքուի դիրքորոշումը թոյլ կու տայ կառուցողական քննարկում ծաւալելու, բանակցութիւններուն ընթացք տալու, որովհետեւ անոնց պահանջը անկարելի է իրականացնել», ըսաւ Բալայեան:
Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ մինչեւ ղեկավարներու հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի յայտարարութեան մէջ խօսուած էր «ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու» մասին, Վահրամ Բալայեան ըսաւ, թէ այդ թեզը յառաջ մղողներուն համար «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւն է:
«Այլապէս ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն: Երբ Ազրպէյճանը վերջին տասնամեակներուն ամէն ինչ ըրած է, որ հայատեացութեան մակարդակը բարձրանայ` սկսեալ մանկապարտէզներէն, դպրոցներէն, քարոզչութիւն տարուած է, միշտ բարձր պահած է հակահայկական տրամադրութիւնը: Եւ այս բոլորէն ետք մտածել, որ Ազրպէյճանի հանրութիւնը կարելի է պատրաստել խաղաղութեա՞ն:
Ասիկա շատ երկարատեւ գործընթաց է: Երբ հայ զինուորին գլուխը կտրողը կը հերոսացուի, ի՞նչ բարեկամութեան կամ հաշտութեան մասին է խօսքը: Լաւ գաղափար է, որ պէտք է ըլլայ համերաշխութիւն, բայց ասիկա չաշխատող գաղափար է», մանրամասնեց Վահրամ Բալայեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբա՞կն է «խաղաղութիւն տարածքներու» դիմաց թեզը յառաջ մղողը, պատգամաւորը յայտնեց, որ բանակցային սեղանին վրայ չկայ նոյնիսկ փաստաթուղթ, ուր կը բացատրուի, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «խաղաղութեան պատրաստել» ժողովուրդները:
«Ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստել խաղաղութեան: Ես կը կարծեմ, որ խօսքը միակողմանի զիջումներու մասին է: Ասիկա լաւ տեղ չի հասցներ: Հայ ժողովուրդը պայքարած է, արիւն թափած իր ազատութեան համար եւ պատրաստ չէ իր հայրենիքը զիջելու ուրիշին», աւելցուց ան:
aztagdaily.com/archives/424546