17 հոկտեմբեր 2015
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի գործով «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատական գործին մէջ Հայաստանը իբրեւ երրորդ կողմ ներկայացնող Ճեֆրի Ռոպըրթսըն եւ Ամալ Քլունի հրապարակած են դատարանի վճիռին վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Մենք գոհ ենք, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը այսօր հաւանութեան արժանացուց Տողու Փերինչեքի եւ Զուիցերիոյ միջեւ գործին իբրեւ երրորդ կողմ ներգրաւուած Հայաստանի կառավարութեան օգտին բերուած մեր փաստարկը: Այդ վճիռը Հայաստանի համար յաղթանակ է:
«Այսօր Եւրոպական դատարանը արձանագրեց, որ խօսքի ազատութիւնը ենթակայ չէ սահմանափակման, եթէ չի սերմաներ բռնութիւն կամ ցեղային ատելութիւն: Փաստօրէն, զուիցերիական իշխանութիւնները պէտք չէ հետապնդէին Փերինչեքը, որովհետեւ թրքերէնով կատարած անոր դատարկախօս յայտարարութիւնը բացարձակապէս չէր կրնար որեւէ ազդեցութիւն ունենալ Զուիցերիոյ մէջ ընկերային ներդաշնակութեան եւ ցեղերու միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ:
«Հայաստանը գործին մէջ ներգրաւուած է միայն մէկ նպատակով. ստորին պալատը կասկածի տակ դրած էր 1915 թուականին հայերուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան փաստը: Իբրեւ փաստաբաններ, մենք ձգտած ենք ուղղել այս կոպիտ սխալը, եւ Մեծ պալատը այդպէս ալ վարուեցաւ: Այսօրուան վճիռը չի վիճարկեր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը. տասը դատաւոր նշեց, որ ընդհանրապէս այդ հարցը պէտք չէ քննարկուի, մինչդեռ դատաւորներէն եօթն արձանագրած են, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ամրագրուած պատմական փաստ է»:
«Վճիռը նաեւ կը վերահաստատէ հայերուն` եւրոպական իրաւունքով պահպանուող իրենց արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի եւ պաշտպանութեան իրաւունքը, ներառեալ այն ծիրին մէջ, որ կ՛առնչուի օսմանեան թուրքերուն կողմէ հայերու ցեղի շուրջ կէսին ոչնչացման պատճառով վնաս կրած հայկական համայնքի ինքնութեան (պարբերութիւն 227):
«Խօսքի ազատութեան կարեւորութիւնը վերահաստատող դատարանի այս վճիռը կարեւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիոյ համար, որ եւրոպական դատարանին մէջ ներկայացուած պետութիւններու շրջանակին մէջ խօսքի ազատութեան ամէնէն վատ ցուցանիշները ունի: Թուրքիան այլեւս պիտի չկարենայ արդարացնել Հրանդ Տինքի նմաններուն քրէական հետապնդման ենթարկուիլը. անձեր, որոնք գրելով Հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան մասին, քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին հիմքով կը մեղադրուին «թրքական ինքնութիւնը վիրաւորելու» մէջ: Փերինչեքի գործով կատարուած մեկնաբանութիւններուն համաձայն, այս հետապնդումները ամբողջութեամբ կը հակասեն Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի 10-րդ յօդուածով ամրագրուած խօսքի ազատութեան երաշխիքներուն: Մենք Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղենք ջնջելու յօդուած 301-ը եւ դադրեցնելու ատով պայմանաւորուած չարամիտ հետապնդումները:
«Փերինչեքը սադրիչ է, զոր պէտք չէ դարձնէին նահատակ, ինչին ան այդքան կը ձգտէր: Անհրաժեշտ է նշել, որ դատարանը մերժած է անոր` 120.000 եւրոյի փոխհատուցման պահանջը եւ ոչինչ հատուցած` ոչ իսկ անոր սեփական իրաւաբանական ծախսերը»:
«Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի
Վճիռը Կը Վկայէ, Որ Կարելի Է Պատասխանատուութեան
Կանչել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Համար»
Կ՛ըսէ Ռոպըրթսըն
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով Հայաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանի «Առաջին լրատուական»-ը, կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ հայկական փաստաբանական խումբի անդամ, Լոնտոնի, Տոհթի Սթրիթ փաստաբանական պալատի հիմնադիր, միջազգային յայտնի փաստաբան Ճեֆրի Ռոպըրթսըն «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 15 հոկտեմբեր 2015-ի վճիռը հայերուն համար նպաստաւոր կը նկատէ: «Երբ ուշադիր կը կարդաս, ապա կը հասկնաս, որ այս որոշումը ամբողջութեամբ կը չէզոքացնէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի ստորին պալատին նախորդ որոշումը, որ կասկածի տակ կը դնէր Ցեղասպանութեան փաստը: Բացի ատկէ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը կը յայտարարէ, որ հայ ժողովուրդը յարգանքի իրաւունք ունի եւ Ցեղասպանութեան մասին հայերու տեսակէտները պէտք է յարգուին, եւ կը նշէ, որ այդ տեսակէտները պէտք է պաշտպանուին», յայտարարած է Ռոպըրթսըն:
Ըստ անոր, եւրոպական բարձրագոյն դատարանը նաեւ նշած է, որ ամբողջ Եւրոպայի մէջ հայ ժողովուրդը պէտք է յարգուի իր պատմութեան եւ ընկալումներուն համար` ցեղասպանութենէն տառապելու տեսանկիւնէն: «Ասիկա իսկապէս լաւ բացայայտում է. ատիկա կը նշանակէ, որ կարելի է պատասխանատուութեան կանչել Ցեղասպանութեան ժխտման համար, ատիկա ատելութեան մաս է: Եւ դատարանը ըսաւ, որ եթէ կը փորձես արդարացնել հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը, ապա պէտք է դատապարտուիս», նշած է Ռոպըրթսըն:
http://www.aztagdaily.com