25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պաքու պաշտօնական բողաքագիր յղած է Թիֆլիսին՝ Ախալքալաք քաղաքի Բուղաշէն թաղամասին մէջ 20 Յունուարին, Արցախեան պատերազմի հերոս Միխայիլ Աւագեանի կիսանդրին տեղադրուելուն պատճառով:
«Կրուզիա Անլայն»ը կը հաղորդէ, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի մօտ Վրաստանի դեսպան Զուրապ Փատարաձէ կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրմէ պահանջած են անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել՝ փաստի վերացման վերաբերեալ, որ չի համապատասխաներ երկկողմ ռազմավարական յարաբերութիւններու բնոյթին:
Նշենք, որ նոյն հարցով Վրաստանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Տուրսուն Հասանով հանդիպում մը ունեցած էր Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներու հետ եւ փոխանցած Պաքուի բողոքը:
yerakouyn.com/2019/01/25/