«Հայաստանի Երիտասարդական Հիմնադրամ»ի Տնօրէնը Կը Մեղադրուի Դրամի Լուացումով Եւ Իւրացումով

27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԴՐԱՄԻ ԼՈՒԱՑՈՒՄ ԵՒ ԻՒՐԱՑՈՒՄ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան մէջ քննուող քրէական գործին շրջագիծին մէջ, «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէնը կը մեղադրուի առանձնապէս մեծ չափերու դրամի լուացումով եւ առանձնապէս մեծ չափի իւրացումով: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Քննչական կոմիտէի բաժանմունքի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Քննչական կոմիտէն նախապէս յայտնած էր, որ 25 Մայիս 2018ին ստացած էր «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարէն Աւագեանի դիմումը՝ ըստ որուն, 6 Ապրիլին, «Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէնը յիշեալ հիմնադրամին անունով ինքն իր հետ կնքած է 326,000,000 դրամի փոխառութեան պայմանագիր:

Դիմումին հիման վրայ՝ Քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի Քննչական վարչութեան մէջ նախապատրաստուած էին նիւթեր, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ յարուցուած էր քրէական գործ առանձնապէս մեծ չափերու իւրացում կատարելու դէպքին առիթով, Քրէական օրէնսգիրքի 179րդ յօդուածի 3րդ մասի Ա. կէտով:

Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէնը, 2010էն սկսեալ, հանդիսանալով հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ 29 Ապրիլ 2013էն մինչեւ 22 Մայիս 2018 իւրացման եղանակով հիմնադրամէն յափշտակած է իրեն վստահուած առանձնապէս մեծ չափերու գումար:

Նպատակ ունենալով թաքցնել եւ խեղաթիւրել առերեւոյթ յափշտակուած առանձնապէս մեծ չափի գումարի յանցաւոր ծագումը, անոր իրական բնոյթը՝ օրինականացուցած է զայն, փոխկապակցուած տարբեր ընկերութիւններու եւ ֆիզիքական անձերու հաշիւներուն՝ մաս-մաս փոխանցելու, կանխիկի վերածելու, ինչպէս նաեւ՝ տարատեսակ գործարքներ իրականացնելու միջոցով:

Այսպէս, գործադիր տնօրէնը 29 Ապրիլ 2013էն մինչեւ 22 Մայիս 2018 ժամանակահատուածին, հիմնադրամէն իւրացումով յափշտակուած, յանցաւոր ճանապարհով ստացուած 325,600,000 դրամ գումարի յանցաւոր ծագումը թաքցնելու նպատակով, առանձանապէս մեծ չափի՝ 226,464,209 դրամ գումարը, մշակուած յանցաւոր մեքենականութիւններու եւ ցանկերու կիրառումով, հաշիւէ հաշիւ փոխանցելու, քօղարկելու եւ մասնատելու եղանակով օրինականացուցած է:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը նոյն ժամանակահատուածին, յիշեալ գումարը կանխիկ փոխանցած է իր մօր անունով արձանագրուած դրամատնային հաշիւներուն:

Այնուհետեւ, 15 Մայիս 2013էն մինչեւ 29 Դեկտեմբեր 2016, մօր հաշիւէն 539,332 ամերիկեան տոլար գումարը փոխանցուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ դրամատուներէն մէկուն հաշիւներուն, որմէ ետք 14 Մայիս 2013էն մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 2016 Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հաշիւներէն 490,583 տոլար փոխանցած է կնոջ՝ Մ.Ղ.ի հաշիւին, ապա կնոջ հաշիւէն 477,485 տոլար գումարը փոխանցուած է իր՝ հայաստանեան հաշիւին եւ կանխիկ ու դրամատնային փոխանցման եղանակով օգտագործած է իր անձնական կարիքներուն համար:

24 Յունուար 2019ին, «Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»ի գործադիր տնօրէնը մեղադրուեցաւ Քրէական օրէնսգիրքի 179րդ յօդուածի 3րդ մասի Ա. կէտով եւ 190րդ յօդուածի 3րդ մասի Ա. կէտով:

asbarez.com/arm/335970/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail