ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ – ՅԱՐԳԵԼԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

Յարգելի Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութիւն;

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ

Գիտնալով հանդերձ ձեր ծանրաբեռնուածութիւնը եւ գերնուիրուածութիւնը կուզեմ անդրադառնալ երեւոյթի մը մասին որ առնչուած է կրթութեան հետ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի սերունդ դաստիարակելու, անպայման պիտի ուշադիր ըլլալ որպէսզի ապատեղեկատուութիւնը տեղ չգտնէ որպէս ճշգրիտ տեղեկութիւն․

Հարցը կը վերաբերի 9-րդ դասարանի Հայոց պատմութեան դասագրքի, յաճախ նկատած եմ վրիպակներ կապուած թուականներու հետ եւ անուններու սակայն այդքան մեծ նշանակութիւն չեմ տուած, սրբագրած եմ որպէսզի զաւակս ճիշդը սորուի սակայն երէկ երբ Տղաս ցած ձայնով կը կարդար օրուայ տրուած պարտականութիւնը ականջներուս դժուար հաւատացի թէ արդեօք՞ ես ճիշդ լսեցի այդ նախադասութիւնը, կրկնել տուի զաւկիս եւ յետոյ խնդրեցի որ գիրքը ինձ փոխանցէ․․․

2008 թուականի տպագրուած Գիրք հեղինակները մի քանիսն են եւ բարձր մակարդակի Ակադեմիկոսներ

Դասագրքի մէջ կը կարդանք « – – – – – – – – դրա արդիւնքում որոշ թեմեր Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ազդեցութեամբ 1956թ․ հրաժարուեցին ընդունել Ս․Էջմիածնի հոգեւոր գերագոյն իշխանութիւնը եւ սկսեցին ենթարկուել Մեծ Ի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանը։»

Յարգելի ակադեմիկոս, երբ՞ է պատահել արարքն այդ դժխեմ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբ՞ է պարտադրել թեմերի եկեղեցիներուն հրաժարուիլ Էջմիածնէն եւ յարիլ Մեծ Ի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, կամ աւելի ճիշդ ձեւով հարցս փորձեմ շարադրել, Ակադեմիկոսը կըսէ թէ 1956 թուականին դաշնակցութիւնը որոշ թեմեր գրաւելով զանոնք կցած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արդեօք 1956 թուականէն առաջ որ՞ թեմի մասին կը խօսի ակադեմիկոսը, Յունաստանի թէ Պարսկաստանի, եթէ կային թեմեր անտէր անտիրական եւ ոչ մի հոգեւոր հովիւ այնտեղ համարեայ չէր գործէր եւ եթէ այդ հասարակութիւնը կարիք կզգար հոգեւոր դաստիարակութեան ինչը անդամալուծուած էր Խորհրդային Միութեան գաղափարախօսութեան պատճառաւ եւ որոշում կայացուցին միանալ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան որպէսզի այդ հոգու ծարաւը յագեցուի քանզի ինչպէս նշեցի չկային Էջմիածնի կողմէ ուղարկուած առաջնորդներ եւ համապատասխան հոգեւորականներ, եթէ այդ երկիրներու մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ներկայութիւն էր որպէս քաղաքական ուժ միթէ՞ այդ կը նշանակէ որ պարտադրաբար եղան այդ փոփոխութիւնները, եթէ այդ ըլլար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նպատակը ինչու սպասեր մինչեւ 1956 երբ տասնամեակներ առաջ կրնար ընել այդ գործը հեզութեամբ, սակայն Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ անգամ չէ պարտադրած որեւէ թեմի կամ որեւէ գաղութի հասարակութեան ուղղորդած է դէպի այս կամ այն թեմ այլ պարզապէս կարիքաւոր ժողովուրդին նեցուկ կանգնած է․․․

հարցին նայինք ուրիշ տրամաբանական անկիւնէ ոչ ոք չի կրնար պատմութիւնը նենգափոխել, բոլորս յստակ գիտենք որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունեցած էր հիմնական 13 թեմեր, «Անտիոք, Ատանա, Հաճն, Պայաս, Բերիա, Մարաշ, Ֆրնուզ, Այնթապ, Սիս, Մելիտենէ, Եոզղադ, Կիւրիւն, Կիպրոս» եթէ այդ թեմերու հասարակութիւնը ենթարկուած եղեռնագործութեան եւ տարագրութեան արդիւնքով ապաստանեցան տարբեր երկիրներ եւ որտեղ կազմակերպուելէ ետք վերադարձան իրենց Արմատին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միթէ՞ այդ պիտի համարուի որպէս ճնշման արդիւնք․

Այստեղէն այնտեղէն լսած կիսատ աղաւաղուած եւ ոչ ճիշդ տեղեկութիւնները տպագրել որպէս պատմական փաստ նուազագոյնը
արդար չէ ․․․

Գիրքի հեղինակը նկատի ունի Լիբանանի Հանրապետութիւնը որտեղ կը գտնուի Մեծ Ի տանն Կիլիկիոյ թափառական կաթողիկոսութիւնը, 1956 թուականը նկատի ունի Կաթողիկոսի ընտրութիւնը երբ խորհրդային Միութեան ջանքերով Էջմիածինը ուզեց խառնաշփոթ վիճակ ստեղծել եւ թելադրէր ընտրուելիք կաթողիկոսը, Մեծ Ի տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոս դառնար մէկը ով պիտի վայելէ Էջմիածնի հաւանութիւնը աւելի ճիշդ Խորհրդային միութեան որոշածը, եւ այդ խնդիրները այնքան զարգացան որ տեղի ունեցաւ անբաղձալի եղբայրասպան ընդհարումներ Հայ զաւակներու միջեւ, եթէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նեցուկ կանգնեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտպանելով անոր թեմերը եւ պաշտպանելով այդ կաթողիկոսութեան ինքնուրոյն որոշման եղանակը եւ այդ երեւոյթը ակադեմիկոսը պիտի համարէ որպէս բռնագրաւում սա նոյնիսկ ծիծաղելի է․․․,

եւ ըսել թէ պառակտումը շարունակւում է մինչեւ մեր օրեր հաւանաբար մինչեւ գրքի տպագրութեան թուական պարզապէս անհեթեթութիւն է, Միթէ՞ կարելի է արհեստական խոչնդոտներ ստեղծելով եւ պառակտում սերմանելով հարթել այսպէս կոչուած լարուածութիւնը, միթէ՞ Մեծ Ի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Սրբազանի Էջմիածին վերադառնալու եւ ըլլալու ամենայն Հայոց կաթողիկոս որոշումը կատարուած էր ինքնասիրութեան եւ փառքի համար թէ՞ զուտ եղբայրական սիրոյ հիմքերով․․․

Այդ գիրգով կը դաստիարակուին ամբողջ Հայաստանի պատանիները, պահ մը պատկերացնենք որ այդ պատանիները մասնակցին միութենական կամ հեռուստակայանի եւ կամ այլ մրցումի մը եւ տրուի այսպիսի հարց իսկ պատանին պատասխանէ այն ինչ որ ինք սորուած է գիրքով այն ինչ որ Հայ մեծանուն ակադեմիկոսը փոխանցած է որպէս Հայոց պատմութիւն եւ պատասխանը ընդունուի բնականաբար սխալ որովհետեւ այդ իսկապէս սխալ պատասխան է․․․

Պէտք է վերանայիլ ամբողջ դասագրքերը եւ բծախնդրութեամբ մօտենալ զգայուն հարցերու որպէսզի անճշդութիւններ չըլլան․

Գրութիւնս թող չդիտարկուի որպէս քննադատութիւն այլ որպէս Առ Ի տեղեկութիւն

Բարեւս տուի անցայ գնացի

ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ- https://www.facebook.com/zareh.yahniyan/posts/10216012237531938

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail