17 հոկտեմբեր 2015
ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ ռուս զինուորները Սուրիոյ մէջ տպաւորիչ արդիւնքներու հասած են:
«Մեր զինուորները, ըստ սուրիացիներուն հետ նախօրօք ճշդուած թիրախներու, գործելով օդէն ու ծովէն, հասած են տպաւորիչ արդիւնքներու: Ոչնչացուած են ղեկավարման տասնեակ կէտեր ու զինապահեստներ, հարիւրաւոր ահաբեկիչներ եւ մեծ քանակութեամբ զինուորական սարքեր», ըսած է ան:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ «ռուսական օդանաւերն ու նաւատորմիղը Սուրիոյ մէջ միայն ահաբեկիչներուն դէմ կ՛օգտագործուին»` աւելցնելով. «Կայ նաեւ ժամանակային սահմանափակում. անոնք կ՛իրականացուին ահաբեկիչներու դէմ սուրիական զօրքերու յարձակողական գործողութիւններու ընթացքին»:
Փութին վեհաժողովին ընթացքին անգամ մը եւս նշած է, որ Ռուսիան այդ հարցին մէջ առաւելագոյն լայն դաշինքի ձեւաւորման կողմնակից է: «Այդ առումով, այդ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործողութիւններու եւ ջանքերու համակարգման առումով որոշակի յառաջընթաց կայ», ըսած է Փութին:
Ան նշած է, որ ըստ տարբեր գնահատումներու, ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կը կռուին ԱՊՀ-ի երկիրներու 5-էն մինչեւ 7 հազար քաղաքացիներ:
«Մենք բանակցութեանց մէջ ենք Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու հետ, փորձեր կը կատարենք համագործակցութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Քեմալ Այտըն յայտնած է, որ ռուսական կործանիչներ 3-էն 10 հոկտեմբերի ժամանակաշրջանին ընթացքին 13 անգամ անցած են թրքական կործանիչներու մօտէն` «վտանգաւոր հեռաւորութեամբ»: «Ռուսական զինուորական օդանաւերը երկու անգամ կտրած են մեր օդային տարածքը, երեք ռուսական օդանաւ վտանգաւոր հնարքներ կատարած են թրքական օդանաւերուն մօտ գտնուելով», ըսած է Այտըն Մոսկուայի մէջ` խորհրդաժողովի մը ընթացքին:
Ան նշած է, որ Անգարան ուշադիր կերպով կ՛ուսումնասիրէ իւրաքանչիւր այդպիսի քայլ եւ մտադիր չէ լռել:
Gazeta.ru` վկայակոչելով Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնած են աշխուժացնել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ իրենց երկիրներուն համագործակցութիւնը:
Նախագահները նաեւ քննարկած են Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական ներկայութեան հարցը: Բացի ատկէ, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Օպաման ցաւակցութիւն յայտնած է թուրք ժողովուրդին 10 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած պայթումին զոհերուն համար:
«Երկու երկիրներուն ղեկավարները նաեւ հաստատած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական ճնշման եւ Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութեան ուժեղացման ընդհանուր նպատակը` տագնապի բանակցային լուծման, ներառեալ` իշխանութեան քաղաքական փոխանցման համար պայմաններ ստեղծելու համար», յայտնած է Սպիտակ տունը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ բանակը յայտարարեց, որ Հալէպի հարաւարեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ շղթայազերծած է լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն մը եւ ռուսական ու սուրիական ռմբաձիգներու օժանդակութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առած է հրասայլերու վաշտի կեդրոնատեղին եւ շարք մը գիւղեր:
Սուրիոյ բանակը գործողութիւնը շղթայազերծած է երեք առանցքներէ` Խան Թումանի, Ժապալ Ազանի եւ Ուատիհիի կողմերէն:
Հալէպի մէջ ծաւալող գործողութեանց Սուրիոյ բանակի հրամանատարութիւնը զինեալներուն կոչ ուղղեց անձնատուր ըլլալու, իսկ քաղաքացիներուն թելադրեց հեռանալու զինեալներու կեդրոններէն եւ զինեալներուն ապաստան չտրամադրելու:
Թրքական բանակը երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ օդային տարածքին մէջ Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ երեք անգամ զգուշացնելէ ետք վար առած է անծանօթ օդանաւ մը: Թրքական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ վար առնուած օդանաւը հետախուզական է եւ 3 քմ խորացած է թրքական օդային տարածքին մէջ: Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ ըստ իր յատուկ տեղեկութեանց, նշեալ օդանաւը ո՛չ ռուսական է, ո՛չ ալ սուրիական: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող իր բոլոր օդանաւերը վերադարձած են Հումայմիմ: Սուրիական զինուորական պաշտօնական աղբիւր մը իր կարգին «Նաշրա»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ որեւէ սուրիական օդանաւ վար չէ առնուած:
http://www.aztagdaily.com/