Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին – (Շար. 19)

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Զօր. Մովսէս Սիլիկեան

Մովսէս Սիլիկեան (Սիլիկով).- Ռուսական եւ հայկական բանակներու ռազմական գործիչ, ազգային հերոս, ռուսական բանակի ընդհանուր հրամանատար (22 սեպտեմբեր 1917), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի զօրավար-տեղակալ (28 մայիս 1919), Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի Ռազմական խորհուրդի անդամ:

Ծնած է 14 սեպտեմբեր 1862-ին, Նուխի, տոհմիկ եւ ազնուական ընտանիքի մէջ, անոր տոհմը եղած է ռազմական գործիչներու տոհմ: Սիլիկեանները բնակած են Գանձակի նահանգի Նուխի գաւառի Վարդաշէն գիւղը, անոնք ազգութեամբ ուտի են, դաւանանքով` հայ առաքելական:

28 օգոստոս 1882-ին Մովսէս Սիլիկեանը ընդունուած է Մոսկովեան 2-րդ զինուորական մարզակեդրոնը, որ աւարտած է 14 օգոստոս 1884-ին` ենթասպայի կոչումով:

Ապա կ՛աւարտէ Ալեքսանտրովեան 3-րդ զինուորական ուսումնարանը եւ սպայական շինարարական դպրոցը, որմէ ետք նշանակուած է Կարսի մէջ տեղակայուած Կուպանեան 155-րդ գունդի վաշտերէն մէկուն հրամանատար: 1914-ին Մովսէս Սիլիկեանին շնորհուած է գնդապետի աստիճան:

Ա. Համաշխարհային պատերազմին` 1915-ին, ծառայած է Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ` իբրեւ հրաձգային գունդի հրամանատար, իսկ 1916-ին գլխաւորած է Վանի զօրախումբը` աչքի իյնալով Մուշի եւ Պիթլիսի գրաւումին իր սխրագործութիւններով:

Մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմի ռուս-թրքական (Կովկասեան) ռազմաճակատի մարտական գործողութիւններուն: Եղած է Կովկասեան 6-րդ հրաձգային գունդի հրամանատար, որ գործած է հրամանատար Թովմաս Նազարբեկեանի Կովկասեան 2-րդ հրաձգային զօրամասի կազմին մէջ: 1915 նոյեմբերին զօրամասի կը վերակազմաւորուի հրաձգային բաժանումի:

Պատերազմի սկիզբը Կովկասեան 6-րդ հրաձգային գունդը 2-րդ հրաձգային զօրամասի կազմին մէջ մարտական գործողութիւններ կը մղէ հիւսիսային Պարսկաստան ներխուժած թրքական զօրամասերու եւ համիտիէ գունդերու դէմ: Թշնամիին Պարսկաստանի հիւսիսային շրջաններէն ետ մղելէն եւ Տիլմանի ճակատամարտին մէջ (18-19 ապրիլ 1915) Խալիլ պէյը պարտութեան մատնելէ ետք զօրավար Թովմաս Նազարբեկեանին կը յանձնարարուի հետապնդել Խալիլի ուժերը: 9 մայիս 1915-ին Մովսէս Սիլիկեանին գունդը կ՛ապահովէր զօրամասին ձախ թեւը` քրտական հնարաւոր յարձակումներէն: Իսկ 28 յունիսին գունդը հրաման կը ստանայ անցնիլ Տէրիք գիւղը, ուր կը գտնուէր 4-րդ զօրաբանակի սպայակոյտը:

Էրզրումի գրաւման օրը` 2-3 լուսցող գիշերը 1916  փետրուար, 6-րդ գունդը կը մտնէ քաղաք: Գնդապետ Մովսէս Սիլիկեանը կը նշանակուի Էրզրումի զինուորական պարետ: Քաղաք մտնելէ անմիջապէս ետք գունդին անձնակազմը ձեռնամուխ կ՛ըլլայ դասալիքներու եւ կողոպտիչներու յայտնաբերման ու ձերբակալման, հրդեհներու մարմանը եւ հրետանային ու համբարակային պահեստները հսկողութեան տակ վերցնելուն, պարեկապահակային ծառայութեան: Զօրավար Պ. Կալիտինի առաջին հրամաններէն մէկը Մովսէս Սիլիկեանին կ՛ըլլայ այն, որ ան արգիլէ հայերու մուտքը Էրզրում: Զօրավարին նման վերաբերմունքը կը բացատրուի հայերու նկատմամբ ունեցած անբարեացակամութեամբ:

1916 մարտ ամսուան վերջը Սիլիկեանին գունդը կը տեղակայուի Պիթլիսի մէջ (Բաղեշ), իսկ ապրիլ ամսուան սկիզբը հրաման կը ստանայ քաղաքին մէջ ձգել երկու գումարտակ եւ մէկ գումարտակով ու լեռնային չորս թնդանօթով շարժիլ Մուշ: Մովսէս Սիլիկեանը կը նշանակուի Մուշ քաղաքի կայազօրի պետ:

1917 Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք Սիլիկեանը կը նշանակուի Վանի զօրամասի հրամանատար: 22 օգոստոսին Մովսէս Սիլիկեանին կը շնորհուի զօրավար-հազարապետի կոչում:

Մինչեւ 1918 յունուարը Սիլիկեանը գտնուած է Վան, ապա Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին հրամանով հայ սպաներու հետ կու գայ Թիֆլիս, ուր հայկական զօրամասի հրամանատար զօրավար Նազարբեկեանին հրամանով Սիլիկեանը կը նշանակուի 2-րդ հրաձգային զօրքի հրամանատար:

Երեւանի զօրաբանակի հրամանատար Մովսէս Սիլիկեան նշանակալի աւանդ ունեցաւ 22-29 մայիս 1918 Սարդարապատի մէջ թրքական զօրքերու դէմ կենալու եւ պարտութեան մատնելու գործին մէջ:   Զօրավար Սիլիկեան Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերու նախօրեակին գօտեպնդիչ երկու կոչեր յղեց հայ ժողովուրդին` 24 մայիսին եւ 29 մայիսին:

Զօրավար Թովմաս Նազարբեկեանի 26 յուլիսի թիւ 99 հրամանին համաձայն, առանձին հայկական զօրամասի հրամանատար կը նշանակուի զօրավար-հազարապետ Մովսէս Սիլիկեանը:

1918 դեկտեմբերին կը սկսի հայ-վրացական պատերազմը: Զօրավար Սիլիկեանին կը յանձնարարուի մարտական գործողութիւններու ընդհանուր հրամանատարութիւնը: Ան պէտք է հսկողութեան տակ վերցնէր մինչեւ Խրամ գետը տանող շրջանը: Գետը կը հանդիսանար հայ-վրացական սահմանը:

24 ապրիլ 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի Ռազմական խորհուրդի անդամ կը նշանակուի Սիլիկեանը: 1 յունիսին Մովսէս Սիլիկեանին կը շնորհուի զօրավար-տեղակալի զինուորական կոչում:

1920 ապրիլին Մովսէս Սիլիկեանը կը նշանակուի Նոր Պայազիտ (Գեղարքունիք) եւ Շարուր-Դարալագեազ (Վայոց ձոր) գաւառներու զօրավար-գնդապետ: Ան միաժամանակ վարած է Նոր Պայազիտ տեղակայուած զօրքերու սպայակոյտի պետի պաշտօնը:

Մովսէս Սիլիկեան պոլշեւիկներու կողմէ 12 մայիսին Ղարանլուղ (այժմ` Մարտունի) գիւղին մէջ քանի մը սպաներու հետ կը ձերբակալուի:

19 մայիսի կէսօրին կառավարական զօրքը կը մտնէ Նոր Պայազիտ եւ բանտէն կ՛ազատէ կալանուած բոլոր սպաները:

1921 սեպտեմբերին աքսորէն վերադառնալէն ետք Մովսէս Սիլիկեանը կը հաստատուի Երեւան եւ աշխատանքի կ՛անցնի շուէտական «Պալթիկ» բաժնետիրական ընկերութեան Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) մասնաճիւղի` որպէս հաշուապահ եւ վաճառող: Ընկերութեան մէջ Սիլիկեանը կ՛աշխատի 1,5 տարի եւ 1923-ին ծառայութեան կ՛անցնի Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան ամերիկեան կոմիտէին մէջ կամ` Ամերկոմի մէջ, ուր կ՛աշխատի մինչեւ 1929 կամ 1930: Կոմիտէն զգալի դեր կ՛ունենայ հայ գաղթականութեան եւ յատկապէս որբ երեխաներու փրկութեան գործին մէջ:

1927-ին Մովսէս Սիլիկեանը կը ձերբակալուի անվտանգութեան մարմիններու կողմէ, որ չկարողանալով ապացուցել առաջադրուած մեղադրանքները` օգոստոսին վարչական կարգով զայն կ՛աքսորէ Տոնի Ռոստով: Նոյն թուականի հոկտեմբերին անոր կը թոյլատրուի վերադառնալ Երեւան: 25 նոյեմբեր 1935-ին Մովսէս Սիլիկեանը կրկին կը ձերբակալուի:

Հայկական բանակի կողմէ Մովսէս Սիլիկեանի նկատմամբ ներկայացուած մեղադրանքը կը չեղարկուի միայն 10 նոյեմբեր 1987-ին, երբ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն դատարանը չեղեալ կը յայտարարէ Ներքին գործերու ժողովրդական կոմիտէի (ՆԳԺԿ) եռեակի որոշումը:

14 յունուար 1988-ին Խորհրդային Հայաստանի ՊԱԿ-ի նախագահ Մարիուս Եուզպաշեանը կը դիմէ  արդարադատութեան նախարար Ա. Տատայեանին` խնդրելով հրահանգել, որ Երեւանի Սպանդարեան շրջանի քաղաքացիական կացութեան մասին արձանագրութեան բաժնին մէջ (ՔԿԱԳԲ) արձանագրել Մովսէս Սիլիկեանի մահը, որ տեղի ունեցած է 22 նոյեմբեր 1937-ին:

Համազասպ Սրուանձտեանց

Համազասպ Սրուանձտեանց.- Ազատագրական պայքարի մարտիկ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 5 յունուար 1873-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ:

Նախակրթարանը աւարտելէ ետք սորված է ոսկերչութիւն եւ ժամագործութիւն: Կանուխ տարիքէն ներգրաւուած է յեղափոխական շարժումին մէջ: Եղած է արմենական, ապա` ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Խուսափելով թուրք իշխանութիւններու հետապնդումներէն` հեռացած է Վանէն, անցած է Երեւան, Շուշի:

Համազասպ 1894-ին կ՛ամուսնանայ Շուշանիկ Վանեանցի հետ եւ կ՛ունենայ չորս զաւակ` Գարեգին, Ալմաստ, Հրանդ եւ Վանազատ:

Մասնակցած է 1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական կռիւներուն: Քաջութեամբ աչքի կը զարնէ յատկապէս 22 օգոստոս 1905-ին Ասկերանի կիրճին մէջ մղուած մարտին, երբ 200 հոգիէ բաղկացած թրքական ջարդարարներու ամբոխէն ողջ մնացին միայն 6-ը: 1906-ին կազմակերպած է Գանձակի հայութեան պաշտպանութիւնը` թաթարական ոտնձգութիւններէ: 1908-ին ՀՅ Դաշնակցական գործիչներու հետ ձերբակալուած է ցարական կառավարութեան կողմէ, դատապարտուած` մահուան, սակայն մահապատիժը փոխարինուած է 15 տարուան տաժանակրութեամբ (Սիպերիա): 1913-ին փախած է բանտէն, անցած` Եւրոպա. եղած է Հռոմ, Մարսէյ, Փարիզ եւ Պոլիս, իսկ 1914-ի սկիզբը բնակութիւն կը հաստատէ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Նոյն տարին կը փոխադրուի Կ. Պոլիս:

1914-ի ամրան Համազասպ Թիֆլիս կը փոխադրուի: Նոյն թուականին Կարնոյ մէջ կայացած ՀՅԴ կուսակցութեան Ը. Ընդհանուր ժողովին մէջ կտրականապէս դէմ արտայայտուած է երիտթուրքերու հետ որեւէ համագործակցութեան:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մասնակցած է հայկական կամաւորական շարժումին, նշանակուած է կամաւորական 3-րդ գունդի հրամանատար: Մասնակցած է բազմաթիւ ճակատամարտերու: Ապահոված է Բասէնի եւ Ալաշկերտի շրջանէն հայ բնակչութեան անվտանգ գաղթը: Եղած է 1915 մայիսին Վանը ազատագրող հայ կամաւորներէն, կռուած է Պիթլիսի ուղղութեամբ (յուլիսին), հոկտեմբերին յաջող արշաւանք ձեռնարկած է դէպի Խիզան:

Համազասպ այնուհետեւ փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, ընտանիքին մօտ: Ռուսական 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք ձեւաւորուեցաւ հայկական զօրամասը, որմէ ետք Համազասպ Ալաշկերտի շրջանի պաշտպանութեան ղեկավար նշանակուեցաւ:

Հայոց ազգային խորհուրդին որոշումով Համազասպ մեկնեցաւ Հիւսիսային Կովկաս, արեւմտեան ռազմաճակատներէն վերադարձող հայ զինուորներ հաւաքագրելու, ջոկատներ կազմակերպելու եւ Հայաստան ուղարկելու համար:

Համազասպ 1918-ին մեկնեցաւ Պաքու եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ քաղաքի պաշտպանութեան կռիւներու ընթացքին:

Պաքուի անկումէն ետք Համազասպ մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ այնուհետեւ Երեւան փոխադրուեցաւ: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակին մէջ ան 1919 յուլիսին ստանձնեց նոր Պայազիտի  զօրամասերու հրամանատարութիւնը: Ան արդէն գնդապետի աստիճան ունէր:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին Համազասպ այլ գործիչներու հետ ձերբակալուեցաւ եւ 68 օր ետք, այլ բախտակիցներու հետ Երեւանի Կեդրոնական բանտին մէջ 18 փետրուար 1921-ին արեւածագէն առաջ կացինահարուեցաւ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 20 փետրուարին, Մլեր գերեզմանատան (ներկայիս` Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն) մէջ:

Միքայէլ Վարանդեան

Միքայէլ Վարանդեան (իսկական ազգանունը` Յովհաննիսեան).- հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, հրապարակախօս, փիլիսոփայ, պատմաբան, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1874-ին, Արցախի Վարանդա գաւառի Քեաթուկ գիւղը: Վարանդայէն կու գայ իր ծածկանունը` Վարանդեան, որ հետագային դարձաւ անոր իսկական անունը:

Աւարտած է Շուշիի Ռէալական դպրոցը, Ժընեւի համալսարանը (1897), ուր ալ կապ հաստատած է Դաշնակցութեան ականաւոր գործիչներու հետ:

Երիտասարդ տարիքին գրած իր առաջին յօդուածները լոյս կը տեսնեն Թիֆլիսի մէջ Արասխանեանի «Մուրճ»-ին եւ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»-ին մէջ` EGO ստորագրութեամբ:

Ընկերվարական Բ. Միջազգայնականի կազմութեան եւ արագ ժողովրդականացման տարիներուն Վարանդեան արդէն գտած էր հայ ընկերվարականի իր ուղին:

1898-ին սկսած է աշխատակցիլ ՀՅԴ «Դրօշակ» օրկանին: Հետագային աշխատակցած է Թիֆլիսի «Յառաջ» եւ «Հորիզոն» թերթերուն: Գործած է Եւրոպայի մէջ (Ռումանիա, Զուիցերիա եւ Ֆրանսա):

Վարանդեան ապրած է առաւելաբար Ժընեւ եւ Փարիզ` իբրեւ անդամ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան եւ Գ. Ընդհանուր ժողովէն սկսեալ (1904)` Արեւմտեան Բիւրոյի:

1907-ին եղած է ՀՅԴ կուսակցութեան ներկայացուցիչը 2-րդ Միջազգայնականին մէջ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին ֆրանսերէնով հրատարակած է «Հայաստանը եւ Հայկական հարցը» եւ «Հայ-վրացական բախումը եւ Կովկասեան պատերազմը» գիրքերը, եւրոպական հանրութեան ծանօթացուցած իր հայրենիքի մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն:

Վարանդեան կանոնաւորաբար արդէն մաս կազմած է ՀՅԴ Արեւմտեան Բիւրոյին` ստանձնելով նախ արտասահմանեան քարոզչութեան, ապա Ընկերվար միջազգայնականին մէջ ՀՅԴ ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը: Այդ զոյգ հանգամանքներով Վարանդեան մեծ ներդրում ունեցած է ֆրանսերէն «Փրօ-Արմենիա» (1900-1914) թերթի հրատարակութեան մէջ եւ Ընկերվարական Բ. միջազգայնականին Դաշնակցութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը իրականացնելու մարզերուն մէջ: «Փրօ-Արմենիա»-ի ընդհատուած ժամանակ` «Արեւելքի ժողովուրդների համար» թերթի հրատարակումին:

1915-ին անցած է Կովկաս` որոշ ժամանակ վարելով Թիֆլիսի «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը: Ապա վերադարձած է Եւրոպա, ուր մինչեւ Հայաստանի անկախացումը գործակցած է Պօղոս Նուպարի Ազգային պատուիրակութեան հետ, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք նշանակուած է Հայաստանի դեսպան Հռոմի մէջ: Ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ:

Վարանդեան իր մասնակցութիւնը բերած է «Նեմեսիս»-ի աշխատանքներուն, յատկապէս` Հռոմի մէջ:

Հեղինակ է բազմաթիւ աշխատութիւններու` «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն» (հատոր 1-2, 1932-1950), «Հայկական շարժման նախապատմութիւն» (հատոր 1-2, 1912-1913), «Րաֆֆի» (1938), «Դաշնակցութիւնը եւ նրա հակառակորդները» (1906), «Հայրենիքի գաղափարը» (1904), «Հոսանքներ» (1910), «Վերածնուող հայրենիքը եւ մեր դերը» (1910) եւ իբրեւ Դաշնակցութեան տեսաբան` անհաշտ պայքար մղած է անոր հակառակորդներուն, որոնց կարգին` հայ պոլշեւիկներուն դէմ:

Վարանդեան մերժած է պատմական նիւթապաշտութեան դրոյթները, հասարակութեան յառաջադիմութեան հիմնական շարժիչ ուժը համարած է ոչ թէ հասարակական արտադրութիւնը, այլ` գիտակից մարդը: Հասարակութեան յառաջընթացին մէջ մեծ դեր յատկացուցած է  մտաւորականութեան: Ազգային-ազատագրական շարժման մէջ կողմ էր յեղափոխական պայքարին, իսկ ընկերային հարցերու լուծման խնդրին մէջ պաշտպանած է խաղաղ բարեփոխումներու ուղին (2-րդ միջազգայնականներու գործիչներու օրինակով): Վարանդեան կը համարուի ազգային-ազատագրական շարժման մեծ գաղափարախօսներէն մէկը, ան կը գտնէր, որ հայ ժողովուրդին հերոսական պայքարը պատմականօրէն օրինաչափ է, արդարացի եւ յառաջադիմական, կը փառաբանէ հայրենիքի ազատագրութեան համար պայքարող մարտիկները: Հայ ազատամարտի վերջնական նպատակը համարած է միասնական եւ անկախ Հայաստանի ստեղծումը:

Վարանդեան, սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ 22 ապրիլ 1934-ին, Պոմոնի մէջ, Ֆրանսա:

(Շար. 19)

« ՆԱԽՈՐԴԸ »
aztagdaily.com/archives/424782

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail