28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան հարցազրոյցի հիւրը դարձաւ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին: Ան հիւրընկալուեցաւ «Մայատին»-ի ընդհանուր տնօրէն, վաստակաւոր հաղորդավար Ղասսան պըն Ժըտտոյի կողմէ` «Տարուան զրոյց»-ը խորագիրը կրող հարցազրոյցի յայտագիրին շրջագիծին մէջ:
Սէյիտ Նասրալլա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք առողջական հարցեր ունի` ընդգծելով, որ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը սուտ են: «Փա՛ռք Աստուծոյ, 60 տարեկան եմ եւ առողջութիւնս լաւ է», ըսաւ ան:
Ան նշեց նաեւ, որ իր ճառերն ու խօսքերը ոչ թէ յաճախական են, այլ` կապուած են առիթներու, «իսկ դեկտեմբերին ու յունուարին չկան առիթներ, որոնց ընթացքին կարելի է հանրութեան ներկայանալ խօսքով մը», աւելցուց ան:
«Գետնափոր Փապուղիները Շատ Ուշ Բացայայտուեցան»
Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ բացայայտուած գետնափոր փապուղիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը որոշած են Իսրայէլի յայտարարած «Հիւսիսի վահան» գործողութեան մասին չխօսիլ` մինչեւ անոր աւարտը:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ «Հիւսիսի վահան» գործողութիւնը տակաւին չէ աւարտած, հակառակ անոր որ իսրայէլացիները անոր աւարտը յայտարարած են: «Այնքան ատեն որ փորելու աշխատանքը կը շարունակուի, կը նշանակէ, որ այդ գործողութիւնը չէ աւարտած», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ փետրուար ամսուան ընթացքին կան երեք ձեռնարկներ, որոնց առիթով ինք խօսք պիտի արտասանէ:
Ան նաեւ նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ գետնափոր փապուղիներ կային` հաստատելով, որ իսրայէլացին շատ ուշ բացայայտած է զանոնք:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ գետնափոր փապուղիներէն մէկը, որ բռնագրաւեալ պաղեստինեան հողերուն մէջ բացայայտուած է, 13-14 տարուան փապուղի է, «եւ ասիկա ցուցանիշ է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան ձախողութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Իսրայէլի կողմէ սահմանային քարաշէն պատնէշի կառուցումը կը փաստէ, որ իսրայէլացիները կը սարսափին Գալիլիոյ մէջ գործողութեան մը հաւանականութենէն:
Ան նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան ընդարձակ ռազմափորձերը կատարուած են` մեկնելով Գալիլիոյ մէջ հաւանական գործողութեան մը մտավախութենէն, «սակայն Նեթանիահու այս ձեւով մեզի ծառայութիւն մը մատուցեց` իսրայէլեան իւրաքանչիւր բնակարանի եւ բնակողի մէջ ցանելով ահն ու սարսափը: Ամէն պարագայի, իսրայէլեան ուժերուն մաս կազմող այն զօրավարները, որոնք հասկցող են եւ հմուտ` հաստատած են, որ եթէ Հըզպալլա Գալիլիա փափաքի մուտք գործել, ապա ան փապուղիներու կարիք չունի: Գալիլիա մուտք պիտի գործենք, եթէ Իսրայէլ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծէ, իսկ սիոնականները պիտի չիմանան, թէ ուրկէ՛ Գալիլիոյ մէջ յայտնուած ենք», ընդգծեց ան:
«Գալիլիա Մուտք Գործելու Կարողութիւնը Ունինք»
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք տարիներէ ի վեր Գալիլիա մուտք գործելու կարողութիւնը ունին, իսկ Սուրիոյ մէջ իրենց փորձառութենէն ետք, այդ գործողութիւնը կատարելը շատ աւելի դիւրին դարձած է: «Յառաջիկայ պատերազմին ընթացքին մեր մշակած ծրագիրներէն մէկը Գալիլիա մուտք գործելն է, որ կ՛որոշուի պատերազմի զարգացումներուն համաձայն: Մենք յանձնառու կը զգանք մեր երկիրը պաշտպանելու, եւ մեր իրաւունքն է օգտագործել մեր ուժը», շեշտեց ան:
Ան հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն թշնամիին փոփոխութեան ենթարկելու բախումի կանոնները, այլ պիտի գոյատեւեն իմաստութեամբ եւ խիզախութեամբ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ Հըզպալլա բաւարար թիրախասլաց հրթիռներ ունի` որեւէ պատերազմի պարագային` նշելով, որ թիրախասլաց յաւելեալ հրթիռներ ապահովելու կարիք չունին:
«Դիմադրութիւնը ոչ մէկ կերպով միջամուխ կը դառնայ սահմանագծումի հարցին, որ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է, սակայն Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծուելու պարագային, Դիմադրութեան առանցքին դիմաց բոլոր կարելիութիւնները առկայ են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պետութեան կողմէ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը մշակելու իմաստով պատրաստ են առանց նախապայմանի գործակցելու:
Հըզպալլայի եւ հանրապետութեան նախագահին միջեւ յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ յարաբերութիւնը ռազմավարական է եւ հիմնուած է մտերմութեան, համախոհութեան ու վստահութեան վրայ:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի անձերուն հետ մտերմութիւնը ամրապնդուեցաւ յուլիսեան պատերազմին եւ «Ուիքիլիքս»-ի փաստաթուղթերուն գաղտնազերծման ընթացքին, երբ յայտարարուած կեցուածքը այն էր, ինչպէս որ էր գաղտնի իր վիճակին մէջ:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնը կը մնայ հաստատ եւ անքակտելի, «այդ պատճառով ալ Տէյվիտ Հէյլ իր հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին շեշտեց, որ պէտք է երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնը խզել», նշեց ան:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հարցին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան կառչած կը մնան: Ան աւելցուց, որ այդ հոլովոյթը ներկայիս երկու հիմնական հարց կը դիմագրաւէ` Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի ներկայացուցչութիւնն ու նախարարութիւնները այս կամ այն քաղաքական ուժին յանձնելը:
Սուրիոյ պատերազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ հսկայ յաղթանակ մը պիտի արձանագրուի` ընդգծելով, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակից ուժերը կրնան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ճակատամարտը յաղթականօրէն աւարտել:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ամերիկեան ուժերուն Սուրիայէն հեռացումը ինքնին ձախողութիւն է եւ պարտութիւն:
aztagdaily.com/archives/425032