Մեր Կառավարութիւնը Միտուած է Արդիւնաւէտ Համագործակցութիւն Ունենալ Դաշնակցութեան Հետ

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամները: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

«Կ՝ողջունեմ յարգելի գործընկերներ: Յարգելի պարոն Տէր-Խաչատուրեան, ուրախ եմ մեր ծանօթութեան համար, կ՝ուզեմ շնորհաւորել անձամբ Ձեզ եւ Բիւրոյի միւս ընտրուած անդամները, մաղթել ամենայն յաջողութիւն՝ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին: Ի հարկէ, ես միշտ ըսած եմ, որ շատ բարձր կը գնահատեմ ՀՅԴ գործունէութիւնը եւ կարեւոր կը համարեմ յետագայ գործունէութիւնը: Մեր կառավարութիւնը միտուած է եւ հակուած լայն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ունենալ Դաշնակցութեան հետ, որովհետեւ հասկնալի է, որ մենք շատ հարցերու մէջ նոյն տեսակէտը չունինք, բայց պակաս չեն հարցերը, որոնց վերաբերեալ առնուազն մեր ընկալման միջաշառաւիղները կը համընկնին: Այնպէս որ, ուրախ եմ այս առիթին համար, նաեւ համոզուած եմ, որ պիտի ունենանք ընթացիկ հարցեր քննարկելու հնարաւորութիւն: Կրկին անգամ կը շնորհաւորեմ անձամբ Ձեզ եւ Բիւրոյի միւս անդամները՝ ընտրութեան առիթով»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը։

Իր հերթին՝ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով պարոն վարչապետին ըսած է,- «Նախ կ՝ուզեմ անձամբ շնորհաւորել Ձեզ վարչապետի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել դեռ մեր ժողովէն առաջ հրաւէր ուղղելու համար, որպէսզի հանդիպիք Բիւրոյի նոր անդամներուն: Ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւն կայ ունենալու բաց զրոյց: Ինչպէս առհասարակ կը նշենք մեր կարգախօսներուն մէջ՝ մեր նպատակն է ունենալ հզօր հայրենիք եւ սփիւռք, վստահ եմ, որ այդ ուղղութեամբ կան բաւական ոլորտներ, ուր պիտի կարենանք համագործակցիլ՝ ի շահ մեր ազգային առաջնահերթութիւններու։ Մենք միշտ պետութեան կողքին ենք՝ Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ մեր հայապատկան հողերուն վրայ ապրող հայերու իրաւունքներու ջերմ պաշտպանն ենք»:

Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները վարչապետին պատմած են օրերս Արցախի մէջ աւարտած Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին, կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրներուն եւ յետագայ ծրագիրներուն մասին:

yerakouyn.com/2019/01/27/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail