28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան բանակի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Ուղերձին մէջ ըսուած է.
«Մեծարգո՛յ Նիկոլ,
Արցախի ժողովուրդի, իշխանութիւններու եւ անձամբ իմ անունով ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ Բանակի օրուան առիթով:
Հայոց փառապանծ բանակը մեր ժողովուրդի հպարտութիւնն է, անոր ազատութեան ու անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան պահպանման կարեւոր գրաւականներէն մէկը:
Փա՜ռք ու պատիւ մեր հերոսական բանակին, հայրենիքի ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած մեր բոլոր նահատակներուն, քաջ զինուորներուն, ուրուն անսասան կամքի, խիզախութեան ու անձնուիրութեան շնորհիւ այսօր ամուր են հարազատ երկրի սահմանները:
Այս նուիրական տօնի առնչութեամբ անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ մեր ողջ ժողովուրդը: Կը մաղթեմ խաղաղութիւն, մեծագոյն յաջողութիւններ ու նոր յաղթանակներ Մայր Հայրենիքին եւ Հայոց բանակին»:
yerakouyn.com/2019/01/28/