Դո՛ւն, Մեր Սրտի Տրոփն Ես, Հայո՛ց Բանակ (28 Յունուար)

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Համբիկ Պիլալեան

Վստահաբար հայոց գոյութենական պայքարի խորհրդանիշ եւ աստուածներու օրրան Արարատ լեռն անգամ, երբ իր սրբազան հայեացքը ուղղէ մայրաքաղաք Երեւանի հրապարակին վրայ տողանցող հայոց բանակին, անպայման որ պիտի ժպտի ու հպարտանայ, առաւե՛լ լիցքաւորուի ու զօրանայ, աւելի՛ն. դէպի տիեզերք սլացող ու յաւերժական սպիտակով օծեալ գագաթէն պիտի բարձրաձայն գոչէ հայոց թշնամիներուն երեսն ի վեր, թէ`

վահագնեան շառաւիղ սերունդներու սրտեր ամուր կը տրոփեն յանուն բազմաչարչար հայրենիքի բարօրութեան,
հայկազեանց ցեղի հրաշափառ ծիլեր նորէն կը ծաղկին աշխարհն ի տես,
հայկեան բազուկի հաւատաւոր տղաներ սէգ ճակատով կը քալեն ի սէր ժողովուրդին,
մաշտոցեան հաւատամքի ուխտեալներ պատրաստ են իրենց գարուն կեանքը նուիրաբերելու` յանուն ինքնութեան ու մշակոյթի,
հայոց ֆետայական շարժումին զուլալ աղբիւրէն իրենց ծարաւը յագեցնող զինուորական շարասիւներ ակնապիշ կը սպասեն մեծագոյն գոյամարտին,
վերանկախացած Հայաստանի ուժեղ բանակի ուխտեալներ տիւ եւ գիշեր կը հսկեն հայրենի լեռներու գագաթին ու սահմաններու երկայնքին,
սրբադասուած 1,5 միլիոն նահատակներու պատգամին ականջալուր սպայական կազմեր ամէն օր կ՛երդուեն` ի յարգանք անոնց յիշատակին,
հայոց բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացման շունչով դաստիարակուած հայազգի տարազաւորներ, իրենց արեամբ կ՛ուզեն ոռոգել հայապատկան լեռներ ու ձորեր, դաշտեր ու ամրոցներ:

Արդարեւ, հայոց բանակի օրուան առիթով վերոնշեալ մտածումները սփոփանքի խօսքեր չեն, չե՛ն կրնար ըլլալ, ինքնագոհ մաղթանքներ չեն ու պիտի չըլլան երբե՛ք, յորդորներ ու բարի ցանկութիւն չեն, պէտք չէ՛ ըլլան, այլ անոնք իւրաքանչիւր հայու ամէնօրեայ քաջասրտութեան աղօթք են, սնունդ ու մարտահրաւէր են, ընդմի՛շտ պէտք է ըլլան:

Իրօք, այս նուիրական տօնին առիթով ինչպէ՛ս կրնանք մոռացութեան տալ հայոց ժամանակակից կեանքի ամենաթէժ օրագրութիւնը` Արցախի ազատագրական պայքարի սխրանքը, որ իրականացաւ շնորհիւ համազգային բացառիկ ներուժին, հայրենասիրական ոգիին ու պատկանելիութեան զգացումին:

Փաստօրէն, խաղաղասէր հայ ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած թուրք-ազերի բարբարոսութիւնը ձեւով մը պարտադրեց, որ հայութիւնը զգաստանայ, ուշքի գայ եւ յանուն ազգային արժանապատուութեան եւ հայրենիքի փրկութեան դիմէ զէնքին ու ճակատաբաց նետուի մարտի դաշտ, իբրեւ անփոխարինելի միջոց ու ապաւէն, իբրեւ գոյութենական պայքարի գերազանց արտայայտութիւն:

Ու այդ անհաւասար մարտերուն ընթացքին հայութիւնը պիտի զոհէր ու զոհե՛ց իր ամենաընտիր զաւակները, առանց սեռի, դասակարգի ու դաւանանքի խտրութեան, որոնք սէգ ճակատներով եւ անվախօրէն մարտնչեցան թուրք-ազերի հորդաներու դէմ, զարկին ու զարնուեցան, տոկացին ու դիմադրեցին եւ, ծունկի բերելով վայրագ թշնամին, յաղթանակի եռագոյնը բարձրացուցին հայոց վեհապանծ լեռներու գագաթին ու նորաստեղծ պետութեան պատուանդանին:

Անոնք, մեր օրերու հրաշք ֆետայիները, կռուեցան անձնուրացաբար ու յաղթեցին թուրքին, չարաչար պարտութեան մատնեցին թշնամի կանոնաւոր բանակն անգամ եւ նորահաս սերունդներու մատուցին ազատ ու անկախ հայրենիք մը, որ կորիզը պիտի հանդիսանայ հայոց դարաւոր երազներու իրականացման:

Այո՛, Արցախի մռաւեան լեռներու գագաթին թէ Հայաստանի Արարատեան դաշտի ամբողջ տարածքին հայու հարուածող բազուկը պարտադրեց ինքզինք ու պաշտպանեց հայրենի սահմանները: Աւելի՛ն. հայ ազատամարտիկը, շնորհիւ իր ապառաժեայ կեցուածքին, իր կամքը պարտադրեց զազիր թշնամիին, ֆետայական թէ տարբեր կռիւներու ընթացքին եւ հայութեան վերադարձուց սեփական ուժին ու կամքին ապաւինելու նախնեաց իմաստութիւնը:

Միւս կողմէ, հայրենիքի ազատագրութենէ ետք քաղաքներու եւ գիւղերու վերակառուցման աշխատանքին առընթեր, հարկ զգացուեցաւ շուտափոյթ լծուիլ բանակաշինութեան գործին, որպէսզի փայլուն յաղթանակները ամրագրուէին, հայոց պետականութեան հիմերը առաւել զօրանային եւ պաշտպանուէին:

Յայտնապէս, բանակաշինութեան աշխատանքին իրենց եզակի ներդրումը ունեցան նախկին խորհրդային բանակի ծառայողներ ու սպաներ, որոնք իրենց հմտութիւնն ու գիտելիքը ի սպաս դրին հայոց բանակի ստեղծման ու զարգացման:

Ճիշդ է, որ վերանկախացած Հայաստանի ու ազատագրուած Արցախի բանակը շատ արագ կայացաւ, հակառակ ներազգային կեանքի ու պետական մակարդակի բազմաթիւ խաղքութիւններու եւ քաղաքական ելեւէջներու: Ճիշդ է նաեւ այն, որ հայոց բանակի կազմաւորման ու հաստատման ամբողջ գործընթացին ականատես եղանք մենք բոլորս, նիւթաբարոյական աջակցութիւն ցոյց տալով, գուրգուրալով եւ թիկունք կանգնելով, այդուամենայնիւ, պէտք է խոստովանիլ, որ հայոց բանակի առաւել սպառազինման ու բարգաւաճման աշխատանքները այդքան ալ ակնկալուած ու պահանջուած մակարդակի չեղան:

Փաստօրէն, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին ի յայտ եկած բացթողումները արդէն ազդանշան էին, որ հայոց բանակի վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր ու մտահոգութիւն ի յայտ գան` թէ՛ սպառազինութեան եւ թէ՛ ներքին կազմակերպչական առումներով:

Հարկ է ընդգծել, որ քառօրեայ պատերազմին թուրք-ազերի բանակը փորձեց ուժգին հարուածով մը թափանցել հայոց աշխարհ ու գրաւել Ստեփանակերտը եւ բարբարոսաբար լուծել, այսպէս ասած, արցախեան տագնապը: Սակայն անոնք բախեցան հայոց բանակի հզօր կամքին ու դիմադրութեան, որուն նմանը չէին տեսած վերջին տասնամեակին:

Ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ այն վիթխարի դիմադրութեան, որուն դիմեցին քսանամեայ բանակի զօրակոչիկներ թէ սպայական կազմի տղաներ, որոնք քանի մը օրուան ընթացքին ո՛չ միայն կասեցուցին թշնամի բանակը, այլ նաեւ` անոնց տուին այնպիսի հարուածներ, որոնք ընդմիշտ պիտի յիշուին թշնամիին կողմէ:

Այո՛, մեր սրբազան տղաները արեամբ ու անմնացորդ զոհողութեամբ տէր եղան իրենց սահմաններուն եւ ժողովուրդին: Հայոց բանակը տուաւ աւելի քան հարիւր զոհ, գարուն հասակի սքանչելի զինուորներ, որոնք եղան մեր օրերու եւ ժամանակներու ասպետները եւ դարձան հետագայ սերունդներու ներշնչարանը:

Ճիշդ է, որ հայոց պետականութեան քաղաքական վերնախաւը մերթ ընդ մերթ փորձեց ինքզինք արդարացնել, թէ հայոց բանակին պէտք էր արդի ժամանակի բարդ սպառազինութիւն, որպէսզի կարենար աւելի արագ հակահարուած տալ թշնամիին, այդուամենայնիւ, անոնք իրենց գլուխը խոնարհեցին նոր Սարդարապատ կերտած սուրբ նահատակներուն առջեւ:

Այսօր հայոց բանակը կը հանդիսանայ այն միակ պատուանդանը, որուն շուրջ միաւորուած է հայութիւնը իր բոլոր շերտերով: Փաստօրէն, ամբողջ հայութիւնը գիտէ, թէ առանց հզօր բանակի ու արդի սպառազինութեան կարելի չէ պաշտպանել հայն ու Հայաստանը, Արցախն ու դարաւոր մեր երազը:

Արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական խօլ մրցակցութիւններու թէ ազգաքանդ ծրագիրներու դէմ ամենաապահով վահանն ու պատուարը հայոց բանակն է, որ պիտի կարենայ իր ազգ-բանակ գաղափարախօսութեամբ կանգնեցնել ամէն վատոգի ծրագիր ու համայնակուլ թաքուն աշխատանքներ:

Ուստի, հայոց բանակի արհեստավարժութիւնն ու ռազմաարդիւնաբերական ոլորտներու մէջ անոր ներկայութիւնը աւելի քան անհրաժեշտութիւն է, հրամայական պահանջ ու անյետաձգելի առաջադրանք: Փաստօրէն, ազերին անյագօրէն կը զինէ իր բանակը` իրեն թիկունք ունենալով թրքական հայատեաց պետական համակարգը, իսկ մենք` իբրեւ ազգ ու պետական կառոյց կը շարունակենք գալարուիլ քաղաքական կեանքի սալայատակներու վրայ, ներքին թշնամիներ փնտռելու մոլուցքով տարուած եւ առօրեայ լպիրշ ծրագիրներ հետապնդելով:

Ազնուասիրտ ու հայրենապաշտ հայուն համար հայոց բանակի հզօրացումն ու արդիականացումը սրտի տրոփի համազօր վիճակ մըն է, որով պիտի կարենայ ազգը շնչել ու շնչաւորել, ապրիլ ու գոյատեւել:

Պարզապէս յիմարաբանութեամբ զբաղիլ է, երբ հայ քաղաքական այրեր թէ վաշխառու-օլիկարխներ, պահուըտած իրենց մաշկին տակ, կը փորձեն նսեմացնել հայոց բանակին վերաբերող առկայ խնդիրները եւ սին քարոզչութեամբ կ՛ուզեն խաբել ամբողջ հանրութիւնը, փախուստ տալով իրենց պարտաւորութենէն:

Անհերքելի ճշմարտութիւն է, թէ Հայաստան, Արցախ ու հայութիւն կրնան ապրիլ ու գոյատեւել բացառաբար հզօր ու արդիական բանակի ներկայութեան, որ պիտի կարենայ նորովի ջարդերէ փրկել հայութիւնը, իսկ մնացեալ քարոզաբոյր եւ սինլքոր խօսքերը կը ծառայեն միայն ազգային միասնականութեան տկարացումին եւ ասպետական ոգիի փճացումին:

Ի փառս Արարատին ու հայածին սխրանքներու գոյութեան, հայոց բանակի տղաներ կը շարունակեն պաշտպանել արդի ժամանակներու հայոց աշխարհը եւ հպարտութեամբ ներշնչել նորահաս սերունդներ:

Երկնամերձ փառքը ընդմիշտ հայոց բանակին ու անոր նահատակներուն:

yerakouyn.com/2019/01/28/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail