28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ 1998-ին կնքուած Ատանայի համաձայնագրին առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւններուն մասին սուրիական «Ալ Ազմինէ» ամսագրի լրագրող Մուհամմէտ Անուար Ալ-Մասրի յատուկ հարցազրոյց ունեցած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեանի հետ, որ հրապարակուեցաւ «Ալ Ազմինէ»ի կայքէջին մէջ, 28 Յունուար 2019-ին:
Հարցազրոյցին ընթացքին դոկտ. Արիսեան շեշտած է. «Թուրքիան միշտ տարած է ահաբեկչական գործունէութիւն եւ առ այսօր կը շարունակէ իր ընթացքը»:
Ան նշած է, թէ ըստ Ատանայի համաձայնագրին, Թուրքիան իրաւունք ունի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ահաբեկչական արարքներ արձանագրուելու պարագային 5 քլմ. ներթափանցելու, «Մինչ այսօր Թուրքիա 45 քլմ ներթափանցած է, ինչ որ բռնագրաւում կը նկատուի», ըսած է Արիսեան:
Ան անդրադառնալով Էրտողանի յայտարարութիւններուն, թէ Ատանայի համաձայնագիրը տակաւին ի զօրու է, յայտնած է. «Թուրքիա 2011 թուականէն սկսեալ կը խախտէ այդ համաձայնագիրը եւ նոր յայտարարութեամբ կը փորձէ վաւերականութիւն տալ սուրիական հողերուն վրայ իր ներկայութեան»: Ան նշած է նաեւ, թէ Սուրիոյ Արտաքին նախարարութիւնը այս առնչութեամբ յայտնած է, թէ Ատանայի համաձայնագիրի վերագործարկումը կ՚ամրապնդուի երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու նախկին իրավիճակի վերադարձով եւ թրքական ուժերու հեռացմամբ»: Արիսեան շեշտած է. «Թուրքիան չի կրնար ձերբազատուիլ իր ահաբեկչական թիկնոցէն»:
Ալ-Մասրի թղթակիցի հարցումին, թէ ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ այսօր Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները, նկատի առած թէ դոկտ. Արիսեան նախագահն է Հայաստան-Սուրիա Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան եւ զգալի ներկայութիւն էր վերջերս Հայաստանի տնտեսական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներուն, Արիսեան յայտնած է, թէ հայ գործարարներ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական բնագաւառներու մէջ ներդրումներ կատարելու:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
horizonweekly.ca