29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
26 յունուարին հայ մարդը, աշխարհի չորս ծագերուն, կ՛ոգեկոչէ յիշատակը հայ մամուլի անմահ յառաջամարտիկին` մեծն Շաւարշ Միսաքեանի եւ կը հաղորդուի անոր հոգեմտաւոր հարուստ ժառանգութեան կենսայորդ մասունքով:
Յունուար 26-ի այս օրը, 62 տարի առաջ, Փարիզի մէջ, 73 տարեկանին վախճանեցաւ հայ մտքի եւ գրականութեան մեծարժէք վարպետներէն Շաւարշ Միսաքեան, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ հայ մտքի եւ լեզուի ինքնամաքրման` ազատագրութեա՛ն դաշնակցական խմբագիրը:
Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը կը հանդիսանայ աւազանի անունով Եղիազար, իսկ Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ մեծ հռչակի տիրացած Միսաքեաններու տոհմին այս արժանաւոր ծնունդը:
Գրական-գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի եւ խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ, Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր առաջին քայլերէն իսկ գրաւեց ընթեցողը, դարձաւ անոր ուղին լուսաւորող անմար փարոսը: Հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի` ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայասպանական Մեծ Ոճիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ բռնօրէն աշխարհացրիւ տարագրութեան դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդը:
Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորած փարիզեան «Յառաջ» թերթով Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց ազատ մտքի եւ ազատ խօսքի դաշնակցական ամէնօրեայ, ուրո՛յն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգային-քաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ:
Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի ու հայրենի հայութեան վերիվայրումներուն` ընկրկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին:
Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով` չմաշեցուց ներկան, այլ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ` անդուլ յորդորելով մեր սերունդները.
«Երիտասարդութի՛ւն հայոց, աչքերդ ուղղէ դէպի հայրենի Տուն:
Ո՛չ թէ անոր չորս պատերուն մէջ կծկուելու, այլ` նոր հորիզոն փնտռելու եւ պարպուած դիրքերը գրաւելու համար: «Եաթաղան»-ը արեան գետեր հոսեցուց, բայց Հայկազանց ոգին մնաց անեղծ` սաւառնելով հորիզոնէ հորիզոն:
Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օտարութեան գոլորշիները ծծեն այդ ոգին` ձեր ետին ձգելով միայն դարաւոր պատմութեան մը կմախքը»:
Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884-ի օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը: 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի «Մայր վարժարան»-ը, Կալաթայի «Կեդրոնական»-ը եւ Կէտիկ Փաշայի «Կարկուրեան» դպրոցը: 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ` «Սուրհանդակ» թերթի խմբագրութեամբ:
Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908-ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: 1911-1912 ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր «Յառաջ» թերթին խմբագրութիւնը: 1913-ին Պոլիս վերադարձաւ` մաս կազմելու համար ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան, ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը«Ազատամարտ» շաբաթաթերթին:
Իր ազգային-քաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ: Ան ցմրուր ճաշակեց փախստականի` թաքստոցային պայմաններու մէջ խմբագրական իր աշխատանքը շարունակողի դառնագոյն բաժակը 1915-ին, երբ ցեղասպան թրքական պետութիւնը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ յօշոտման ահաւոր ոճիրը: Մինչեւ 1916-ի մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ, երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ: Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ, եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 նոյեմբեր 1918, երբ զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ:
Այնուհետեւ սկսաւ Շ. Միսաքեանի խմբագրական առաքելութեան կարեւոր շրջաններէն մէկը, երբ ան զինուորագրուեցաւ գլխատուած պոլսահայ մտաւորականութիւնը վերաշխուժացնելու անխոնջ պայքարին` ստանձնելով «Ազատամարտ»-ի շարունակութիւնը եղող «Ճակատամարտ»-ի խմբագրական պատասխանատուութիւնը: Շաւարշ յաջողեցաւ նոր ուժեր յայտնաբերել եւ թերթին կապել` ընդհանրապէս կենսունակութիւնը վերադարձնելով պոլսահայ իրականութեան: Իր այդ հանգամանքով ալ մասնակցեցաւ 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին:
1922-ին, քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ` 1924-ին, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց «Յառաջ» օրաթերթը:
Աւելի քան երեսուն տարի Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, «Յառաջ»-ի կողքին նաեւ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով` իբրեւ ՀՅԴ Բիւրոյի կամ ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
Յատկապէս հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը: Ռուբէն Զարդարեանի կողքին, Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական առոյգ լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ: Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդ հասցուցին իրերայաջորդ սերունդներու` Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս հայաշխարհի:
Հայ ժողովուրդի ազգային արժանաւորութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժումին գաղափարական ու բարոյական աւանդներուն երդուեալ պաշտպանը հանդիսացաւ: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի հանգանակը` եռագոյնով, զինանշանով եւ «Մեր Հայրենիք»-ով, կիզակէտը դարձուց ամբողջ սերունդներու անխառն պաշտամունքին: Ազգային անառարկելի այդ արժէքներուն ուրացման բոլոր փորձերուն եւ փորձութիւններուն դէմ յատկապէս բուռն եղան Շ. ստորագրութեամբ իր ակնարկները, գաղափարական խարազանումի իր էջերը:
Իրաւամբ ազատախոհ հայ հրապարակագրութեան դաշնակցական վարպետը կը հանդիսանայ Շաւարշ Միսաքեան, որուն դէմքին ու վաստակին ոգեկոչման նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը կ՛արժէ կեդրոնացնել յատկապէս մայրենիի ազատագրութեան ի խնդիր, տասնամեակներ շարունակ, Շ.ի մղած հետեւողական պայքարին վրայ:
Հայ լեզուն օտարամուծութիւններէ մաքրազտելու, անաղարտ պահպանելու եւ, ժամանակին համընթաց, անխուսափելի պատուաստումներով հարստացնելու ազնուագոյն կիրք մը մղիչ ուժը դարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի յիսնամեայ հրապարակագրական վաստակին: Հաւասարապէս թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛ արեւելահայերէնի բիւրեղացման պայքարին` հայոց մայրենիի ազատագրութեան ու անկախութեան գաղափարական հանգանակին զինուորագրուեցաւ եւ մինչեւ վերջին շունչ արթուն հսկեց յառաջամարտիկի դիրքերուն վրայ:
Եւրոպական լեզուներէն ու ռուսերէնէն ներմուծուած օտարաբանութեանց դէմ իր մղած անխոնջ պայքարին կողքին, Շ. կատաղի կռիւ մղեց յատկապէս թուրքեւթաթար ոճաբանութեամբ լեզուական ստրկամտութեան եւ աղճատումներուն դէմ: «Յանուն լեզուի անկախութեան» խորագրով յօդուածաշարք մը կտակեց մեր ժողովուրդին, որպէսզի հետագայ մեր սերունդները չկրկնեն անարդարանալի սխալը մեր հայրերուն:
aztagdaily.com/archives/425111