ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ – Հայաստան-Չինաստան Յարաբերութիւններու Մարտահրաւէրները

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

երջերս Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ծայր առած հակաչինական ցոյցերը այս հարցով զգուշացում մը պէտք է ըլլան Հայաստանին: Պիշքեքի ցոյցերը կը հետապնդէին երեք նպատակ: Առաջին՝ կառավարութիւնը պէտք է քննէ չինական ընկերութիւններու օրինականութիւնը եւ անոնց գործելաոճին մէջ թափանցիկութեան պակասն ու փտածութեան տարածումը: Երկրորդ՝ արգիլել չիներուն տալ խըրխըզական քաղաքացիութիւն, որովհետեւ խըրխըզները մտահոգուած են, որ իրենց երկրին ժողովրդագրական պատկերը կրնայ փոխուիլ ի նպաստ չիներուն: Վերջապէս, ցուցարարները պահանջեցին, որ կառավարութիւնը վերջ դնէ Չինաստանէն հսկայական գումարներով պարտքեր առնելուն: Նշենք, որ 2017ին Խըրխըզիստանի կառավարութիւնը 6.307 չին աշխատաւորներու տրամադրեց մէկ տարուան գործի արտօնագիր եւ այս թիւը 2018ին բարձրացաւ 7.210ի («Եուրէյժիանեթ», 17 Յունուար 2019):

Վերջերս արդէն իսկ զգալի է չին աշխատաւորներու մուտքը Հայաստան, ուր անոնք սկսան կառուցել բաւական երկար սպասուած «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհը, որ Իրանը Հայաստանի միջոցով պիտի կապէ Վրաստանին:

Ըստ քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեանին, Չինաստանի հետ քաղաքական յարաբերութիւնը Հայաստանի համար կրնայ այլընտրանք ըլլալ «Ռուսիա կամ Արեւմուտք հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան»: Քաղաքագէտին համաձայն, Հայաստանի դէպի արեւելք ուղղուածութիւնը կրնայ առիթ հանդիսանալ՝ նուազեցնելու Երեւանի ենթակայութիւնը Մոսկուայէն («Ասիա Թայմզ», 14 Յունուար 2019): Սակայն այս յարաբերութիւնը ունի նաեւ մարտահրաւէրներ:

Երեւանի մէջ Չինաստանի կառուցած 40.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ դեսպանատունը (երկրորդ մեծագոյն դեսպանատունը՝ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ), ապա օգոստոսին՝ բացումը Չինական-հայկական բարեկամութեան դպրոցին, որուն ծախսը հասաւ 12 միլիոն տոլարի, եւ վերջերս Չինաստանի կողմէ հայկական բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնը կը հիմնաւորեն այն միտքը, որ Չինաստան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ իր ռազմավարական եւ տնտեսական յարաբերութիւնը զարգացնելով: Ուրեմն, Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքով կարեւոր տեղ կը գրաւէ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» չինական նախաձեռնութեան մէջ, որուն ընդմէջէն ան Չինաստանը պիտի կապէ Եւրասիոյ եւ Ափրիկէին: 2013-2016 Չինաստան հայկական բանակին տրամադրեց տարեկան 740.000 տոլար օժանդակութիւն, իսկ 2017ին այդ օժանդակութեան գումարը բարձրացաւ 1,5 միլիոն տոլարի («Ասիա Թայմզ», 14 Յունուար 2019):

Չինաստանը Հայաստանի առեւ-տրական երրորդ մեծագոյն գործընկերն է, առեւտուրի ցուցանիշը երկու երկիրներուն միջեւ բարձրացած է 41 առ հարիւրով: Ըստ Հայաստանի մօտ Չինաստանի դեսպանին յայտարարութեան, անցեալ տարի 7000 չին զբօսաշրջիկներ այցելած են Հայաստան («Նոյեան Տապան», 17 Յունուար 2019): Չինական ընկերութիւններ նաեւ կատարեցին մօտ 500 միլիոն տոլարի ներդրումներ՝ Հայաստանի երեք հանքերու մէջ («Արմինիըն Ուիքլի», 3 Յունուար 2019): Հայաստան նաեւ այն մտավախութիւնը ունի, որ Փաքիստանի կամ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն նման՝ ինք եւս մխրճուի չինական հսկայական պարտքերու մէջ, եւ ասոր արդիւնքը ըլլայ Չինաստանի քաղաքական տիրութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան հաշուոյն: Օրինակ՝ 2016ին հայկական կողմը 78 թայուանցի քաղաքացիներ արտաքսեց Չինաստան: Անոնք, ըստ չինական կողմին, խարդախութեամբ կասկածուած էին: Ասիկա դիւանագիտական բողոքի ալիք բարձրացուց Թայուանի կողմէ («Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւն, 8 Սեպտեմբեր 2016): 2015ին, երբ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելեց Փեքին, ան խոստացաւ ոչ մէկ յարաբերութիւն հաստատել Թայուանի հետ եւ պաշտպանել Չինաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը («Ասիա Թայմզ», 14 Յունուար 2019):

Չինական «Սինօ Հայտրօ» ընկերութիւնը ներկայիս կը կառուցէ «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհը, եւ անիկա ամբաստանուած է մարդոց իրաւունքները խախտելու եւ զանոնք չարաչար օգտագործելու յանցանքներով: Վերջապէս, Հայաստանի արտաքին պարտքէն 340 միլիոն տոլարը կը պատկանի չինական ընկերութիւններու, եւ մօտիկ ապագային Հայաստան դժուարութեան պիտի մատնուի՝ վերադարձնելու այս գումարը («Արմինիըն Ուիքլի», 3 Յունուար 2019):

Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան պէտք է օգտուի Չինաստանի տնտեսական ու ռազմական վերելքէն եւ ներդրումային ու ռազմական օժանդակութենէն: Սակայն միշտ հաշուի պէտք է առնել, որ միջազգային յարաբերութեան մէջ ոչ մէկ բան «պարապ ափսէով» կը հրամցուի: Չինաստանի համար Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր է ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ նաեւ Հայաստան կղզիին՝ իսլամական եւ թրքական ովկիանոսին մէջ գոյատեւումը Չինաստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ապահովութիւն կը ներշնչէ թրքալեզու անջատողականութեան դէմ դնելու իմաստով:

Yeghia.tash@gmail.com

asbarez.com/arm/336128/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail