Պոլսահայ Գործիչ Հայկօ Պաղտատը Վիրաւորած Փրոֆէսըրին Դէմ Դատական Հայցը Մերժուած է

29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Թրքական դատարանը մերժած է պոլսահայ յայտնի լրագրող, գրող եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատը «սուրի աւելցուկ» անուանած թուրք փրոֆէսըրին դէմ ներկայացուած հայցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով gazeteduvar.com.tr-ը։

Նշուած հայցը դատարան ներկայացուցած Թուրքիոյ «Մարդու իրաւունքներու միութեան» (İHD) համանախագահ Էրեն Քեսքին յայտարարած է, որ իրենք պիտի բողոքարկեն դատարանին վճիռը։ Քեսքինի խօսքով՝ նման որոշում կայացուցած դատաւորը ինքը դարձած է մեղադրեալի յանցակիցը։

Հայկօ Պաղտատ, Twitter-ի իր էջին, Դեկտեմբեր 6-ին կատարած գրութեան մը մէջ նշած էր, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն պէտք է դատարանի առաջ կանգնի։ Անկէ ետք՝ պոլսահայ գործիչը բազմաթիւ սպառնալիքներ սկսած էր ստանալ։ Իսկ Թուրքիոյ Պոլուի համալսարանի փրոֆէսըր Եահեա Մուսթաֆա Քեսքին՝ Հայկոյի արձանագրութեան մեկնաբանութիւններուն մէջ զինք «սուրի մնացորդ» անուանած էր։

Նշենք, որ այդ արտայայտութեամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՝անուանէին այն ժողովուրդները, որոնց երկիրը գրաւած էին իսլամները, բայց բնակչութիւնը խնայած, չէին կոտորած: Յետագային այդպէս սկսան անուանել նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածները։

yerakouyn.com/2019/01/29/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail