Խոր ցաւով կը գուժենք՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի անդամ

29.I.2019 – «Սփիւռք» պարբերաթերթ – Լիբանան:

Խոր ցաւով կը գուժենք՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի անդամ, կազմակերպութեան ռազմական բաժնի պատասխանատուներէն, Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի գետիներուն վրայ զինեալ գործողութիւններու գծով պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած՝ ընկեր Վարուժան Կարապետեանի մահը:

Ընկեր Վարուժան Կարապետեան, 17 տարի Ֆրանսայի մէջ բանտարկուելէ ետք, 2001 թուականին ազատ արձակուելով հաստատուեցաւ իր երազած հայրենի հողին վրայ, Հայաստանի մէջ, ուր կազմեց իր ընտանեկան բոյնը եւ լծուեցաւ հայրենանուէր աշխատանքի:
Անոր անժամանակ մահը, ծանր եւ անփոխարինելի կորուստ մըն է իր ընտանիքին, հարազատներուն, պայքարի ընկերներուն եւ համայն հայութեան համար:

Հայրենի հողը, որուն համար ան պայքարեցաւ, որ պիտի ծածկէ իր տանջահար մարմինը, թող պահէ իր յիշատակը մինչեւ ժամը ամբողջական Հայաստանի կերտման, որպէսզի սասունցիի զաւակ Վարուժանի ազատատենչ հոգին, անոր երկնակամարին, ազատագրուած հայրենիքի լեռներուն եւ դաշտերուն վրայ ճախրէ յաւիտեան:

Պէյրութ՝ 29 Յունուար 2019

Հայկական Ժողովրդային Շարժում
Լիբանանի Կառոյց

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail