29 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
1879 թուականի Մարտ 19-ին, զանգեզուրեան ջինջ երկնակամարին տակ, յաղթականօրէն կը շողար արեւը` սպասելով մինչեւ հայոց մամիկները, թեքուած նորածինի գլխուն, պարուրեն զինք: Թէեւ ծնողները Սերգէյ կոչեցին զայն, բայց ի վերուստ նշուած էր, որ Արամ անունը պիտի գտնէր իր իսկական տէրը առաւել գեղեցկանալու, յաղթականօրէն շողալու մինչեւ այսօր` անկէ դեռ շատ երկար:
Արամ ընդամէնը 11 տարեկան էր, երբ Շուշիի դպրոցին մէջ սէր ու յարգանք կը վայելէր իբրեւ արտակարգ կարողութիւններով օժտուած աշակերտ: Այնուհետեւ, իր ազգասիրական գաղափարներով, ան ուշադրութիւն կը գրաւէ Երեւանի թեմական դպրոցին մէջ: Ազգամիջեան յախուռն յարաբերութիւններու օրերուն՝ Արամ հանգիստ չէր կրնար մնալ. Կ՝անցնի Կարսի շրջան, ուրկէ խառն ու դաժան իրավիճակի մէջ զէնք ու զինամթերք կը փոխադրէ Երկիր, խումբեր կը կազմէ Երկիր մտցնելու համար, քանի որ շուտափոյթ օգնութիւն պէտք էր Սասունին: Աւա՜ղ, շատ ուշ էր… Սասունը ինկած էր…
Մնալով հաւատարիմ իր ազգին ու գաղափարներուն` Արամ կ՝որոշէ մեկնիլ Վան, ուր կը սկսի անոր գործունէութիւնը Վասպուրականի մէջ: Այստեղ, իբրեւ հայութեան ոգեւորիչ ուժ, անոր միտքն ու հոգին զբաղած էին դպրոցով, մամուլով, երիտասարդութեան ու ազգային յարաբերութիւններու խնդիրներով: Երբ նենգ դաւադրութեան զոհ կը դառնան մանկութեան ընկերներ Իշխանն ու Վռամեանը, Արամ, յոյսը դրած սեփական գաղափարներուն եւ բազուկներուն վրայ՝ կ՝աշխատի փրկել Վանը…
Պատմութեան քաջ յայտնի է Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն հինքին քաջ արծիւի պէս կը թեւաբախէ Արամը: Վասպուրականը Արեւմտահայաստանի միակ փրկուած հատուածն էր, ուր Արամ ստեղծեց հայոց հանրապետութիւն, որ գոյատեւեց 70 օր:
Անկէ ետք, Արամ Արարատեան դաշտի մէջ անանցանելի պատնէշ ստեղծեց հակառակորդին դէմ: Բնաւեր հայոց արեան հոտը ռունգերուն մէջ` հակառակորդը հասած էր մինչեւ այնտեղ, բայց երերաց, քանի որ կար Արամը: Անշուշտ, Սարդարապատի յաջողութիւնը նաեւ զօրավարներու եւ զինուորներու յաջողութիւնն էր, բայց եւ անոնց կողքին իր խորհուրդներով կանգնած էր Արամը: Երեւանի Ազգային խորհուրդը՝ Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ՝ կռուողները կ՝ապահովէր պարէնի ու զինամթերքի պաշարներով, կռուողներու նոր ջոկատներով: Արամ` բազմաթիւ պարագաներու իմաստուն կազմակերպիչը, դարձած էր Արարատեան երկրի ոգին: Անոր արծուային մտքի թռիչքը եւ լեռնացող ոգին պատնէշած էին այն միտքը, թէ 1918 թուականի գարունը կրնար վերջինը ըլլալ հայոց համար:
Աւա՜ղ, 1919 Յունուարին այն համաճարակը, որմով կը տառապէր իր ժողովուրդը, կը խլէ նաեւ անոր սիրելի հերոսի կեանքը, եւ ժողովուրդը՝ չամչնալով իր արցունքներէն՝ երկիւղածօրէն քաջ Արամը հողին կը յանձնէ Մասիսներու յաւէրժական հայեացքին ներքոյ:
Անուրանալի է Ա. Մանուկեանի աւանդը 20-րդ դարասկիզբի հայոց պետականութեան վերականգնման գործին մէջ:
Աւելի քան 500-ամեայ ընդմիջումէ ետք` 1918 Մայիս 28-ին, հայութեան վերջին բեկորներու` դարաւոր թշնամիի դէմ մղուած հերոսական մաքառման իբրեւ արդիւնք՝ վերընձիւղուեցաւ հայկական պետականութիւնը:
1918 թուականի Մայիս 28-ին արտասանած անոր կոչը տակնուվրայ ըրաւ թերահաւատութեան, կասկածամտութեան, յուսահատութեան ճիրաններուն մէջ շնչահեղձ եղող հայոց հոգիները եւ մարտի կոչեց բոլորը: Ան կարծես անտես ձեռքով մը պատռեց անորոշութեան շղարշը եւ անխնայ ճշմարտութեամբ ցոյց տուաւ Հայաստանի իրական պատկերը, որ բանաստեղծութեան եւ արձակի մէջ Երկիր Նայիրիի խորհրդանիշով ցոյց տուած էին Չարենցն ու Տէրեանը: Հոգեւոր Հայաստանի ոգին կը խօսէր Արամի ձայնով, որուն ատաղձը անվերջ հոգեւոր, մշակութային արժէքներու արարման եւ միեւնոյն ազգային նպատակի շուրջ համախմբուելու հերոսութեան մէջ էր: Այն նպատակին, որ պիտի իրականանար մեր եւ միմիայն մեր ջանքերով: Ով կ՝ապաւինի ուրիշի գթասրտութեան, ան կը կայացնէ իր մահուան դատավճիռը: Այս էր այն խտանիւթը, որմով միշտ կենսունակ էր Արամ Մանուկեանի ազգային գաղափարախօսութիւնը:
Օտար տէրութիւններուն ապաւինող հայ ազգային ուժերուն ան ըսաւ այժմ արդէն մարգարէութեան լուսապսակով ամփոփուած իր հանճարեղ խօսքերը. «Ամէն ոք իր մասին կը մտածէ: Իր երկրի սահմաններէն այն կողմ եթէ նայող կայ, կը նայի միայն յանուն իր շահի: Ոչ ոք ոչ մէկ մարդ կ՝ուղարկէ տաճկական ճակատ` տուն գացող ռուսը փոխարինելու համար: Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք ալ կ՝ըլլայ, ատիկա խօսք է` զուրկ իրական հիմքէ ու անկեղծութենէ: Հայերով ոչ ոք կը հետաքրքրուի` շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Ատոր հակառակ կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մինակ ենք ու պէտք է ապաւինինք միայն մեր ուժերուն` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ ու կանոն հաստատելու համար»:
Մայիս 28-ի իր յայտնի կոչը ան աւարտեց հետեւեալ խօսքերով. «Անխնայ պատժի ու պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին բոլոր դասալիքները, պրովոկատորները եւ ժողովուրդի բոլոր թշնամիները: Ցոյց տանք աշխարհին, որ հայը ազատ, անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Այժմ, կամ՝ երբեք»:
Յիրաւի կան անուններ, որոնք դարակազմիկ արժէք կը խտացնեն, եւ խօսիլ այդ անուններուն մասին` կը նշանակէ մտովի ընդգրկել պատմական ամբողջ ժամանակաշրջան մը` ներառելով ողջ ժողովուրդի մը պատմութիւնը:
Խօսելով անոր կեանքի ու գործի մասին` մենք կամայ թէ ակամայ կը բանանք հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ դարաշրջանի մը համայնապատկերը, որ լի է ամենաողբերգական, ամենադրամատիկ եւ ամենահերոսական էջերով: Թէեւ, եթէ փորձենք գտնել հայ ժողովուրդի պատմութեան որեւէ ժամանակաշրջան, որ չ՝ամփոփեր այդ երեք էջերը միաժամանակ, դժուար թէ յաջողինք: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ամբողջութեամբ հունցուած է ողբերգութեան եւ հերոսականութեան շաղախէն:
Սակայն, 20-րդ դարու սկիզբը, կարծես կտրուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ երկար շղթայէն` դառնալով ամենաճակատագրականն ու հերոսականը բոլոր հազարամեակներու երթին մէջ:
Միշտ ալ տեղին է յիշատակել Մեծ Եղեռնի ողբերգական դէպքերը, ցաւալի վիճակագրութեան ու պատմական անարդարացի զարգացումներուն վերաբերող աղաղակող փաստերու տեսութիւնն ու վերլուծութիւնը:
Տեղին է յիշատակել նաեւ այն պատճառով, որ միանգամայն անհնար է անդրադառնալ 20-րդ դարասկիզբի որեւէ հայ մեծանուն զաւակի կեանքի եւ գործունէութեան գնահատման` շրջանցելով Մեծ Եղեռնի անխուսափելի գոյութիւնը ժողովուրդի, անոր իւրաքանչիւր անհատի, հասարակ հայ մարդու կեանքին մէջ: Հայոց Մեծ Եղեռնը ներծծուած է մեր իւրաքանչիւրի արեան բջիջներու բաղադրութեան մէջ` իբրեւ ցաւ եւ իբրեւ վեր յառնելու խորհրդանիշ:
Սակայն այսօրուան խորհուրդը ամփոփուած է Եղեռն վերապրած հայ ժողովուրդի պանծալի զաւակներէն մէկուն` Արամ Մանուկեանի կեանքին եւ գործին հանդէպ երախտիքի եւ խոնարհումի բացառիկ ինքնատիպ դրսեւորման մէջ:
Արամ Մանուկեանի անունով այսօր կը կոչուին դպրոցներ, փողոցներ, սակայն անոր մեծութեան իսկական, մեծ չափերը մինչեւ այսօր դեռ հասու չեն ժողովուրդի աւելի լայն շրջաններու գիտակցութեան, դեռ ամբողջութեամբ պարպուած չէ 70 տարիներու այն դատարկութիւնը, որուն մէջ ապրեցան Արամ Մանուկեանի եւ անոր նմաններու անուններն ու գործը, դեռ փառաբանական ձօնով լեցուած չէ այն մեծ լռութիւնը, ուր արգիլուած էր անգամ հնչեցնել անոնց անունները:
Արամ Մանուկեանը միանշանակ կը համարեն Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր, եւ ասով ամէն ինչ ըսուած է անոր մասին: Եթէ իսկապէս հնարաւոր է մարդու մը անուան հետ կապել 500 տարիներու ընթացքին ամբողջ ժողովուրդի մը բազում սերունդներու գուրգուրած ու անոր արիւնով շաղախուած ազգային ձգտումներու իրականացման այն կազմաւորումը, որ կոչուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն, ուստի այդ մարդը իրաւամբ պիտի ըլլայ Արամ Մանուկեանը, որ եղաւ անկախութեան գաղափարի մեծագոյն դէմքը, ազգային գաղափարներու իրականացման եւ պատմական դէպքերու վրայ ամենամեծ ազդեցութիւն ունեցող հայորդին, իր ժողովուրդի երազանքի ոգեկոչողն ու նահատակը, մարդ, որուն մեծագոյն երախտիքին, սակայն, մենք արժանին դեռ չենք հատուցած:
Արամ Մանուկեան պետական այր էր եւ երկու գերագոյն արժէք ունէր կեանքի ու գործունէութեան մէջ` պետութիւն եւ ժողովուրդ:
Նորանկախ հանրապետութեան` Յովհաննէս Քաջազնունիի ղեկավարած կառավարութեան կազմին մէջ, Դաշնակցական Արամ Մանուկեանը, ստանձնելով ներքին գործերու նախարարութեան ղեկավարումը, համոզուած էր` ներքին գործերու ուժեղ համակարգը ուժեղ պետութեան անկիւնաքարն է, ուժեղ պետութիւնը` ժողովուրդի ապահովութեան ու բարօրութեան գրաւականը:
Ներքին գործերու նախարարութեան առաջնային խնդիրներն էին` պայքարը աննախադէպ չափերու հասած յանցաւորութեան դէմ, երկրում կարգ ու կանոնի, ներքին կայունութեան եւ անդորրի հաստատումը:
Ներքին գործերու մարմինները, կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ յաջողեցան տարրական կարգ ու կանոն հաստատել երկրին մէջ` ապահովելով քաղաքացիներու կեանքի եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը: Քիչերը այսպիսի յստակութեամբ կը պատկերացնէին իրաւակարգի եւ ներքին կայունութեան պահպանման կենսական նշանակութիւնը, որքան Արամ Մանուկեանը, որ միանշանակ գիտէր` այդ խնդիրը կրնայ լուծել միայն նուիրեալ եւ գործի գիտակ աշխատակիցներով համալրուած իրաւապահ կառոյցը:
Ներքին գործերու նախարարէն կը պահանջուէին բացառիկ ձեռնարկումներ ու քայլեր, եւ Արամ Մանուկեանը կրցաւ կատարել խնդիրը:
Այս քաջորդիի սխրանքին պարտական ենք մեր 500-ամեայ երազանքի իրականացման համար, այն ոգիին համար, որ ան ներշնչեց իր զինակիցները, ամբողջ հայ ժողովուրդը` անհաւատալի թուացող մեր յաղթանակի` Սարդարապատի հերոսամարտի ժամանակ:
«Հայրենիքները կ՝ապրին հայրենասիրութեամբ եւ կը կործանուին անոր պակասէն»,- այսպէս պատգամած է մեզ մեր միւս դիւցազունը` դիւցազուններու զարմէն Գարեգին Նժդեհը: Արամ Մանուկեանի հայրենասիրութիւնը կը կանգնէր աւելի հզօր բանակներու դէմ, եթէ օրհասը այդպէս պահանջեր, կը կանգնէր եւ թշնամիին չէր տար հայրենիքի մէկ թիզ հողը անգամ:
Արամ Մանուկեան ապրեցաւ ընդամէնը 40 տարի, ճիշդ այնքան, որքան Չարենցը, Բակունցը, Տէրեանը: Սակայն այն գործը, որ ան հասցուց ընել իր եւ իր ժողովուրդի համար փոթորկայոյզ այն ժամանակահատուածին, որ պատմութեան մէջ մտաւ Առաջին Հանրապետութիւն փառապանծ անունով, այսօր դժուար է միանշանակ գնահատել:
Ան հոյակապ, հմայիչ, հզօր ու կախարդիչ դէմք մըն էր, որ եկաւ եւ գնաց պայծառ ու փայլուն ասուպի նման: Մնաց մեր այն համոզումը, որ Արամ կը նշանակէ Յաղթանակ:
Ֆելիքս Բախչինեան
Հայաստանի «Ֆրիտէոֆ Նանսէն» հիմնադրամի նախագահ, գրող
yerakouyn.com/2019/01/29/